Ռազմաճակատի Օրագիր. Պատերազմի հարիւր ժամը


Ռուս լրագրող Տմիթրի Փիսարենքօ «Սփութնիք» կայքին վրայ դէպի Արցախ իր ճանապարհորդագրութեան մասին հետեւեալը կը գրէ.

ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԴԷՊԻ ՀԱՐԱՒ

Ես ուշադիր կը նայէի մարդոց դէմքերուն եւ կը փորձէի ճանչնալ ծանօթ մարտիկներու տակաւին նախորդ՝ 90-ականներու պատերազմէն։ Բոլորը հասարակաց գիծեր ունին՝ չսափրուած դէմքեր‚ պեխեր‚ բայց ասիկա արդէն ուրիշ սերունդ է։

Երբ ես 20 տարեկան էի‚ մարտիկներու տարիքը գրեթէ այնքան էր‚ որքան հիմա իմը‚ այժմ վեթերաններու տարիքը շուրջ 50 է։ Բայցեւայնպէս յաջողեցայ գտնել ծանօթներ‚ որոնց հետ երկու անմոռանալի շաբաթ անցուցած եմ հեռաւոր 1993-ին։

«Դուք դիրքերէ՞ն իջած էք»‚ հարցուց պահեստապետը միւս զինուորներուն։

«Այո‚ իջած ենք 1994-ին։ Հիմա դարձեալ կը բարձրանանք»‚ ըսաւ միւսը։

Զօրամասերէն մէկուն մէջ‚ ուր կը ձեւաւորուին կամաւորական ջոկատները‚ տեղի ունեցած այս երկխօսութեան ժամանակ ծանօթ ձայն լսեցի։ Ատիկա իսպաէս Արսէնն էր (անունը փոխուած է)։

Այն պատերազմի ժամանակ ան վաշտի հրամանատար էր‚ հիմա նոյնպէս իր մարտիկներու հետ կ’երթար դիրքեր։ Անոնք կը մեկնին հարաւ։ Այնտեղ մարտեր տեղի կ’ունենան բարձունքը գրաւելու համար։ Այնտեղէն կը վերահսկուի մեծ տարածք։ Ազրպէյճանի զինուորները հրասանդներէ կրակ կ’արձակեն այդ բարձունքէն։

«Լաւ պիտի ըլլար՝ օդանաւ ըլլար»‚ ըսաւ Արսեն։

Բայց Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի պաշտօնական ներկայացուցիչները կ’ըսեն‚ որ նպատակայարմար չէ աւելի վճռական գործողութիւններու դիմել։

«Կը յիշեմ՝ նախորդ պատերազմի ժամանակ դիրքերուն վրայ կ’երազէի‚ որ երբ վերադառնամ‚ պիտի պառկիմ սպիտակ‚ մաքուր սաւանով անկողինի մէջ եւ սուրճ պիտի խմեմ‚ սակայն աւելի կ’երազէի լոգնալու մասին»‚ կ’ըսէ Արսենը։

ՃԱՄԲԱՅ ԴԷՊԻ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԹԷԺ ՀԱՐԱՒ

Արսենի ընկերը կը յիշէ 1993 թուականի յարձակումներէն մէկը։ Պէտք է գետէն անցնէին։ Մարտիկները առիթէն օգտուեցան եւ լոգցան։ Պատերազմի ժամանակ ասիկա եզակի յաջողութիւն է։

Ճամբան հարաւ կը տանի։ Հեռուէն ռմբակոծումներու ձայներ կը լսուին։ Այնտեղ պատերազմը արդէն սկսած է։

ԲԱՐՁՐ ՃԱՐՏԱՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Տարիքով աւելի մեծ մարտիկները պատերազմի համար կարեւորագոյն բանն ունին՝ ռազմական փորձառութիւն։ Առաջինը‚ ինչ աւագ ընկերներէն կը սորվի երիտասարդ զինուորը այն է‚ որ ռազմաճակատին ճիշդ կազմակերպուած առօրեան շարք մը խնդիրներ կը լուծէ։

Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ կամաւորները‚ ինչպէս ի յայտ եկաւ‚ կը բախին շարք մը խնդիրներու‚ որոնց մասին խաղաղ ժամանակ նոյնիսկ չէին ալ մտածած։

