Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Գանատայի խորհրդարանին կողմէ – Պատմական ակնարկ

M-380 բանաձեւի վաւերացման 15-ամեակ

Լուսանկարը՝ M-380-ի յաղթանակէն ետք, Օթթաուայի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին ձախէն աջ՝ Ռուբէն Գույումճեան, երեսփոխան Ճիմ Գարիճիանիս, Առաջնորդ Խաժակ Արք. Յակոբեան, Նորայր Սերէնկիւլեան, ծերակուտական Շըրլի Մահէօ, տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, երեսփոխան Մատլէն Տալֆոն Կիրալ, ծերակուտական Ռէյմոնտ Սէթլաքուի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայքացուցիչ Վաղարշ Էհրամճեան եւ երեսփոխան Կուրպաքս Մահլի:

Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանի 21 Ապրիլ 2004-ին առնուած պատմական որոշումը՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, արդիւնքն էր Գանատայի եւ շրջաններու Հայ Դատի յանձնախումբերու ժրաջան եւ հետեւողական աշխատանքներուն եւ հետապնդումներուն:

1980-ի Օնթարիոյի եւ Քեպէգի խորհրդարաններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աննախընթաց զոյգ որոշումներէն ետք, Հայ Դատի յանձնախումբերը իրենց հայեացքը կեդրոնացուցին դէպի Գանատայի դաշնակցային խորհրդարան, ուր 1982-ի Փետրուար 25-ին, երեսփոխան Ճիմ Փիթըրսըն բանաձեւ մը ներկայացուցած էր հետեւեալ բովանդակութեամբ.

«Թուրքիոյ կառավարութեան եւ գանատահայ գաղութին եւ բոլոր հայութեան միջեւ առկախ մնացած հարցերը եւ տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին խաղաղ միջոցներով»:

Այս բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանին կողմէ: Այս բանաձեւով չբաւարարուելով, Հայ Դատի յանձնախումբերը իրենց հետապնդումները շարունակեցին, ուր 1984-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, Պահպանողական կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու ընդդիմադիրներու խօսնակ պրն. Սինգլէր Սթիվընս պաշտօնապէս, գրաւոր խոստում կատարեց, որ եթէ Պահպանողական կուսակցութիւնը շահի այդ տարուան ընտրութիւնները, ապա, Պահպանողական կուսակցութիւնը որպէս կառավարութիւն, պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ՄԱԿ-էն պիտի պահանջէ, որպէսզի ՄԱԿ-ն ալ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պիտի պարտադրէ Թուրքիոյ, որպէսզի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Պահպանողական կուսակցութիւնը ընտրութիւնները շահելէ ետք, պրն. Ճօ լարք, որ արտաքին գործոց նախարար նշանակուած էր, դրժեց իր կուսակցութեան տուած խոստումը: Մինչ այդ, պահպանողական այլ երեսփոխան մը, պրն. Փօլ Մգրասըն, փորձեր կատարեց որպէսզի խորհրդարան ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ մը:

Հակառակ անոր, որ Մգրասընի բանաձեւը քայլ մը առաջ կ’երթար պրն. Ճիմ Փիթըրսընի 1982-ի բանաձեւէն, պրն. Մգրասընի բանաձեւը ընդունելի չէր Հայ Դատի յանձնախումբերուն, որովհետեւ պրն. Մգրասըն իր բանաձեւին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի կողքին, ահաբեկչութիւնը դատապարտող նախադասութիւն մը արձանագրած էր:

Հայ Դատի յանձնախումբին համար այս նախադասութիւնը անընդունելի էր, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պէտք է զատորոշուի որեւէ քաղաքական կամ այլ հարցերէ:

Առ այդ, Գանատայի խորհրդարան ներկայացուած Մգրասընի բանաձեւը Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ տարուած աշխատանքներուն շնորհիւ, ձախողեցաւ:

Այս դէպքէն ետք, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերը շարունակեցին իրենց աշխատանքները գանատական երեք կուսակցութիւններու մօտ, եւ, կարելի եղաւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր ձեռք ձգել Ազատական, Նոր ժողովրդավար եւ Պահպանողական կուսակցութիւններու համագումարներէն:

Մինչ այդ, Հայ Դատի յանձնախումբերը շարունակեցին իրենց աշխատանքները դաշնակցային խորհրդարանէն ներս եւ զանազան առիթներով, անհատ երեսփոխաններ (Privad Members Motion) անձնական բանաձեւեր ներկայացուցին խորհրդարանին, որոնք դժբախտաբար ձախողեցան:

1990-ական թուականներէն սկսեալ, Հայ Դատի յանձնախումբերը սկսան աննախընթաց յաջողութիւններ արձանագրել: 1996 Ապրիլին, Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան անդամ Միշիլ Տաւիօ յաջողեցաւ իր կուսակցութեան տրամադրուած խորհրդարանի ժամանակէն օգտուելով, Հայ Դատի յանձնախումբին հետ ծրագրելով, Ապրիլ 23-ի խորհրդարանի իրենց տրամադրուած ժամանակը յատկացնել Հայոց Ցեղասպանութեան քննարկման:

Այդ օր, 7 ժամուան ընթացքին, Գանատայի խորհրդարանը քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը եւ օրուան աւարտին, որդեգրեց բանաձեւ մը, հետեւեալ բովանդակութեամբ.

«Այս խորհրդարանը Հայկական ողբերգութեան 81-րդ տարեդարձին առիթով, որ խլեց 1.5 միլիոն զոհ, որ տեղի ունեցաւ 1915 Ապրիլ 24-ին, եւ մարդկութեան դէմ գործուած այլ ոճիրներ նկատի ունենալով, Ապրիլ 20-27, ամէն տարի կը հռչակուի իբր յիշատակումի շաբաթ՝ մարդկութեան դէմ գործուած անմարդկային արարքներու դատապարտման»:

Հայ Դատի յանձնախումբը, գոհացած չըլլալով այս բանաձեւէն, իր ընդվզումը յայտնեց Ազատական կուսակցութեան անդամներուն, որոնք բանաձեւին Ցեղասպանութիւն բառը փոխարինեցին Ողբերգութիւն բառով:

Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան չորս անդամներ, որոնք խորհրդարան կը գտնուէին եւ կը գործակցէին բոլոր կուսակցութւններուն հետ, դժուարութեամբ ընդունեցին այդ փոփոխութիւնը, որովհետեւ, 7 ժամուան դրական արտայայտութիւններէ ետք, եւ կարգ մը Ազատական կուսակցութեան անդամներու խոստումնե՝ը, ապագային «Ողբերգութիւն» բառը Ցեղասպանութիւն բառով փոխարինելու, ափսոս պիտի ըլլար արդէն ընդունուած այս բանաձեւը մերժելու: Որովհետեւ Ազատական կուսակցութիւնը մեծամասնութիւն կը ներկայացնէր խորհրդարանին մէջ, եւ, հեշտութեամբ կրնար ձախողութեան ենթարկել այս բանաձեւը:

Առ այդ, ներկայացուած բանաձեւը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ Ցեղասպանութիւն բառի փոփոխութենէն ետք:

Հայ Դատի յանձնախումբը, յաջորդ օրն իսկ, նոր աշխատանքի ձեռնարկեց իր բարեկամ երեսփոխաններու միջոցաւ նոր բանաձեւ մը պատրաստելու, ուր յստակօրէն յիշուած ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութիւն բառը:

1999 Փետրուարին, պրն. Ճուլիըն Ռիտ, որ Արտաքին գործոց նախարարին խորհրդականին քարտուղարն էր, թրքանպաստ յայտարարութիւն մը կատարեց, որ Հայ Դատի յանձնախումբին կարծիքով, ետդարձ մը կ’ըլլար 1996-ի բանաձեւին:

Արդէն իսկ, պրն. Ռիտի յայտարարութեան նոյն օրը, Հայ Դատի անդամները շտապ հանդիպում մը ունեցան Արտաքին Գործոց նախարար Լլոյտ Աքսուըրթիի խորհրդատուներուն հետ, անոնց փոխանցելով գանատահայութեան զայրոյթը այդ յայտարարութեան համար:

5 Մարտ 1999-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Լլոյտ Աքսուըրթիի հետ, պրն. Ռիտի յայտարարութեան շուրջ:

Հանդիպման ընթացքին, Արտաքին գործոց նախարարը խոստովանեցաւ, որ ինք տեղեակ չէ եղած իր խորհրդարանական քարտուղարի ելոյթէն եւ ինք համաձայն չէ անոր յայտարարութեան:

Պրն. Աքսուըրթի այս առթիւ յայտնեց, որ ինք համոզուած է եւ կասկած չունի Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան եւ խոստացաւ գործակցիլ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ, սրբագրելու համար Ճուլիըն Ռիտի յայտարարութիւնը:

1999-ի Փետրուարէն Յունիս, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերը ահազանգի ենթարկեցին գանատահայութիւնը, որոնք բողոքի հազարաւոր նամակներ եւ բացիկներ ուղարկեցին Գանատայի վարչապետին եւ Արտաքին Գործոց նախարարութեան:

Այս ճնշումին որպէս արդիւնք, պրն. Ճուլիըն Ռիտ, խորհրդարանին մէջ յայտարարութիւն մը կատարեց, սրբագրելով Փետրուարին ունեցած իր յայտարարութիւնը: Նոյն ժամանակ, Արտաքին Գործոց նախարարը Ազատական կուսակցութեան անդամներէ բաղկացած յանձնաժողով մը կազմեց, պրն. Տէրէք Լիի նախագահութեամբ, որպէսզի ուսումնասիրեն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ իրենց ուսումնասիրութեան արդիւնքը առաջարկեցին փոխանցել նախարարին:

Այս յանձնաժողովի թելադրութիւններու արդիւնք, նախարար Լլոյտ Աքսուըրթի, պատրաստակամ էր երկու տարբեր առիթներով յայտարարութիւն կատարելու խորհրդարանէն ներս, ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Դժբախտաբար, վարչապետ Գրեթիէնի գրասենեակը կասեցուց նախարարին նախաձեռնութիւնը:

Ի յայտ եղաւ, որ Արտաքին Գործոց նախարարութեան կարգ մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ղեկավարութեամբ փոխ-նախարար Փօլ Հայնպէքըրի, որ ամուսնացած է թուրք կնոջ մը հետ, առանց արտաքին գործոց նախարարի գիտակցութեան, խնդրած է վարչապետի գրասենեակէն, որպէսզի կասեցուի նախարար Աքսուըրթիի ելոյթը:

1999-ին տեղի ունեցած եւ կատարուած աշխատանքներէն ետք, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշեց ընդլայնել ճանաչումի աշխատանքները քաղաքական զանազան մարզերէ ներս: Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանի կողքին, Հայ Դատի յանձնախումբը իր աշխատանքները սկսաւ տանիլ Գանատայի Ծերակոյտէն ներս, եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու մէջ:

Հայ Դատի յանձնախումբը, համագործակցելով ծերակուտականներ Շըրլի Մահէոյի եւ հայազգի զաւակ Ռէյմոնտ Սէթլաքուիի հետ, աշխատանք տարուեցաւ, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ մը ներկայացուի Ծերակոյտին:

Տիկին Մահէօ, բանաձեւը ներկայացնելու նախաձեռնողը եղաւ: Ծերակուտական Սէթլաքուի երկրորդեց եւ բանաձեւը անցաւ Ծերակոյտի օրակարգին վրայ: Դժբախտաբար, 11 Սեպտեմբերի դէպքերը Մ. Նահանգներու մէջ, ուշացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ճանաչումը Ծեակոյտին կողմէ, մինչեւ 13 Յունիս 2002:

Հայ Դատի յանձնախումբը մէկուկէս տարուան ընթացքին, առօրեայ ներկայութիւն էր Գանատայի Ծերակոյտէն ներս, հանդիպումներ ունենալով զանազան ծերակուտականներու հետ, անոնց ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական, իրաւական եւ համամարդկային երեսները:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի երեք հոգինոց պատուիրակութիւն մը, Օթթաուայի մէջ 50-է աւելի ծերակուտականներու հետ յարատեւ կապ պահեց եւ հանդիպումներ ունեցաւ: Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբերը իրենց շրջանները ներկայացնող ծերակուտականներու հետ հանդիպումներ ունենալով, նամակներով եւ հեռաձայնային խօսակցութիւններով, թափ տուին այս աշխատանքին, որ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ 13 Յուլիս 2002-ին, Ծերակոյտի անդամներուն ջախջախիչ մեծամասնութեան ձայնով: Պահպանողական ծերակուտականներ Գան Տէ Նինօ եւ Էնտրու Չէք ժրաջան համագործակցութիւն ցոյց տուին, իրենց կուսակցութեան անդամ ծերակուտականներուն մղելով որ քուէարկեն ի նպաստ բանաձեւին:

Գալով ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն, 28 Նոյեմբեր 2003-ին, Գանատայի բազմամշակութային խորհուրդը, որ կ’ընդգրկէ 32 փոքրամասնութիւններ, իր նախագահներու խորհուրդ ժողովին բանաձեւ մը որդեգրեց, ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Որոշումին միակ դէմ քուէարկողը եղաւ թրքական պատուիրակութիւնը:

14 Յունուար 2004-ին, Գանատայի Փոքրամասնութիւններու մամլոյ խորհուրդը, որ կը ներկայացնէր 800-է աւելի լրագիրներ, հեռատեսիլի յայտագիրներ եւ ձայնասփիւռի կայաններ, բանաձեւով մը ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Վերոյիշեալ երկու կազմակերպութիւնները, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման իրենց որոշումները փոխանցեցին Գանատայի վարչապետին, կառավարութեան եւ բոլոր երեսփոխաններուն:

Մինչ այդ, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, շարունակեց իր աշխատանքները Գանատայի խորհրդարանէն ներս, ուր 1999-էն 2004-ի սկիզբը, բազմաթիւ երեսփոխաններու միջոցաւ, որոնց կարգին էին Սվէնտ Ռոպինսըն, Ալեքսա ՄգՏանա, Մատլէն Տալֆոն-Կիրալ եւ Սարգիս Ասատուրեան, ճանաչումի անձնական բանաձեւեր ներկայացուցին խորհրդարան, դժբախտաբար, այս բանաձեւերը չյաջողեցան, պարզապէս, անձնական անդամներու կողմէ ներկայացուած բանաձեւերու օրէնքին պատճառաւ, ուր որեւէ բանաձեւ կը ձախողի, եթէ միաձայնութեամբ չքուէարկուի:

2003-ի վերջաւորութեան, խորհրդարանի օրէնքները փոփոխութեան ենթարկուեցան, ուր խորհրդարանի անդամներու անձնական բանաձեւերը կրնային քուէարկուիլ եւ պարզ մեծամասնութեամբ որդեգրուիլ:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, նոր օրէնքի հիման վրայ, մօտեցաւ երեսփոխաններ Մատլէն Տալֆոն-Կիրալի եւ Սվէն Ռոպինսընի, որպէսզի նոր բանաձեւեր ներկայացնեն խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ:

Առ այդ, տիկ. Կիրալ ներկայացուց M-380 բանաձեւը, իսկ Սվէնտ Ռոպինսըն, M-370 բանաձեւը: 25 Փետրուար 2004-ին, երկու բանաձեւերը միացեալ ներկայացուեցան խորհրդարան, որպէս M-380 բանաձեւ:

Մէկ ժամ տեւողութեամբ, բանաձեւի առաջին ընթերցումը տեղի ունեցաւ 25 Փետրուար 2004-ին, իսկ երկրորդ ընթերցումը տեղի ունեցաւ 20 Ապրիլ 2004-ին, եւ քուէարկութիւնը՝ 21 Ապրիլ 2004-ին, 153 թեր եւ 68 դէմ քուէներով, խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, այս բանաձեւի ընդունման համար ճիգ չխնայեց, վեց ամսուան ընթացքին, Հայ Դատի Գանատայի եւ շրջաններու Հայ Դատի յանձնախումբերու հետ գործակցաբար, բացառիկ ճիգ եւ աշխատանք ի գործ դրաւ, 150-է աւելի նախարարներու, երեսփոխաններու եւ ծերակուտականներու հետ հանդիպումներ տեղի ունեցան Օթթաուայի, Մոնթրէալի, Լաւալի, Թորոնթոյի, Համիլթընի, Գեմպրիճի, Սենթ Գաթրինզի, Ուինծըրի, Վանգուվըրի եւ Էտմինթընի մէջ:

Յատուկ թղթածրար մը պատրաստուեցաւ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբին կողմէ եւ ուղարկուեցաւ խորհրդարանի բոլոր անդամներուն:

Առաջին եւ երկրորդ ընթերցման օրերուն, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ապահոված էր Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման ի նպաստ արտայայտուող երեսփոխաններու ցանկ մը, իսկ քուէարկութեան օրը, Հայ Դատի յանձնախումբերու անդամները եւ իրենց յարակից միութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ գանատահայ գաղութի այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ խուռներամ լեցուցին խորհրդարանի դահլիճը:

Փետրուարին, առաջին ընթերցումէն ետք, Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի թուրք ընկերակցութիւնները հակաբանաձեւի արշաւ մը կազմեց խորհրդարանէն ներս, Հայ Դատի յանձնախումբերը անմիջապէս հակազդեցին այդ արշաւին, ուր 2000-է աւելի նամակներ, անհատներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ ղրկուեցան խորհրդարանի անդամներուն:

5000-է աւելի բացիկներ եւս ուղարկուեցան խորհրդարանի անդամներուն, հակազդելու համար թուրքերու արշաւին: Այս զօրաշարժը, դրական ազդեցութիւն ձգեց խորհրդարանի անդամներուն մօտ, նկատի ունենալով, որ թուրքերու ղրկած նամակներուն մեծամասնութիւնը Գանատայի դուրսէն եկած էին:

Իսկ բանաձեւի քուէարկութենէն չորս օր առաջ, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Պօղոս Տուզճեան, Ռուբէն Գույումճեան եւ Արիս Պապիկեան արդէն իսկ կը գտնուէին Գանատայի խորհրդարանին մէջ, հետեւելու եւ առաջքը առնելու որեւէ անակնկալ երեւոյթի:

Երեքշաբթի, 20 Ապրիլին, Պահպանողական կուսակցութեան արտաքին յարաբերութեան բանբեր պրն. Սթոքուէլ Տէյի հետ հանդիպման ընթացքին, ի յայտ եկաւ, որ «Bombardier» եւ «SNC Lavalin» ընկերութիւնները Թուրքիոյ ի նպաստ աշխատանք կը տանին, ձախողեցնելու համար բանաձեւը: Գանատայի մօտ թուրք դեսպանը, Ապրիլ 19-ին եւ 20-ին նամակներ յղեց խորհրդարանի անդամներուն, անոր մէջ յատուկ կոչ ուղղելով որպէսզի դէմ քուէարկեն բանաձեւին:

Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը անմիջապէս հակազդեց այս նամակարշաւներուն, իր կողմէ պատրաստուած նամակ մը խմբագրելով եւ հոն բացայայտելով, որ Թուրքիոյ կառավարութեան տնտեսական սպառնալիքները խօսքեր են միայն, եւ, Գանատայի խորհրդարանի անդամները չհաւատան այդ սպառնալիքներուն: Այս նամակը ուղարկուեցաւ խորհրդարանի բոլոր անդամներուն:

Իսկ նոյն օրուան կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Հայ Դատի յանձնախումբը տեղեկացաւ, թէ Արտաքին Գործոց նախարար Պիլ Կրահամ յաջորդ օր ժամը 8:30-ին, ներկայ պիտի գտնուի Ազատական կուսակցութեան Օնթարիոյի ֆրակցիայի ժողովին, որպէսզի ճնշում բանեցնէ անոնց վրայ, որպէսզի դէմ քուէարկեն ներկայացուած բանաձեւին: Ապա ան պիտի երթար Ազատական կուսակցութեան խորհրդարանական ֆրակցիայի լիագումար ժողովին, որպէսզի նոյնը պահանջէ անոնցմէ:

Հայ Դատի յանձնախումբը անմիջապէս հակազդեց այս կացութեան եւ նամակ մը ուղարկեց Ազատական կուսակցութեան երեսփոխաններուն, զգուշացնելով զանոնք Արտաքին Գործոց նախարարին առած քայլերէն:

Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարգին հանդիպումներ ունեցաւ Ազատական երեսփոխաններուն հետ, անոնցմէ խնդրելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ արտայայտուին յաջորդ օր կայանալիք իրենց ֆրակցիայի ժողովին:

Հայ Դատի յանձնախումբը մինչեւ վերջին վայրկեան իր աշխատանքները շարունակեց յատկապէս Ազատական կուսակցութեան երեսփոխաններուն մօտ: Քուէարկման օրը, Հայ Դատի պատուիրակութիւնը, կէսօրուան ժամերէն սկսեալ տեղաւորուած էր խորհրդարանի դահլիճի Ազատական կուսակցութեան տեղաբաժնին մէջ, ի նպաստ քուէարկելու վերջին յիշեցումը կատարելով երեսփոխաններուն:

Հոս պէտք է նշել, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ տեղի ունենալիք օրակարգը ճշդուած էր 28 Ապրիլ 2004-ին, սակայն, Հայ Դատի յանձնախումբը կրցաւ թուականը փոխել Ապրիլ 21-ին, առաջքը առնելով անակնկալներու, ինչպէս ընտրութիւններու թուականի յայտարարութեան եւ թրքական կողմի քարոզչական աշխատանքներու արգելակում: Թուականի փոփոխութիւնը կարելի եղաւ ձեռք ձգել Նոր Ժողովրդավար կուսակցութեան անդամ Լիպի Տէյվիսը համոզելէ ետք, որպէսզի իր Ապրիլ 21-ի իր անձնական մէկ այլ բանաձեւը ներկայացնելու թուականը փոխելով եւ զայն փոխարինելով M-380 բանաձեւով:

Այս բանաձեւին յաջողութիւնը արդիւնքն է Հայ Դատի յանձնախումբերու յարատեւ աշխատանքներուն, խորհրդարանի անհատ երեսփոխաններու բանաձեւի օրէնքի փոփոխութեան եւ վարչապետ Փօլ Մարթէնի խոստումին, ազատ քուէի իրաւունք տալով իր կուսակցական երեսփոխաններուն:

Այս աշխատանքներուն ընթացքին, Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Արա Պապեան, իր կողմէ նամակ մը ուղարկելով Գանատայի երեսփոխաններուն, հակազդելու համար թուրք դեսպանին կողմէ ղրկուած կատաղի եւ ընդվզեցուցիչ նամակներուն:

Այս աշխատանքին եւ ճանաչման իրենց դրական մասնակցութիւնը բերին երեսփոխաններ Մատլէն Տալֆոն-Կիրալ, Սարգիս Ասատուրեան, Ճէյսըն Քենի, Ալեքսա ՄգՏանա, Սվէն Ռոպինսըն, Սթեֆան Տիոն, Ճիմ Գարիճիանիս, Էլէնի Պաքոփանոս, Սթոքուէլ Տէյ, Ճէյմս Ռաճոլթ, Իրուին Գաթլըր, Տէրէք Լի, Ճիմ Փիթըրսըն, Ռէալ Մենար, Տէյվիտ Գոլոնէթ, Եանքօ Փէրիջ, Ճոն Քանիս, Ճէք Սաատա, Սթիվըն Օուէնզ, եւ ծերակուտականներ Շըրլի Մահէօ եւ Ռէյմոնտ Սէթլաքուի:

Հակառակ կառավարութեան առած որոշումին, որ կառավարական դահլիճի բոլոր նախարարները դէմ քուէարկեն, 4 նախարարներ՝ Իրուին Գաթլըր, Ճիմ Փիթըրսըն, Սթիվըն Օուէնզ եւ Ճին Օկըսթին ձեռնպահ մնացին:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերը հաւատարիմ իրենց կոչումին, համոզումով եւ հաւատքով հետապնդեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի աշխատանքները: Գանատայի մէջ շարունակեցին եւ հետապնդեցին 45 տարիներու ընթացքին եւ հպարտալի յաղթանակներ ապահովեցին ոչ միայն Գանատայի հայութեան, այլ՝ ամբողջ հայութեան:

Այսուհանդերձ, Հայ Դատի աշխատանքները պիտի շարունակուին, մինչեւ թուրք պետութիւնը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Արիս Պապիկեան

3 Մայիս, 2004

«Հորիզոն»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.