Շաւարշ Քրիսեանի Կիսանդրիի Բացումէն Ետք` ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի Պաշտօնական Բացում` Երեւանի Մէջ

երկուշաբթի, 14 հոկտեմբերի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկի «Արարատ» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ  Վազգէն եպս. Միրզախանեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի, Գերագոյն մարմինի անդամ Միքայէլ Մանուկեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, ՀՄԸՄ-ի ներկայ եւ նախկին Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամներու եւ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովի մասնակից ՀՄԸՄ-ականներու:

Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամ Սանտրա Վարդանեան:

Հանդիսութեան առաջին խօսքը արտասանեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Վազգէն եպս. Միրզախանեան: Ան ընթերցեց Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին յղուած Գարեգին Բ. կաթողիկոսին խօսքը, ուր ան կը հաստատէր, որ «մէկ դարէ ի վեր հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը իր նուիրեալ առաքելութիւնը կ՛արդիւնաւորէ` կրթելով մեր ժողովուրդին պատանի եւ երիտասարդ զաւակները, անոնց հոգիներուն մէջ զօրացնելով ազգանուիրումը եւ հայրենասիրութիւնը»:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ բարձրօրէն կը գնահատէր եւ մեծապէս կը կարեւորէր ՀՄԸՄ-ի նուիրեալ ծառայութիւնը երիտասարդութեան խնամքի գործին մէջ: Ան նաեւ բարի ընթացք կը մաղթէր ՀՄԸՄ-ի նոր, ազգօգուտ ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն:

Հանդիսութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին օրհնութեան գիրը ընթերցեց ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան: Օրհնութեան գիրին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կը հաստատէր, որ ՀՄԸՄ-ը սովորական իմաստով մարմնակրթական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ` առաքելութիւն է իր էութեամբ եւ նպատակով: «Մեր ազգային արժէքներու տարածման, հայակերտման ու հայապահպանման նուիրուած որեւէ կառոյց, նուիրական առաքելութեան մըն ալ լծուած է մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ», կը շեշտէր վեհափառ հայրապետը իր գիրին մէջ ու կը շարունակէր. «Այսպէս եղած է ՀՄԸՄ-ը հայ կեանքին մէջ ամէն տեղ. այս ոգիով ու նպատակասլաց յանձնառութեամբ սերունդներու դաստիարակութեան լծուած հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցի կողքին դառնալով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու պահապանը, ջահակիրն ու առաքեալը»:

Իր գիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս կը մաղթէր, որ Պատգամաւորական ժողովը ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան վերահաստատման եւ բոլոր ՀՄԸՄ-ականներու յանձնառութեան վերանորոգման առիթ մը կը հանդիսանայ:

Յաջորդ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան: Ան ողջունեց միութեան Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին Հայաստանի մէջ կազմակերպումը եւ նշեց, որ ՀՄԸՄ-ը վեհ արժէքներու եւ դաւանանքի վրայ հիմնուած կուռ կազմակերպութիւն մըն է, որ կամաւոր, յամառ ու անտրտունջ, անցաւ բիւր դժուարութիւններէ եւ վաստակեց պատիւ ու յարգանք, բերաւ սէր ու միութիւն եւ ծոցին մէջ տաք պահեց ազատ հայրենիքի երազն ու հայոց սուրբ Եռագոյնը:

Շարունակելով, Դաւիթ Յակոբեան յայտնեց, որ այսօր մենք կանգնած ենք ժամանակակից աշխարհի նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնք շատ են ու բազմաշերտ, ունին զանազան դրսեւորումներ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Թէեւ քիչ չեն նաեւ ընդհանուր խնդիրները եւ մտահոգութիւնները եւս: ՀՄԸՄ պիտի փորձէ գտնել եւ ճիշդ կերպով ձեւակերպել բազմաթիւ հարցերու պատասխանները, արժեւորել եւ վերլուծել մեր հասարակութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան դիմաց ծառացած խնդիրները, տեսնել անոնց խորքը եւ մշակել նոր, մեթոտապէս հարուստ ծրագիրներ, լուծման յստակ ուղիներ:

Այնուհետեւ, Պատգամաւորական ժողովի բացման հանդիսութեան ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը փոխանցեց Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան: Ան ըսաւ, որ Պատգամաւորական 12-րդ ընդհանուր ժողովը իւրայատուկ է իր կայացման ժամանակով: Քառամեայ գործունէութենէն անդին, հարկ է որ ժողովը հանգամանօրէն իր գնահատականը կատարէ հայկական իրականութեան մէջ խոր արմատներ նետած, ամենամարդաշատ, ամենատարածուած, ամենաժողովրդական եւ ամենաերիտասարդ միութեան մէկ դար հարուստ ու պատուաբեր անցեալի բազմաշերտ ու բազմածաւալ գործունէութեան: Ու այդ արժեւորումէն մեկնելով ճշդէ յառաջիկայ տասնամեակներու իր առաքելութեան ճանապարհը:

Ապա, ՀՄԸՄ-ի կապուած ակնկալութիւններուն մասին խօսելով, Յակոբ Խաչերեան յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ուղեկից այս միութիւնը, ինչպէս անցեալին, պիտի շարունակէ ժամանակակից աշխարհի յարափոփոխ պայմաններուն մէջ արժէքներ պահել, հաւատալ մեր դարաւոր արժեհամակարգին` ազգ, հայրենիք, լեզու, եկեղեցի, ընտանիք, աւանդութիւններ ու սրբութիւններ պահող կազմակերպական իր ու մեր ուժին:

Յակոբ Խաչերեան աւելցուց, որ ՀՄԸՄ-ը այսօր եւ յառաջիկայ մօտիկ տասնամեակներուն կը հանդիսանայ կազմ ու պատրաստ ա՛յն միութիւնը, որ կրնայ առաւելագոյն յաջողութեամբ անխորտակելի պատնէշներ ու պարիսպներ կառուցել համաշխարհայնացման մահացու վտանգին դիմաց (ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը տեսնել առանձին):

Հանդիսութեան Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ողջոյնի խօսքը ընթերցեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Խօսքը կը նշէր, որ իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ, սկաուտական խիտ շարքերով եւ մարզական խումբերով հարուստ այս միութիւնը է՛ ու կը մնայ հայապահպանման եւ հայակերտման կարեւորագոյն դարբնոցներէն մէկը: Հարիւրամեակի իր հարուստ փորձառութեամբ զինուած եւ հաւատարիմ իր առաքելութեան, ՀՄԸՄ կը շարունակէ քայլ պահել ժամանակին հետ, եւ 21-րդ դարու յարափոփոխ այս աշխարհին մէջ, հայրենիքի սահմաններէն ներս թէ դուրս, կը հանդիսանայ հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային ոգիի փոխանցման առաջնակարգ դրօշակակիրը:

Հանդիսութեան վերջին խօսքը փոխանցեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան:

Իր խօսքին սկիզբը, Մկրտիչեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովները միայն ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը հետաքրքրող իրադարձութիւններ չեն: ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովները համայն հայութեան ուշադրութեան արժանի հաւաքներ են, որովհետեւ անոնք կը համախմբեն Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի 23 երկիրներէ մեր ժողովուրդի ՀՄԸՄ-ական ներկայացուցիչները, որոնք լծուած են մեր նորահաս սերունդի մարդակերտման ու հայակերտման աշխատանքին:

Մկրտիչեան ընդհանուր ակնարկ մը նետեց միութեան վերջին քառամեակի աշխատանքներուն վրայ եւ կատարեց կարգ մը մատնանշումներ: Ան ըսաւ, որ նախորդ Պատգամաւորական ժողովէն` 2015 թուականէն ասդին երկարած ժամանակաշրջանը ՀՄԸՄ-ի պատմութեան համար եղաւ պատմական, որովհետեւ ան զուգադիպեցաւ միութեան 100-ամեակի փուլին: 100-ամեակը կազմակերպական, յարաբերական եւ քարոզչական զօրաշարժի մատնեց միութիւնը եւ նոր թափ ու մղում տուաւ անոր աշխատանքներուն:

Անցնող քառամեակին ՀՄԸՄ իր մասնաճիւղը ունեցաւ Արցախի մէջ: Ամրապնդեց եւ ընդարձակեց Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը եւ լայն զարկ տուաւ Մոսկուայի մասնաճիւղին աշխատանքներուն: Նաեւ, միութիւնը ունեցաւ 8 նոր միաւորներ եւ մասնաճիւղեր աշխարհի տարածքին, ինչ որ դրական երեւոյթ է ընդհանուր նահանջի, այլասերման եւ օտարացման մեր օրերուն:

Վերջապէս, նշեց Մկրտիչեան, ՀՄԸՄ-ի անցնող քառամեակը յատկանշական է, որովհետեւ միութեան սկաուտական եւ մարզական ճիւղերուն կողքին, ան ստեղծեց երկար տարիներէ ի վեր անհրաժեշտութիւն նկատուող միութեան երիտասարդական բաժանմունքը, նախ` Եւրոպայի երիտասարդութիւնը համախմբող Վիեննայի 2017-ի հաւաքով ու ապա` Աթէնքի 2019-ի երիտասարդական Ա. համագումարով:

Խօսքին աւարտին, Մկրտիչեան խոստացաւ անակնկալ մը ներկայացնել 100-ամեակի տարուան աշխատանքները ծանօթացնող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք: Անակնկալը եղաւ վաստակաշատ երեք ՀՄԸՄ-ականներու պարգեւատրումը միութեան բարձրագոյն` «Արժանեաց» շքանշանով:

Շքանշաններու եւ ներկաներու գնահատանքի ծափողջոյններուն արժանացան միութենական իրենց երկարամեայ ծառայութիւններով ծանօթ ՀՄԸՄ-ականներ` Հրաչ Սիսեռեան` Ֆրանսայէն, Մանուկ Քէօշկերեան` Սուրիայէն եւ Քարլոս Սէֆէրեան` Արժանթինէն: Վերջինը հանդիսութենէն բացակայ ըլլալով, շքանշանը փոխանցուեցաւ զաւկին:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին յաջորդեց պարգեւատրեալներու շնորհաւորութիւններ եւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք` յետմիջօրէին Պատգամաւորական ժողովի մասնակիցները մեկնեցան Ծաղկաձոր, ուր երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Մարիոթ» պանդոկի ժողովասրահին մէջ սկսան իրենց աշխատանքային նիստերուն, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ շաբաթ, 19 հոկտեմբեր:

Շաւարշ Քրիսեանի Կիսանդրիի Բացում

ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովի պաշտօնական բացումը կանխեց միութեան հիմնադիր երրորդութեան ռահվիրայ Շաւարշ Քրիսեանի կիսանդրիին բացումը` Հայաստանի ֆիզիքական կուլտուրայի եւ մարմնամարզի պետական հիմնարկի մուտքին` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի, հիմնարկի տնօրէն Դաւիթ Խիթարեանի, Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թոռան` տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանի, հիմնարկի դասախօսներէն Ռոլանտ Շառոյեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովի մասնակիցներու:

Բացման հանդիսութեան սկիզբը, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին նուագով, մուտք գործեցին Հայաստանի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի դրօշները, ապա խօսքեր արտասանեցին Ռոլանտ Շառոյեան, հիմնարկի տնօրէն Դաւիթ Խիթարեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան եւ քանդակի հեղինակ Դաւիթ Մինասեան:

Այնուհետեւ, կարմիր ժապաւէնի հատումէն ետք, տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց Քրիսեանի նորակերտ կիսանդրիին:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի 30-ամեակի Տօնակատարութիւն

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ժողովի նախօրեակին, կիրակի, 13 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ մեծաշուք հանդիսութեամբ մը նշեց ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի մէջ վերընձիւղման 30-ամեակը: Այս առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր տողանցք, սկաուտական աստիճաններու եւ պաշտօններու տուչութիւն, 30-ամեակի կրծքանշաններու եւ յուշանուէրներու փոխանցում` միութեան 30 տարուան երախտաւորներուն:

Հանդիսութեան խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան:

 

 

 

 

 

 

Share This Article

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.