Համաշխարհայնացում եւ ազգային մշակոյթ

 

 Համաշխարհայնացում բառը մեծ յաճախականութեամբ շրջագայող բառերէն մէկը եղաւ վերջին քառորդ դարուն ընթացքին: Համաշխարհայնացումը կարելի է սահմանել որպէս մարդկային հասարակութիւններու ընդհանուր համարկումը՝ երկրագունդի երեսին ապրող բոլոր ժողովուրդները ներառնելով:

Ինքնին հասկնալի է, որ համարկման այդ ձգտումը նոր երեւոյթ չէ: Ան մարդկային մեզի ծանօթ պատմութեան գլխաւոր հանգրուաններուն ուղղութիւն ցոյց տուող մղիչ ուժը հանդիսացած է, կարելի է ըսել ընդհանուր առմամբ կենդանական աշխարհին մէջ անսխալ կիրարկուող ինքնապահպանման սկզբունքէն բխող թելադրանքներուն հետեւելով: Անշուշտ միշտ նկատի առնելով նաեւ մարդկային նկարագրի որոշ յոռի յատկանիշները. ընչաքաղցութիւն, կեանքի շարունակականութիւնը երաշխաւորելու համար նիւթեղէն բարիքներու կուտակում, Ֆիզիքական ապահովութեան ու բնական վախի զգացումներէն յառաջ եկող իշխելու եւ տիրապետելու ձգտում եւ այլն:

Այս իմաստով ուրեմն համաշխարհայնացումը սկսաւ պատմութենէն իսկ առաջ. այն օրը, երբ երկու կազմաւորուած ցեղախումբեր ըրին իրարու դէմ առաջին պատերազմը կամ համաձայնեցան հասարակաց կեանքի մը շուրջ՝ մեկնելով միշտ կեանքը պահպանելու եւ անոր շարունակականութիւնը ապահովելու անգիտակցական ու ռեֆլեքսային, մտային ու ֆիզիքական շարժումներու դրդիչ՝ տեւական ենթագիտակցական վիճակէ մը: Այսպէս հին աշխարհի քաղաքակրթութեան ծաղկման, հետեւաբար նաեւ՝ համեմատաբար բարօր կեանքի աշխարհագրական շրջանը Միջերկրականի արեւելեան աւազանը հանդիսացած ըլլալով՝ նայուածքները դէպի հոն ուղղուած են յաճախ: Յունական եւ փիւնիկեան գաղութները ընդլայնեցին իրենց յարաբերութիւններու ծիրը. Վերածնունդի հետախոյզները ճշդեցին երկրագունդի այսօր մեզի ծանօթ ուրուագիծը, Ճարտարագիտական յեղափոխութիւնը շեշտեց մէկ կողմէն՝ ճարտարաուեստականացող, իսկ միւս կողմէն՝ իրենց ընդերքին մէջ հում նիւթեր ընդգրկող երկիրներու միջեւ փոխկախուածութիւնը եւ հետեւաբար՝ յարաբերութեան մէջ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը՝ յանգելով գաղութատիրական համակարգի ծննդոցին. պատերազմի եւ խաղաղութեան իրերայաջորդ ժամանակաշրջաններու հերթագայութեամբ մարդկութիւնը հասաւ Տեղեկատուական յեղափոխութեան հանգրուանին, որուն մէջ կը գտնուինք ներկայիս:

Թէեւ համաշխարհայնացում բառը ընդհանրական նշանակութիւն ունի պարփակելով մարդկային կեանքի բոլոր ոլորտները, ան վերջին ժամանակաշրջանին կը գործածուի առաւելաբար իր տնտեսական ու տնտեսագիտական իմաստով, ենթադրելով թերեւս, որ տնտեսութենէն առաւել կամ նուազ չափով կախեալ են մնացեալ բոլոր ոլորտները: Արդարեւ՝ վերեւ նշուած պատմական հանգրուանները ունեցած են տնտեսական պատճառականութիւն եւ հետեւանքներ: Այսպէս՝ Ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը յատկանշող շոգեշարժիչին ու ներքին այրման շարժիչին անմիջական կիրառումները հանդիսացան շոգենաւը, շոգեշարժը, ինքնաշարժն ու օդանաւը. այդ փոխադրամիջոցները արդիւնք էին արհեստագիտութեամբ արտայայտուող մշակութային յառաջխաղացքին եւ իրենց կարգին ուժեղ մղում կու տային տնտեսութեան եւ բոլոր ոլորտներու համաշխարհայնացման. միաժամանակ՝ գիտութեան տարատեսակ մարզերը, օրինակ՝ քիմիագիտութիւնն ու բնագիտութիւնը, ստեղծեցին ներկայ արհեստագիտութիւնը՝ մարդկութիւնը հասցնելով մարդկային կեանքին վրայ մեծ ազդեցութիւն գործող համակարգիչին, անոր միջոցով գործող համացանցին եւ անոր բոլոր իրականացուցած ու դեռ իրականացուելիք կիրարկումներուն. ուրեմն դիալեկտիկական գործընթացով՝ պատճառի եւ հետեւանքի հերթագայութիւնը զարգացուց թէ՛ տնտեսութիւնը, թէ՛ գիտութիւնը եւ առաւել եւս ընդլայնեց համաշխարհայնացման տարածքը՝ մեր օրերուն զայն հասցնելով իր կարելի առաւելագոյնին՝ ընդգրկելով ամբողջ երկրագունդը. համաշխարհայնացման միջազգային հոմանիշը գլոբալիզացիան է՝ ‘երկրագնդացում’ը, եթէ կարելի է այդպէս ըսել: Հաղորդակցութեան միջոցները բոլոր դարաշրջաններու համաշխարհայնացման հիմնական գործիքը հանդիսացած են:

Համաշխարհայնացումը ինքնին ոչինչ ունի տարօրինակ, ան մարդկութեան գոյութեան համար տարուած պայքարի բնական հետեւանքն է: Ինչ որ տարօրինակ է այդ ընդհանուր ընթացքին մէջ համաշխարհայնացման հիմնական՝ տնտեսական զարգացման տրուած բացարձակ կարեւորութիւնն է, որ մարդկութիւնը այսօր ակամայ դրած է գոյութենական երկընտրանքներու առջեւ:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին ‘երբե՛ք կրկին’ զղջումի կոչը անգամ մը եւս հնչեց բեմերէն: Համաշխարհային տնտեսութիւնը կազմակերպման նոր ձեւ ստացաւ: Ընդհանուր պատերազմի հիմնական խորքային պատճառը վերջիվերջոյ նախորդ դարու երեսունական թուականներու միջազգային ահաւոր տնտեսական ճգնաժամն էր՝ մեծ լճացումը: Հետեւաբար տնտեսութիւնը պէտք էր կազմակերպել այնպէս, որպէսզի տնտեսական աւերիչ ճգնաժամ մը այլեւս անկարելի դառնար. եւ այդ ուղղութեամբ սկսան երկար բանակցութիւններ: Անոնք 1944ին յանգեցան Սակագիներու եւ Առեւտուրի Ընդհանուր Համաձայնագիրին, որ ծանօթ է անգլերէն իր սկզբնատառերով՝ GATT (General Agreement on Tariffs and Trade): Իսկ նոյն թուականին՝ այդ համաձայնագիրը գործնականացնելու նպատակով հիմը դրուեցաւ միջազգային տնտեսական հաստատութիւններու, համաշխարհային դրամատան՝ WB (World Bank) եւ Միջազգային Դրամանշային Հիմնադրամին՝ IMF (International Monetary Fund): Այս հաստատութիւնները մօտաւորապէս քառասնամեակ մը հսկեցին միջազգային տնտեսութեան ելեւէջներուն վրայ հարկ եղած միջամտութիւնները կատարելով եւ այդ բնագաւառը կայունութեան մէջ պահելու հետեւողական ճիգ թափելով: Այս ձեւով համաշխարհային տնտեսական բեմը մնաց առանց տագնապի մինչեւ ութսունական թուականները, երբ Մեծն Բրիտանիոյ իշխանութեան գլուխը անցաւ տիկին Մարգարետ Թաչըրը: Մինչ այդ՝ արեւմտեան երկիրներու տնտեսութիւնը համակարգուած էր այնպէս, որ ճակատ կազմէ Խորհրդային Միութեան աշխարհի աշխատաւորութեան տեսանկիւնէն հրապուրիչ թուող քարոզչութեան դէմ: Քաղաքական եւ ընկերային կայունութեան պահպանման սիրոյն աշխատաւորական միութիւններու պահանջները կարեւոր չափով նկատի կ’առնուէին. ուսանողութեան պահանջները՝ նոյնպէս. Վիեթնամի պատերազմը առիթ ընծայեց, որպէսզի երիտասարդութիւնն ու արեւմտեան Ձախը ոստիւնային յառաջխաղացք արձանգրեն: Պետական հսկողութեան տակ՝ սակայն կարեւոր չափերով ազատական տնտեսական համակարգը արեւմտեան հասարակութիւնները վերածեց օրինակելի դրախտներու. նոյնիսկ ազատականութեան ջահակիրը՝ Միացեալ Նահանգները արդէն Ռուզվելտի օրերէն որդեգրած էին ընկերային տեսք ունեցող տնտեսութեան որոշ ստորոգելիներ: Երրորդ աշխարհ կոչուած ենթազարգացեալ խմբաւորման երկիրները նոյնպէս օգտուելու սկսան նոյնատիպ քաղաքականութենէ մը: Տիկին Թաչըրի Մեծն Բրիտանիան կարճ ժամանակի մէջ այս ձեւի համակարգը գլխիվայր բերաւ: Այդտեղ տնտեսական ազատականութեան բերելիք բարիքները գովաբանելով սկսաւ պետական արտադրողական եւ ծառայողական հաստատութիւններու սեփականաշնորհումը, ընկերային ապահովութեան օրէնքները թուլցան, սեփական մարզը տնտեսապէս քաջալերանքի արժանացաւ: Երիտասարդութիւնը, որ յեղափոխական էր վաթսուն-եօթանասունական թուականներուն, ութսունականներուն հրաշագործ ցպիկով յանկարծակիօրէն փողկապ կապելով կարգի մտաւ: Տիկին Թաչըրի վարած տնտեսական քաղաքականութեամբ տնտեսական ցուցանիշները բարելաւուեցան:

Հետեւաբար ազատական բնորդը արդէն պատրաստ էր, երբ քառորդ դար առաջ փուլ եկաւ իր ներքին հակասութիւնները հաշտեցնելու անատակ, սակայն՝ միջազգային հաւասարակշռութեան կարեւոր սիւներէն մէկը հանդիսացող Խորհրդային Միութիւնը: Դրամատիրական աշխարհը յայտարարեց իր յաղթանակը, աւետեց Պատմութեան վերջն ու ընկերային գաղափարաբանութիւններու մահը: Սկսաւ, պէտք է ըսել վերսկսաւ, վայրագ ազատականութեան նոր ժամանակաշրջանը՝ աշխարհի բոլոր թերութիւնները սրբագրելու, աղքատութիւնը երկրագունդի երեսէն սրբելու, մարդկային իրաւունքները նկատի առնող ժողովրդավարութիւնը համատարած դարձնելու շռայլ խոստումներով: Շուկայական միջազգային համակարգը դարձաւ օրէնք հաստատող ուժ:

Տնտեսական ազատականութեան մթնոլորտին մէջ ազգային պետութիւնը արժեզրկուեցաւ ի նպաստ միջազգային ու միջպետական առհասարակ տնտեսական կառոյցներու, իսկ աւելի յաճախ՝ բազմազգեան առեւտրական ընկերութիւններու, որոնց պիւտճէն կարգ մը պարագաներու կը գերազանցէր պետական պիւտճէներ:

Տնտեսութեան համաշխարհայնացումը մեծապետական շահերու հետապնդման համար աւելի նպաստաւոր միջավայր ստեղծող ընթացք է. միաժամանակ՝ համաշխարհային տնտեսական միաւորներու յաւելեալ հզօրացման նպաստող ուժեղ լծակ: Կառավարման կիսապաշտօնական (informel), բայց աւելի քան ազդեցիկ հանդիպումները՝ G6 կամ երբեմն՝ G7 ու G20 փաստօրէն կը գծեն համաշխարհային տնտեսութեան շրջագիծը, իսկ ՄԱԿի (UNO) դերը ժամանակի ընթացքին աւելի ու աւելի կը նսեմանայ:

Գերազատական գաղափարներու գործնականացման մէջ իրենց նպաստի բաժինը բերին դժբախտաբար մինչ այդ տկարին պաշտպանը հանդիսացած ընկերվարական շարժումներն ու կուսակցութիւնները. այնպիսի ձեւով եւ այնքան՝ որ ընտրողին առջեւ փաստօրէն ընտրանքի հարց չմնաց. ընկերվարական կուսակցութիւններու տնտեսական եւ ընկերային ծրագիրները մեծ տարբերութիւն չունեցան իրենց մրցակիցներու ծրագիրներէն: Միջազգայնականացած շուկայական օրէնսդրութիւնը կ’ենթադրէր դերակատարներու միջեւ անխնայ մրցակցութիւն. հետեւաբար՝ այլ միջոցներու կողքին՝ աժան աշխատանքը դարձաւ տնտեսական յաջողութեան միջոց. այս պատճառով աստիճանաբար մէկ առ մէկ քակուեցան տասնամեակներու ընկերային պայքարներու միջոցով ձեռք բերուած իրաւունքները: Տնտեսապէս զարգացած երկիրներէն տեղի ունեցաւ ճարտարարուեստի արտագաղթ՝ պատճառելով անգործութեան ցուցանիշի բարձրացում. զանգուածները բառին բուն իմաստով լքուեցան իրենց ճակատագրի քմահաճոյքին. անոնք այսօր նոր հովանաւորներ կը փնտռեն. անոնք կրկին նորովի կազմակերպուելու հարկադրանքին տակ են: Վերջին տասնամեակի բողոքի շարժումներուն կարճ շունչը ցուցանիշ է այն բանին, որ զանգուածներու ուժի կազմակերպումը բաւական դժուարացած է:

Տնտեսական համաշխարհայնացումը իր ճամբան սկսելու համար պէտք ունէր նոր գործիքներու, քանի հին կառոյցներու կանոնագրութիւնները (GATT, WB եւ IMF) անկաշկանդ առեւտուրին առջեւ արգելքներ կը դնէին: Միջազգային բանակցութիւնները սկսան 1986ին աւարտելու համար՝ 1994ին (Uruguay Round): Ստեղծուեցաւ Համաշխարհային Առեւտուրի կազմակերպութիւնը (WTO): “GATT”ը փոխարինուեցաւ -ուրիշ ինչո՞վ-՝ “GATT 1994”ով, որ, անշուշտ ինքնին հասկնալի է, շատ աւելի ազատական էր, քան՝ նախորդը: Մարդոց եւ դրամագլուխի շրջագայութիւնը ազատ պէտք է ըլլայ, մրցակցութեան ազատութիւնը նուիրագործուած է, ընկերութիւններուն, անհատներուն եւ ապրանքատեսակներուն պետական օժանդակութիւնը արգիլուած է, եւայլն: Աւելցաւ նաեւ նոր համաձայնութիւն մը՝ Ծառայութիւններու Առեւտուրի Ընդհանուր Համաձայնագիրը (GATS)` նոյնանման յատկանիշներով: Մէկ խօսքով՝ սկիզբը դրուեցաւ դրամագլուխի բացարձակ տիրապետութեան. ազգային պետութեան գերիշխանութիւնը եւ հեղինակութիւնը մեծ չափերով փոխանցուեցան, բառացիօրէն՝ յանձնուեցան միջազգային դրամագլուխին: Դրամը դրամ կը բերէ եւ ամէն ինչ իր գինը ունի: Ասիկա՛ է համաշխարհայնացման պատմական նոր փուլին տիրական գաղափարաբանութիւնը:

Արդիւնքը տասնամեակէ մը ի վեր յայտնի է եւ պատճառ է լուրջ մտահոգութիւններու, ինչ կը վերաբերի մարդկութեան ապագային: Բարօրութեան փոխարէն՝ մարդ տեսակի մեծամասնութիւնը սկսած է աւելի մեծ արագութեամբ, քան՝ անցեալին խրիլ թշուառութեան մէջ: Ժողովրդավարութեան ազնիւ յղացքը վերածուած է տիրապետութեան սովորական գործիքի: Մարդկային տարրական իրաւունքներու յարգումը մեծ ուժերու կողմէ կը գործածուի քաղաքական ճնշումներ բանեցնելու դիմացի ճակատի տկար օղակներուն վրայ: Ընկերային արդիական գաղափարաբանութիւններու բացակայութեան՝ դժգոհութիւնները կ’արտայայտուին մէկէ աւելի անգամներ մարդկութեան դժբախտութեան պատճառ դարձած կրօնական կամ աջակողմեան ազգայնամոլ ծայրահեղականութեամբ: Տիրապետութեան միջոցի վերածուած է նաեւ ժողովրդավարական հասարակութեան մը պահպանման կազմակերպականօրէն նեցուկ հանդիսանալու կոչուած ‘քաղաքացիական հասարակութիւն’ը (civil society): Եղած է այնպէս, որ քաղաքացիական հասարակութիւնը ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու փոխարէն, ընդհակառակը՝ նպաստէ անոր տկարացման գործիք դառնալով հովանաւորներու ձեռքին տակ: Այսպէս քաղաքացիական ընկերութեան գործօն բջիջները՝ ‘ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն’ները (NGO) կը գործեն ‘մասնագիտական’ հիմունքով. ազգային ու միջազգային մակարդակի վրայ գոյութիւն ունին կենսոլորտի, քաղաքացիական իրաւունքներու, կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, սեռային արտասովոր վերաբերմունքի հանդէպ հանդուրժողականութեան եւ բազմապիսի այլ ոլորտներու մէջ գործող բազմաթիւ ոչ-կառավարական մեծ ու փոքր կազմակերպութիւններ: Այս ենթադրեալ մասնագիտացումը փաստօրէն կը մասնատէ երկրի մը հասարակութեան քաղաքական ոլորտը շատ բան պակսեցնելով անոր ուժականութենէն. սակայն ուժական է միայն մակերեսը, իսկ անպայման տուժած է խորքը, խնդրոյ առարկայ անհատներու գիտակցութենէն ընդհանրապէս կը վրիպի զանազան հարցերու միջեւ կապակցութիւնը: Պատահական չէ, որ վերջին երեք տասնամեակներուն պետութիւններու վարկը տեւական անկումի մէջ եղած է՝ անկախ այդ պետութեան գլուխը գտնուող իշխանութեան քաղաքական հաւատամքէն եւ քաղաքական ուղղութենէն: Այս համակարգին մէջ ազգային պետութիւնը ծունկի գալու վրայ է: Կարճ ըսած՝ արդիւնքը եղած է այն, որ վերջին վաթսուն տարիներուն հասարակական անդորրի խանգարումը եւ պատերազմի ընդհանրացումը երբեք աւելի հաւանական չեն եղած, որքան՝ մեր օրերուն:

Գերազատական համակարգին մէջ առեւտուրի առարկայ դարձաւ նաեւ մշակոյթը. բարեբախտաբար՝ բաւական տարբեր պայմաններով, շնորհիւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչներուն ուժեղ միջամտութեան եւ հետեւողական պնդումներուն. անոնց շնորհիւ լսողատեսողական մարզը գէթ առժամաբար դուրս ձգուեցաւ WTO-ի համաձայնութեան ծիրէն՝ կազմելով ‘մշակութային բացառութիւն’ը (exception culturelle): Մեր ժամանակներու գերազատական աշխարհին մէջ ‘մշակութային բացառութիւն’ը ժամանակ կու տայ համեմատաբար տկարներուն աւելի լաւ պատրաստուելու մշակոյթի մարզէն ներս արդէն իսկ տարուող, սակայն՝ ապագային աւելի անողոք կերպով տարուելիք տնտեսական պայքարներուն համար: Ժամանակակից աշխարհի մէջ, ուր տնտեսական ուժը իրեն յատուկ ամբողջատիրական ձգտումներով կը յաւակնի ղեկավարել մարդկային կեանքի բոլոր ոլորտները, ակնբախ են ազգային մշակոյթներուն համար եւ ընդհանրապէս՝ մշակոյթին եւ կրթութեա՛ն մարզին սպառնացող վտանգները:

Այս հաստատումները կը կարօտին հարկաւ որոշ բացատրութիւններու: Շուկայական մտածումին նպատակակէտը նիւթական շահն է: Նիւթական շահը կ’ենթադրէ մշակոյթի հետեւորդներու կարելի ամենաբարձր թիւը: Հետեւաբար թիւը կը պայմանաւորէ մշակոյթի տեսակն ու անոր որակը: Ասիկա կը նշանակէ ստեղծագործութեան խափանում, քանի արուեստագէտը այլեւս զանգուածային մշակոյթի հետեւորդ է եւ ոչ՝ առաջնորդ: Միւս կողմէ՝ մշակոյթը ըլլալով առաւելաբար ենթակայական առարկայ, անոր տարածումը կախեալ է նաեւ անոր մասին կատարուող քարոզչութենէն: Արդարեւ քարոզչութիւնը մեծ դեր ունի գրականութեան, նկարչութեան, երաժշտութեան, ընդհանրապէս արուեստի եւ մշակոյթի ընկալման, տարածման ու կայացման ընթացքին մէջ: Յատկանշական է, որ աւելի վեր նշուած մշակութային բացառութիւնը կը վերաբերի լսողատեսողական ոլորտին միայն՝ հասկնալի պատճառներով. ատիկա՛ է փաստօրէն ամենէն զանգուածայինը. ատիկա առանձին ուղղութիւն կու տայ այլեւս մշակոյթի մնացեալ ոլորտներուն, քանի անիկա՛ է հզօրագոյն քարոզչական միջոցը : Այսինքն՝ մշակոյթի ժողովրդականացումը կախեալ է լսատեսողական մարզին մէջ նիւթական ներդրումէն: Ուրեմն՝ դրամագլուխը կը թելադրէ ճաշակը: Կարելի է առարկել, որ մարդկային ամբողջ պատմութեան ընթացքին այդպէս եղած է. մշակոյթը եւ ընդհանրապէս քաղաքակրթութիւնը իշխանաւորներու ճաշակին ու քմայքին՝ արուեստագիտին վրայ բանած ազդեցութեան արգասիքը եղած է ընդհանրապէս. զանգուածի կենսաձեւին համար ալ իշխանաւորինը օրինակի դեր կատարած է: Առարկութիւնը որոշ չափով տեղին է անշուշտ, բայց ընդունինք, որ անցեալին մշակոյթի ընկալումը անհատներու թիւին հետ առնչութիւն չունի. միայն տաղանդն է, որ հետք թողած է: Ճիշդ է նաեւ, որ այդ իմաստո՛վ ալ բան չէ փոխուած, բայց մեր օրերուն տաղանդի արտադրողականութիւնը թիւի եւ նիւթականի ճնշումին տակ կարեւոր չափով կը խոչընդոտուի: Փաստօրէն, համաշխարհայնացումի դարաշրջանի բացումին իսկ մշակոյթին տրուած պետական նպաստները փոխարինուեցան քարոզչական նպատակներ հետապնդող՝ դրամատուներու եւ ապահովագրական ընկերութիւններու հովանաւորութիւններով:

Այս մթնոլորտը ընթացք առած էր արդէն նախորդ դարու ութսունական թուականներուն. այսինքն՝ համացանցային արհեստագիտութեան յեղափոխիչ նուաճումներէն բաւական առաջ: Կարճ ժամանակ անց համացանցը, հանդէս գալով իբրեւ հաղորդակցութեան կարելի ամենէն արագ միջոցը, աննախընթաց կերպով դիւրացուց նաեւ համաշխարհայնացումը՝ իր բոլոր լաւ ու վատ յատկանիշներով: Տնտեսական ու ելեւմտական ոլորտներէն անդին համացանցի զանգուածային գործածութիւնը ի շարս այլ մարզերու յեղափոխեց նաեւ կրթութեան ոլորտը, որ իր կարգին պիտի ազդէ նաեւ մշակոյթի զարգացման թափին եւ ուղղութիւններուն վրայ:

Միւս կողմէ պէտք է հաստատել, որ համամարդկային հասարակութեան վրայ ազդեցութիւն գործող գիւտերու գործնական կիրարկումները կը հետեւին ընդհանուր օրէնքի մը: Արդարեւ՝ կարծես թէ արհեստագիտական գիւտը ամէն բանէ առաջ իր կիրարկումը կը գտնէ ապահովական-զինուորական-հետախուզական մարզին մէջ, ապա աւելի ուշ, երբ այլեւս ամրապնդուած է այդ մարզերէն ներս յաջողութիւնը ան կ’անցնի մարդկային կեանքի աւելի խաղաղ ոլորտներուն. տնտեսութիւն, առողջապահութիւն, կրթութիւն, մշակոյթ եւայլն: Մէկ խօսքով՝ խաղաղ կեանքի կիրարկումները առհասարակ կու գան ռազմական արհեստագիտութեան նուաճումներէն ետք: Այսպէս՝ ռատարը նաւային եւ օդային տեղափոխութեան քաղաքացիական ոլորտ մտաւ նախապէս երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին դաշնակիցներու կողմէ յաջող կերպով գործածուելէ ետք միայն. կորիզային տրոհումի պարագային նախ զայն ճաշակեցին ճափոնացիները երկրորդ համաշխարհայինի աւարտին ընդունելով իրենց գլխուն վրայ առաջին այն ատեն ատոմական կոչուող երկու ռումբերը, իսկ զինանոցները բաւարար չափով լեցնելէ ետք միայն սկսան սարքուիլ կորիզային ելեկտրակայանները եւ սկսաւ առողջապահութեան մէջ կորիզային սարքերու եւ նիւթերու կիրարկումը: Տարբեր չէ վիճակը համացանցային արհեստագիտութեան պարագային, թէեւ այստեղ իրերու վիճակը տակաւին յստակօրէն տեսանելի չէ: Համացանցի զարգացման գոնէ առաջին փուլը սկսաւ ամերիկեան բանակի ծրագիրով մը, սակայն շուտով փոխանցուեցաւ նաեւ քաղաքացիական մարզին. համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ նախ Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծուեցան ‘տեղեկութենական մայրուղիներ’ը (information highways): Ասիկա կը նշանակէ, որ համացանցի հիմնական բանալիները կը գտնուին տակաւին Միացեալ Նահանգներու ապահովական կառոյցներու ձեռքերուն մէջ: Համացանցը ժամանակակից աշխարհի մէջ տիրապետութեան հասնելու կամ զայն պահելու ամենէն ուժեղ զէնքերէն մէկն է:

Որոշ իմաստով նոյն ձեւի ազդեցութիւն ունի նաեւ կրթութիւնը, որ երկար ատենէ մը ի վեր դադրած է միայն գիտութիւն փոխանցելու եւ մարդու բնազանցական վախերու հարցերուն պատասխան գտնելու փորձելու համար հարթակներ պատրաստելու միջոց ըլլալէ: Կրթութիւնը միշտ ալ ուժի կուտակման եւ գործածութեան միջոցներու ձեռքբերման ճամբան բացողը եղած է: Արդիական համաշխարհայնացած հասարակութեան մէջ ան նաեւ ազդեցութեան գօտիի ընդլայնման հոյակապ միջոց է: Պարապ տեղը չէ, որ ինքզինք քիչ թէ շատ ուժի տէր կարծող պետութիւնը կրթաթոշակներ կը տրամադրէ օտար ուսանողներու համար: Հռչակաւոր ու լաւ համալսարանը տուեալ պետութեան համար ցկեանս դեսպաններ կը պատրաստէ, իրենց կարգին օժտուած՝ ազդելու բացառիկ կարողութիւններով. նկատի պէտք է ունենալ մանաւանդ, որ տուեալ ուսանողները կու գան առ հասարակ համապատասխան երկիրներու ազդեցիկ խաւերէն: Միայն օրինակ մը տուած ըլլալու համար՝ 2013-14 ուսումնական տարեշրջանին Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու մէջ արձանագրուծ էին 886052 օտար ուսանողներ (ի դէպ անոնցմէ 13286-ը Թուրքիոյ քաղաքացիներ էին՝ գրաւելով ցանկի 10որդ հորիզոնականը):

