«ՀՅԴ ԳՄ-ն կազմել է մի ծաւալուն փաստաթուղթ՝ երկրում հաստատուած արտակարգ իրադրութեան վիճակից բխող քայլերի մասին»․ Իշխան Սաղաթելեան
«Մենք, գործնականօրէն գնահատելով իրավիճակը, և այն մարտահրաւէրները, որ կան մեր երկրի առջև մեր աջակցութիւնն ենք յայտնել և գործնական քայլեր արել այդ ուղղութեամբ»՝ ըստ Yerkir.am-ի ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանը Մարտ 24-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Ան յայտնեց նաեւ, որ ՀՅԴ-ի կողմէ Հայաստանի կառավարությեան փոխանցուած է արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ իրականացման ենթակայ միջոցառումներու վերաբերեալ առաջարկութիւնները։
https://www.youtube.com/watch?time_continue=1&v=YOcB_qqjmcc&feature=emb_logo
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կազմած է քաղաքական եւ մասնագիտական ծաւալուն փաստաթուղթ մը` երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ իրադրութեան վիճակէն բխող քայլերու մասին։ Ան յիշեցուց, որ ՀՅԴ Գերագոյն միամինը տակաւին 14 Մարտին իր մասնագիտական յանձնախումբերուն կողմէ ներկայացուցած էր մասնագիտական գնահատական, գործողութիւններու ծրագիր. անկէ ետք ՀՅԴն յայտարարութեամբ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած էր իր ամբողջ ուժը եւ կարողականութիւնը դնելու ստեղծուած իրավիճակին մէջ երկրի առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար: Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրօն:
Սաղաթէլեան ըսաւ, որ այս օրերուն, երբ երկիրը կը գտնուի ծանր կացութեան մէջ, Դաշնակցութեան համար առաջնահերթը կարելիութիւններու մէկտեղումն է՝ մարտահրաւէրները լուծելու համար:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան իր կարգին ըսաւ, որ իրավիճակին վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ համավարակին դէմ կրնանք պայքարիլ միայն կառավարչական հմտութիւններու գործադրութեամբ, իրական ժամանակահատուածի մէջ բազմաթիւ, այդ կարգին նաեւ ցաւոտ որոշումներ տալով։ Ըստ անոր՝ կ՛ապրինք ծանր պայմաններու մէջ եւ որոշումները պէտք չէ ըլլան ամբոխահաճոյ:
««Քորոնա» ժահրին տնտեսական հետեւանքների չէզոքացման միջոցառումները, որոնք ներկայացուել են հաշուի չեն առնում իրավիճակի խորքային խնդիրները եւ պատճառահետեւանքային շղթայի թիւր վերլուծութեան արդիւնք են: Մենք պէտք է կարողանանք պայքարել գալիք տնտեսական ճգնաժամի ոչ թէ հետեւանքների, այլ պատճառների դէմ, իսկ պատճառը «Քորոնա» ժահրն է», ըսաւ Խաչատրեան:
Ան նկատել տուաւ, որ տակաւին չեն կրնար ըսել, թէ որքան պիտի տեւէ համավարակը, ինչ հետեւանքներ պիտի ունենայ Հայաստանի եւ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ, հետեւաբար, պատրաստ լուծումներ առաջարկելը ժամանակավրէպ է:
«Չենք կարող մի կողմից ասել`մնացէք տանը, ինքնամեկուսացուէք, դրանով կանխելով վարակի տաածումը, միւս կողմից ասենք`իսկ ի՞նչպէս ենք պիզնեսը խթանում: Պիզնեսի խթանումը ենթադրում է կեանքի աշխուժացում, պիզնեսի աշխուժացում: Այս երկուսը միասին չեն կարող լինել, հետեւաբար մեր խնդիրն է երկիրը բերել, պայմանականօրէն ասած, նուազագոյն ուժանիւթի խնայողութեան դրութեան, ապահովել քաղաքացիների ու պետութեան անվտանգութիւնը եւ լուծել բնակչութեան առջեւ ծառացող կենսական ընկերային խնդիրները:
«Կառավարութիւնը պէտք է գործուն քայլեր ձեռնարկի` նուազագոյնի հասցնելու քաղաքացիների եւ փոքր տնտեսվարողների ուսերին ընկած ծանրութիւնը եւ հնարաւոր կորուստները: Միաժամանակ ձեռնպահ մնալ այնպիսի քայլերից, որոնցից հերթական անգամ կը շահեն շուկայում գերիշխող դիրքեր զբաղեցնող ձեռնարկութիւնները, ինչպէս նաեւ ֆինանսական կազմակերպութիւնները», ըսաւ Արթուր Խաչատրեան:
Ան ընդգծեց, որ իրավիճակը կայունացնելէ ետք միայն կարելի է շուկայի աշխուժացման ուղղուած միջոցառումներ իրականացնել:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի՝ ներկայացուած փաստաթուղթը կ’ընդգրկէ շուրջ 50 նախաձեռնութիւն: Այս իրավիճակին մէջ մեզի համար կարեւոր է ազգաբնակչութեան առողջութեան պահպանումը: Այս ծիրին մէջ գոյատեւումը կը դառնայ առաջին կարեւորութեան գործողութիւն, որուն ուղղութեամբ իշխանութիւնները պարտաւոր են քայլերու ձեռնարկել, այլ ոչ թէ մտածել այն միօրինակ (ստանդարտ) իրավիճակի նման, թէ անհրաժեշտ է տարբեր ուղութիւններով ինչ որ զարգացումներ ապահովել: Ատիկա կեղծ կը թուի։