ՄԱՐՏԱԿԵՐՏ

Առաջին ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ ոչ ոք բջիջային հեռաձայն ուներ։ Իսկ այսօր իւրաքանչիւրը իր ձեռքին ունի հեռաձայն‚ որ անհրաժեշտ է լեցնել որեւէ տեղ։

Բոլոր անոնք‚ ովքեր կը վերադառնան դիրքերէն հանգիստի‚ առաջին հերթին վարդակ կը փնտռէ՝ հեռաձայնը լեցնելու եւ հարազատներու հետ կապուելու համար։

Փորձառու ռազմիկները խորհուրդ կու տան անոնց‚ որոնք ռազմական գործողութիւններու գօտի կ’երթան‚ իրենց հետ ունենալ ոչ միայն հագուստ եւ սնունդ‚ այլ նաեւ մարտկոցներ‚ լեցուած սարքեր‚ եռաբաշխիկներ։

«Հարազատները սրբութիւն են‚ սակայն բջիջային հեռախօսներով պատերազմի մէջ չես յաղթեր»‚ կ’ըսէ մարտիկներէն մէկը։ «Ռազմաճակատին վրայ ամէնէն անհրաժեշտը փամփուշտները‚ ձեռնառումբերը եւ ռումբերն են»։

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱՅԷՆ ՂԱՐԱԲԱՂ

Վարորդ-մեքանիք Կարենը հրաշքով ողջ մնացած է հրասայլային մարտի մը ընթացքին։ Կարենի վարած հրասայլին վրայ ինկած է հակառակորդի ռումբը‚ հրամանատարը զոհուած է։ Ի վերջոյ անոնք յաջողած են հրասայլը դուրս բերել կրակի տակէն‚ իսկ Կարենը‚ հայկական դիրքեր հասնելով‚ կորսնցուցած է գիտակցութիւնը։ Հիմա ան արդէն դուրս եկած է հիւանդանոցէն եւ նոր հրամաններու կը սպասէ։

Ընդհանուր ուշադրութեան կեդրոնը յայտնուած էր ձեռքին գեղարուեստական դաջուածքներով կամաւորը։ Անոր անունը Էտկար է‚ երեք ամիս առաջ Միացեալ Նահանգներէն եկած է Հայաստան‚ ու երբ սկսան ռազմական գործողութիւնները‚ անմիջապէս մեկնեցաւ Ղարաբաղ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՐՏԻ ԴԱՇՏԷՆ. ԿԼԵՆՏԷՅԼԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՐՑԱԽ

Էտկարը Կլենտէյլ կ’ապրի։ Այս քաղաքը ծանօթ է այն բանով‚ որ այստեղ կ’ապրի Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն հայկական համայնքը։ Ամերիկացի կամաւորը կ’ըսէ‚ որ պիտի վերադառնայ Կլենտէյլ միայն վերջնական յաղթանակէն ետք։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂԱՒՆԻՆԵՐ

Ռազմաճակատի հարաւային մասին մէջ յանկարծ աղաւնիներ յայտնուեցան։ Չորս «խաղաղութեան թռչուններ»‚ որոնք ճիշդ առջեւի գիծին վրայ հացի փշուրներ կ’ուտէին։ Մարտիկները հաճոյքով կը կերակրէին անոնց։

Զինուորները թռչուններու գալուստը լաւ նշան կը համարեն։ Աղաւնիները եկան մէկ անգամէն այն բանէն ետք‚ երբ զինադադար յայտարարուեցաւ։ Հարաւային մասին մէջ այլեւս չի լսուիր ո՛չ ռմբակոծութեան‚ ո՛չ ալ կրակոցի ձայն։

Արդեօ՞ք խաղաղութիւն է։

ԱՌԱՆՑ ՕԴԱՉՈՒԻ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Փոքր դադարէ ետք դարձեալ կրակոցներ լսուեցան։ Բարեբախտաբար երկարատեւ չէին։ Մատիկները ոչ թէ հակառակորդի դիրքերու ուղղութեամբ կը կրակէին‚ այլ՝ երկինք։ Ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերը կ’որսային։ Ատոնցմէ մէկը նկատեցին մօտաւորապէս ժամը 15-ին ու անոր ուղղութեամբ կրակ բացին։

«Խստացնել օդային հսկողութիւն»ը‚ ստորաբաժանման հրամանատարը կարգադրութիւններ կը կատարէր։ Հրամանը բոլորին կը վերաբերի։ Ներառեալ անոնց‚ որոնք թաքստոցներ կը փորեն։ Ռազմաճակատի գիծը այսօր ոչ թէ ցամաքէն‚ այլ երկինքէն կ’անցնի։