Բնական է, հզօր զէնք է նաեւ մշակոյթը: Հելլենիստական մշակութային գաղութատիրութիւնը դարեր շարունակ իր վաստակը դրաւ նախ կարճ ժամանակի համար մակեդոնական կայսրութեան տրամադրութեան տակ, ապա՝ հռոմէական կայրութեան, յետոյ բիւզանդականին՝ մինչ այդ միախառնուելով քրիստոնութեան մշակութային աւանդին եւ կարեւոր դեր խաղալով ներկայի արեւմտեան քաղաքակրթութեան կայացման մէջ:

Համաշխարհայնացած մեր հասարակութեան մէջ ռազմական ամենէն հզօր ուժը, միաժամանակ տնտեսապէս ամենէն բարգաւաճը, ժամանակակից արհեստագիտութեան անմիջական հաղորդակիցը՝ ցնոր տնօրինութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն են: Անոր կը հետեւին Եւրոպական Միութիւնը եւ մատներու վրայ համրուող այլ պետութիւններ: Հետեւաբար նոյնքան հզօր է Միացեալ Նահանգներու միջազգային ազդեցութիւնը կրթական եւ մշակութային մարզերուն վրայ. անշուշտ նաեւ՝ նոյնքան ուժեղ է այդ ազդեցութիւնը բանեցնելու ձգտումը, քանի յաջող ազդեցութիւնը իր կարգին իրեն կու տայ իր տնտեսական ու ռազմական ազդեցութեան աստիճանը աւելի եւս բարձրացնելու կարելիութիւններ: Փոխ-ազդեցութիւններու այս փակ շրջանակին վրայ արտաքին միջամտութեամբ ազդելու միջոցները շատ յուսալի չեն թուիր ըլլալ: Միջազգային նոր կարգն ու օրէնսդրութիւնը եւս մտածուած են մեծ չափով այս կացութեան յարատեւութիւնը ապահովելու մտահոգութեամբ: Ֆրանսայի յաջողցուցած ‘մշակութային բացառութիւն’ը յոյսի նշոյլ մըն է միայն ազգային մշակոյթներուն համար, բայց անոնց վիճակն ու հեռանկարը մեր հայեցողութեամբ այլ պատճառներով այնքան ալ յուսահատական չէ. առ նուազն ո՛չ այնքան, ինչքան կարելի է եզրակացնել վերոնշեալ մտածումներէն:

Արդարեւ համաշխարհայնացած մեր ներկայ կեանքին մէջ մշակութային ազդեցութիւնները փոխադարձ են եւ միշտ չէ, որ տիրապետող մշակոյթը ինքզինք կարողացած է ամբողջապէս պարտադրել: Ամէն տեղ չէ, որ ‘մաքտոնալց’ները յաջողութիւն արձանագրած են: Ամէն տեղ չէ, որ ‘քոքաքոլա’ները փոխարինած են տեղական խմիչքները. յոռեգոյն պարագային՝ տեղական խմիչքներու արտադրամիջո՛ցն է, որ տէր փոխած է: Մարդոց ապրելաձեւը փոխուած է անշուշտ, բայց տեղական մշակոյթներու ցայտուն յատկանիշները մնացած են նոյնքան ցայտուն՝ որքան անցեալին: Տեղի ունեցած է լայնածիր փոխանակում՝ միջազգային մասշտապի վրայ, բայց տեղական իւրայատկութիւնները հարազատ են միայն իրենց բնավայրին մէջ. գերմանական գարեջուրը Գերմանիոյ մէջ աւելի՛ համով է: Իսկ Հայաստանի մէջ այլեւս խաշլամայէն զատ՝ սուշի եւ համպըրկըր ալ կարելի է ճաշակել: Անցեալին նոյնը չէ՞ր միթէ Պոլսոյ լոխումին եւ Դամասկոսի անուշեղէնին փոխադարձ որդեգրումը: Արուեստի մարզէն ներս ափրիկեան եւ Աւստրալիոյ բնիկներու արուեստը մտած են եւրոպական հիւրասենեակներ եւ փոխադարձաբար արեմտեան մշակոյթի արտադրութիւնները կը գտնուին ամենուրէք: Արդի ժամանակներուն անշուշտ կա՛ն անհետացող լեզուներ, ինչպէս ատենին ապրած ժողովուրդներ այսօր գոյութիւն չունին: Տարբերութիւնը այդ փոփոխութիւններու արագացումն է, որ ինքնին կախեալ է փոխանակումներու արագութենէն: Ինչ որ անխուսափելիօրէն պիտի անհետանայ՝ իրողապէս կ’անհետանայ, ինչ որ դիմացկուն է՝ կը դիմանայ: Ամէն ինչ կախեալ է իւրաքանչիւր միաւորի դիմադրողականութեան աստիճանէն: Միաժամանակ նոյնքան ճիշդ է, որ համաշխարհայնացումով, մարդոց եւ անհատներու միջեւ յարաբերութիւններու յաճախականութեամբ եւ մասնակիցներու թիւի բարձրացումով մշակոյթներու միջեւ տարբերութիւնները կը յղկուին՝ սակայն առանց բացարձակ նոյնութեան հասնելու:

Այս կացութեան մէջ հայկական պարագան իր բարդութեան մէջ ինքնուրոյն է: Սփիւռքի գոյութեան պատճառով կամ շնորհիւ մշակութային այլազանութիւնը գէթ ներկայ հանգրուանին առկայ է, սակայն ատիկա ազգային միութեան տեսանկիւնէ մեծ անպատեհութիւն կը ներկայացնէ: Այսինքն հայկական մշակոյթը մէկ կողմէն պիտի դիմադրէ մշակութային գետնի վրայ համաշխարհայնացումի միօրինականացման նկրտումներուն, միւս կողմէ ճիգ պիտի թափէ սփիւռքեան հատուածներու միջեւ ժամանակի թաւալումով խորացող վիհը կարելի եղածին չափ լեցնելու: Առաջին ակնարկով այս բարդութեան վերացումը կարելի չի թուիր ըլլալ, գիտակցելով հանդերձ, որ մշակութային այլազանութիւնը ինքնին մեծ հարստութիւն է: Պէտք է ընդունիլ սակայն, որ համաշխարհայնացումի մթնոլորտի մէջ հայկական մշակոյթի միացեալ զարգացումը աւելի կարելի է, քան մօտաւոր անցեալին, երբ հայութեան զանազան մասնիկներու միջեւ յարաբերութիւնը աւելի դժուար էր: Միւս կողմէ սակայն՝ հարցերու լուծումը ա՛լ աւելի դժուարամատչելի կը թուի, եթէ հաշուի առնենք, որ կազմակերպուած աշխատանքի շուրջ նոր սերունդները հաւաքելու փորձերը հետզհետէ ապարդիւն կը դառնան: Ասիկա լուրջ գոյութենական խնդիր է:

Մնալով մշակոյթի ծիրէն ներս՝ ի գործ դրուելիք միջոցներու չափ կարեւոր է փոխել, մանաւանդ Սփիւռքի հայկական միջավայրին մէջ, համատարած կերպով գոյութիւն ունեցող այն մտայնութիւնը, թէ հայկական մշակոյթը միայն այն է, ինչ որ կը փոխանցուի հին սերունդներու կողմէ: Այս մտայնութիւնը կարելի էր ժամանակին հասկնալ, երբ Սփիւռքի հայկական մասնիկներուն եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները անգոյ ըլլալու չափ ցանցառ էին. երբ հայապահպանում ըսուածը իսկապէս պահպանողական ըլլալու դատապարտուած էր: Դժբախտաբար այս մտայնութիւնը արմատականացած կը թուի ըլլալ: Յաճախ չե՞նք լսեր ‘Սփիւռքը հասկցանք, Հայաստա՛նն ալ այլասերելու վրայ է’ անհեթեթ արտայայտութիւնը: Անհրաժեշտ է արմատախիլ ընել այս մտայնութիւնը, որ գոյութիւն ունի նաեւ մշակութային շրջանակներու մէջ: Մշակոյթը ապրող, հետեւաբար զարգացող, այսինքն՝ փոփոխութեան ենթարկուող ոլորտ է, մանաւանդ արագութեամբ յատկանշուող մեր ժամանակներուն: Փոխազդեցութիւնները միշտ եղած են, միշտ պիտի ըլլան եւ ողջունելի են. անոնք կ’երիտասարդականացնեն:

Յատուկ ու կարեւոր պարագայ է լեզուի՝ հայերէնի խնդիրը, որովհետեւ հայերու միջեւ հաղորդակցութեան, յարաբերութեան ամենէն հարազատ միջոցն է: Հակառակ թափուած ու թափուող ճիգերուն՝ Սփիւռքի մէջ հայերէնի տեղատուութիւնը հասկնալի է, բայց անշուշտ զինաթափ ըլլալը արտօնելի չէ: Այս մարզին մէջ ալ մերօրեայ կեանքին մէջ կեդրոնախոյս, այսինքն՝ ազգային լեզուէն հեռացնող բնական մղումներուն դէմ հակազդելու կարելիութիւնները զգալիօրէն աւելցած են: Բայց անցողակի ըսենք, որ, կարծես թէ Եունեսքոյի յայտարարութեան սպասեցինք գիտնալու համար, թէ արեւմտահայերէնի գոյութիւնը վտանգուած է: Եւ սկսաւ անոր փրկութեան պայքարը, բայց այնպիսի չափազանցեալ ձեւով, թմբուկներով ու յայտարարութիւններով, որ դուրսէն նայողը կը մտածէ, թէ ցարդ ոչինչ կատարուած է վերջին հարիւրամեակին: Ի դէպ, այս պատճառով հայ իրականութեան մէջ զարգանալու վրայ է լեզուաճիւղային հատուածականութիւն մը, որ միայն ժխտական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ հայ ազգի կայացման գործընթացին վրայ:

Ընդունելով հանդերձ համաշխարայնացման ընծայած առաւելութիւնները ակնբախ է, որ առանց կազմակերպ աշխատանքի, առանց ծրագրումի եւ ատկէ բխող ծրագիրները անյապաղ գործի վերածելու կամքի՝ համաշխարհայնացման ժխտական ազդեցութիւնները կրնան շատ կարճ ժամանակի մէջ կոտորակել հայութիւնը Սփիւռքէն սկսած՝ հասնելով հայրենիք: Հայ հասարակութեան ներկայիս բաւական յառաջացած ապաքաղաքականացման յաջորդող հանգրուանը ապազգայնացումն է: Նշենք միայն, որ համահայկական քաղաքական պայքարի միակ վերապրողը կը մնայ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու միայն ճանաչման խնդիրը. մնացեալ խնդիրները հանդիսաւոր օրերու եւ հանդիսաւոր յայտարարութիւններու մարզին կը պատկանին:

Եզրակացութիւն՝ ճշդելէ ետք համաշխարհայնացման ցայտուն առաւելութիւնները ազգի պաշտպանութեան հարցին մէջ՝ զանոնք օգտագործել համապատասխան երկարաշունչ ծրագրի մը հետեւողական գործադրումով: Ինքնին հասկնալի է, որ այդպիսի ծրագիր համահայկական նկարագիր պէտք է ունենայ: Ծրագիրը նկատի պէտք է ունենայ հետեւեալ կէտերը.