Ըստ Մինասեանի` եթէ բնակչութեան վտանգ կը սպառնայ, կը նշանակէ առաջին հերթին իշխանութիւնը պարտաւոր է այդ վտանգը կանխարգիլելու եւ երաշխաւորելու քաղաքացիներուն գոյութիւնը:
Գերագոյն մամինի անդամը չուզեց որոշ հարցեր շատ մանրամասնել` մարդոց մօտ խուճապ տարածելէ խուսափելու համար:
Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ այս փաստաթուղթը ներկայացուած է` նաեւ մեկնելով կառավարութեան ու վարչապետին` «Քորոնա» ժահրի տնտեսական հետեւանքներու մեղմացման միջոցառումներէն. «Այս առաջարկը ներկայացուել է այն նպատակով, որ կանխուի այն ոչ համաչափ գործողութիւնը, որը կառավարութիւնը մտածում է ձեռնարկել: Մասնաւորապէս խօսքը գնում է այն մասին, որ դրամատուներին լրացուցիչ ֆինանսական միջոցներ է տրամադրւում, եւ անունը դնում են, թէ իբր օգնում են մարդկանց, մինչդեռ ուղիղ հակառակն է տեղի ունենում: Օժանդակութիւնը պէտք է տրամադրուի մարդկանց, այլ ոչ թէ դրամատուներին կամ ֆինանսական միջնորդներին», ըսաւ Մինասեան:
Երկրորդ կարեւոր հարցը, ըստ Արծուիկ Մինասեանի, այն է, որ ուտելիքը, դեղորայքը եւ վառելիքի պաշարները առաջին անհրաժեշտութիւն են, եւ ռազմավարական նշանակութեան մեր պաշարներու համալրման ուղղութեամբ պէտք է ամէն ջանք գործադրուի:
«Այս փաստաթուղթով ակնկալում ենք, որ այդ պաշարների համալրման առնուազն 6ամսեայ դրութիւն պէտք է ապահովենք, որպէսզի վստահ լինենք մեր քաղաքացիների նուազագոյն կենսապայմանները երաշխաւորելու ուղղութեամբ: Միւս խնդիրը այն է, որ այս պահուն, դրամատուներն ու վարկային կազմակերպութիւնները տարբեր ձեւերով փորձում են մասնակցել գործընթացին, սակայն չկայ միասնական մօտեցում ի շահ շատ ձեռնարկութիւնների, որոնք վարկառուներ են կամ քաղաքացիներ: Խօսքը ամենեւին կազմակերպութիւնների անհամաչափ վնաս պատճառելը չէ, այլ այն, որ այս արտակագ վիճակը պարտադրում է նաեւ արտակարգ միջոցառումներ: Վնասը կրելու են բոլոր կողմերը: Պետութիւնը պէտք է իր պաշարները ուղղի խոցելի խմբերին` պաշտպանելու իրենց նուազագոյն կենսագոյութիւնը», յայտնեց դաշնակցական գործիչը:
Ասիկա է պատճառը, ըստ Մինասեանի, որ առաջարկներու էական մասը կը վերաբերի իրաւունքներու պաշտպանութեան այն քաղաքացիներուն եւ տնտեսվարող այն կառոյցներուն, որոնք անհրաժեշտութիւն ունին այս փուլին առնուազն չկրելու անհամաչափ վնասներ, երաշխաւորելու քաղաքացիներուն կենսական ապահովման նուազագոյն պիւտճէի չափով գումարի տրամադրում: «Այն յատկապէս վերաբերում է աշխատող այն քաղաքացիներին, որոնք այս արտակարգ դրութեան պատճառով չեն կարողանում այցելել աշխատավայրեր եւ հետեւաբար այստեղ արդէն պետութեան պարտաւորութիւնն է երաշխաւորել այս նուազագոյն կենսաապահովման պիւտճէի հասանելիք գումարի տրամադրումը: Սա չպէտք է մնայ միայն գործատուների եւ աշխատողների վրայ:
«Պետութիւնը, որպէս պետութեան պատասխանատու, պէտք է շատ յստակ ցուցաբերի իր մօտեցումը», նշեց Ա. Մինասեան:
Մինասեան յայտնեց, որ սկզբունքային նշանակութիւն ունի պետական պարտքի հարցը: Հայաստան ունի զգալի արտաքին պարտք եւ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ իրենց յորդորը եւ պահանջը, նկատի ունենալով համավարակի համաշխարհային բնոյթը, սկսիլ նաեւ վարկատու կազմակերպութիւններու հետ բանակցութիւններու գործընթաց` սառեցնելու արտաքին պարտքի մարումը. «Սա ոչ միայն անհրաժեշտութիւն է, այլեւ միջազգային ընդունուած մօտեցում: Սա կ’օգնի երկրում պահել մեր արտարժոյթային պաշարները եւ կարեւորագոյն խնդիրներ լուծել», ընգծեց ՀՅԴի անդամը:
ՀՅԴ գործիչը նաեւ անդրադարձաւ կրթական, փոխադրութեան, ելեւմտական համակարգերու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց նկատմամբ Դաշնակցութեան մօտեցումներուն, որոնք ամբողջութեամբ տեղ գտած են թղթածրարին մէջ։