Ասոնք միայն բարձր ու գեղեցիկ խօսքեր չեն։ Առաջին գիծին վրայ գիտեն‚ որ դիրքերու վերեւ երկինքը այնքան ալ անվտանգ չէ։ Ռազմական հերթապահութեան իւրաքանչիւր մարտիկ թաքստոց ունի օդային տագնապի պարագային։

ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՆ ԱՌԱՆՑ ՕԴԱՉՈՒԻ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԵՐՈՒՆ

Այս անգամ հակառակորդի առանց օդաչուի թռչող սարքը (ԱԹՍ) կ’անցնի ռազմաճակատի գիծէն միւս կողմ։ ԱԹՍ ունի նաեւ հայկական կողմը։ Մարտիկներն իրենց եւ օտար սարքերը կը զանազանեն թռիչքի ուղղութեամբ։

Անօդաչու սարքը փոքր է եւ վտանգաւոր։ Զայն խոցելը այնքան ալ դիւրին չէ։ Սակայն հրամանատարները կ’ըսեն‚ որ մարտիկները արդէն սորված են ոչնչացնել հակառակորդի ԱԹՍ-ն։

Զինուորականներու մարտական ոգին բարձր է։ Այն դիրքերը‚ որոնք կը վերահսկեն ժամկետային զինուորները‚ ամրացան «Երկրապահ» կամաւորականներու եւ փորձառու մարտիկներու շնորհիւ։ Անոնցմէ շատերը 23 տարի առաջ մասնակցած են այս ուղղութեամբ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն։

«Այս սահմանները մենք գծած ենք իմ զինակից ընկերներու արեան գնով»‚ կ’ըսէ առաջին ղարաբաղեան պատերազմի կամաւոր-վեթերաններու ստորաբաժանման հրամանատար Եուրի Ալեքսանեանը։ «Այժմ մենք դարձեալ զանոնք կը պաշտպանենք երիտասարդներու հետ ուս ուսի տուած»։

Մարտիկներէն մէկը կ’ըսէ‚ որ հրասայլային յարձակումներու ժամանակը անցած է։ Հիմա յաղթելու համար անհրաժեշտ է բարձր ճարտարագիտութեան լաւ տիրապետել։

ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԱՌԱՆՑ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ

Ասիկա իւրայատուկ պատերազմ է։ Պատերազմ՝ առանց գերիներու…

Առանց օդաչուի թռչող սարքերով այսօր որեւէ մէկուն չես զարմացներ։ Ատոնք աշխուժօրէն կ’օգտագործուին նորագոյն ժամանակներու բոլոր հակամարտութիւններուն մէջ՝ ե՛ւ Տոնպասի‚ ե՛ւ Սուրիոյ մէջ։

Ինքնասպան-անօդաչուները այս քանակութեամբ տակաւին ոչ մէկ տեղ եւ երբեք չեն օգտագործուած։ Եթէ կողմերը ռազմական օդանաւ օգտագործէին (ինչի յոյսն ունէին առաջին գիծի մարտիկները)‚ հակամարտութեան մասշտապները աւելի մեծ պիտի ըլլային։ Պատերազմը աւելի դժուար պիտի ըլլար կանգնեցնել։

Անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրետանիի օգտագործումը կը վկայէ այն մասին‚ որ պատերազմը հեռաւորութեան վրայ կ’ընթանար։ Սակայն կային նաեւ մօտիկ բախումներ եւ հրասայլային պայքար։ Առաջին ղարաբաղեան պատերազմի նման։ Եւ նոր սերունդի մարդիկ նոյնպէս պատրաստ են զոհուելու յանուն իրենց հողի‚ ինչպէս անոնց հայրերն ու պապերը 90-ականներու սկիզբը։

Այս կարճ պատերազմի ժամանակ գերիներ չէին վերցներ։ Եւ ասիկա հաւանաբար ոչ այն պատճառով‚ որ կ’օգտագործէին բարձր ճարտարագիտութիւններ‚ որոնք կ’արտօնեն խոցել կւամ հեռացնել հակառակորդը։

Սակայն մենք տակաւին կը հաւատանք‚ որ միակ անհետ կորսուած հայ զինուորը տակաւին պիտի վերադառնայ տուն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.