ա.- Համաշխարայնացող մշակոյթի ծիրէն ներս հայ ազգը համաշխարհայնացած ազգ է հայրենիքով եւ Սփիւռքի իր զանազան համայնքներով:

բ.- Հաղորդակցութիւնը հանդիսանալով հասարակաց գիծերը պահպանող եւ զանոնք ստեղծող միջոց հայրենիքի եւ սփիւռքի համայնքներու, ինչպէս նաեւ սփիւռքի համայնքներու միջեւ պէտք է ստեղծել հաղորդակցութեան ամուր կապեր: Իւրաքանչիւր համայնք, իւրաքանչիւր հայ պէտք է միացեալ ցանցի մը մասնիկը զգայ ինքզինք:

գ.- Նկատի ունենալով ներկայ վիճակը հաղորդակցութիւնը պէտք է ըլլայ բազմալեզու՝ աստիճանաբար առաւելութիւնը տալով հայերէնին:

դ.- Անմիջական ճիգ պէտք է արդիականացնելու համար հայերէնի ուսուցման մեթոտները՝ օգտագործելով համացանցի եւ ընդհանրապէս արդի արհեստագիտութեան ընծայած կարելիութիւնները:

ե.- Ներկայ հայերէնը ունի հաղորդակցական մեծ թերութիւններ. երկու ճիւղեր, երկու տարբեր ուղղագրութիւններ: Ուղղագրութեան միաւորման պայմանները դանդաղօրէն հասուննալու վրայ են: Ճիւղերու (արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն) միախառնումը երկար ժամանակի վրայ կը կատարուի բնականօրէն՝ հաղորդակցութեան յաճախականութեան բարձրացումով:

զ.- Տեւապէս շեշտել հայրենահայութեան եւ սփիւռքահայութեան մէկութեան գաղափարը չէզոքացնելու համար հայութիւնը պառակտելու ատակ գիտակից կամ անգիտակից կերպով ստեղծուող որեւէ մթնոլորտ:

է.- Հաստատելէ ետք, որ Հայաստանը ամբողջ հայութիւնը միաձուլելու կարողութիւնը ունեցող հայկական միաւորն է, պէտք է խրախուսել հայ մարդու, յատկապէս՝ երիտասարդութեան յաճախակի ներկայութիւնը հայրենիքէն ներս: Հետապնդել Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան միջեւ մշակութային ու կրթական յարաբերութիւններու զարգացումը:

ը.- Կազմել հայրենագիտութեան, հայերէնագիտութեան եւ հայոց պատմութեան համահայկական նուազագոյն կրթական ծրագիր մը:

թ.- Լեզուի պետական տեսչութեան եւ այլ յանձնախումբերու մէջ ներառնել արեւմտահայերէնի մասնագէտներ՝ վերահսկելու համար հայերէնի վերամիաւորման դանդաղ, բայց՝ բնական ընթացքը:

ժ.- Գործածել համաշխարհայնացման առաւելութիւնները ամրապնդելու համար հայկական դիրքորոշումներն ու կրթական-մշակութային ձեռքբերումները:

ժա.- Հեռաւոր նպատակ պէտք է ունենալ հայ մշակոյթը վերածել միջազգային արժէքի եւ գործօնի:

ժբ.- Սատարել հայկական պետականութեան ամրապնդման եւ հզօրացման, միաժամանակ ճիգ թափելով հայկական սփիւռքի հայկականութիւնը խնամելու եւ պահելու կրթութեան եւ հասարակաց մշակոյթի ճամբով:

ժգ.- Արագացնել համահայկական կրթական, մշակութային եւ երիտասարդական միաւորներու արդիականացումը, որպէսզի անոնք կարենան ազդեցիկ կերպով գործել համաշխարհայնացումի պայմաններուն մէջ:

Համապատասխան աշխատանքներու կրողները կրնան ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան նախարարութիւնները (Կրթութեան եւ գիտութեան, Մշակոյթի), համայկական բնոյթի մշակութային ու կրթական կազմակերպութիւններ, աշխարհահռչակ հայ արուեստագէտներ եւն: Նպատակայարմար է Մշակոյթի համահայկական գործակալութեան մը հաստատումը բարձրացնելու համար հայ մշակոյթի հասողութիւնն ու տարողութիւնը:

Վերոյիշեալները, անշուշտ, համահայկական կրթական ու մշակութային համապարփակ ռազմավարութեան մը պարզագոյն տարրերն են միայն: Այդպիսի ռազմավարութիւն կրնայ բիւրեղանալ հայութեան կացութիւնը բնութագրող, անոր կարելիութիւններու տեսակին ու չափին վերաբերող իրական ու առարկայական տուեալներու ամբողջութեան վրայ հիմնուած. մէկ խօսքով՝ աւելի խորքային ու բազմակողմանի ուսումնասիրութենէ մը ետք:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.