ԱՄՆ Նախագահ Ուիլսընի իրաւարարական վճիռըՄիացեալ Հայաստանի սահմաններուն մասին


Դաշնակիցներու Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ իրեն եղած դիմումին ընդառաջ երթալով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը՝ Ուուտրօ Ուիլսըն, իբրեւ գերագոյն իրաւարար, 22 Նոյեմբեր 1920ին արձակեց իր վճիռը Միացեալ Հայաստանի սահմաններուն մասին, ըստ Սեւրի դաշնագրին: Հետեւեալը, իրաւարարական այդ վճռի բնագրին ամբողջական թարգմանութիւնն է.

Պարոն նախագահ,

Գերագոյն Խորհուրդի Ապրիլ 26ի որոշումով ինծի հրաւէր ուղղած էիք իրաւարար ըլլալու Թուրքիոյ եւ նորակազմ Հայաստանի սահմանային հարցին: Այս տարի, Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող պետութեանց ներկայացուցիչները այս պատիւը շնորհած են ինծի, շեշտելով նաեւ իրենց մտադրութիւնը ընդունելու իմ ճշդած սահմանները եւ որեւէ պայման, որ դէպի ծով անցք պիտի տայ Հայաստանին, եւ բոլոր կարգադրութիւնները, որոնք պիտի ապազինեն սահմանակից թրքական հողամասերը:

Սեւրի դաշնագրի 89 յօդուածին, մաս III, հատուած 6ի պայմաններուն համաձայն, յստակօրէն ճշդորոշուած է, որ սահմանային այս իրաւարարութիւնը պիտի կատարուի Էրզրումի, Վանի, Պիթլիսի եւ Տրապիզոնի վիլայէթներուն մէջ: Խորապէս գիտակից այս հրաւէրով իմ վրայ դրուած պատասխանատուութեան, լծուեցայ այս դժուարին գործին, հայ ժողովուրդի շահերուն ծառայելու բուռն փափաքով, ինչպէս նաեւ այս բազմաչարչար երկրին մէջ ապրող բոլոր բնակիչներուն, ինչ ցեղի եւ կրօնքի ալ պատկանին անոնք, ի միտի ունենալով կիրարկել ամենախիստ արդարութիւնը այդ ժողովուրդներուն հանդէպ՝ քիւրտ, թուրք, յոյն կամ հայ, որոնք կը բնակին յարակից շրջաններուն մէջ:

Բացայայտ է, որ այս հարցի լուծման համար չորս վիլայէթներու բնակչութեան կրօնական եւ ազգագրական հանգամանքը կարելի չէր ընդունիլ իբրեւ ուղեցոյց: Ազգաբնակութեան մը համար, որ վաղուց ի վեր բազմազանգուած խառնուրդ մըն է, ազգագրական նկատումը աւելի եւս կը դժուարանայ, երբ հաշուի առնենք հայերու եւ յոյներու տարագրութիւնները եւ կոտորածներու արդիւնքը եւ ահաւոր կորուստները, որոնց ենթարկուեցաւ մահմետական բնակչութիւնը գաղթի, բծատենդի եւ այլ հիւանդութիւններու հետեւանքով:

Սեւրի դաշնագրի 89րդ յօդուածով իրաւարարութեան չորս նահանգներու մէջ սահմանափակումը պարտք եւ պարտաւորութիւն կու տայ ինծի նորակազմ Հայաստանին զիջիլ ըստ կարելւոյն մեծ հողամաս մը, որ թէ՛ գոհացում տայ սահմանային բնական եւ տրամաբանական պահանջներուն եւ թէ՛ Հայաստանը կազմէ աշխարհագրական եւ տնտեսական միութիւն մը: Կենսական է չմոռնալ, որ Նոր Հայաստանի պետութիւնը, որ պիտի պարփակէ ռուսական Անդրկովկասի հայկական նահանգները, իր մէջ պիտի հաշուէ քրիստոնեայ եւ մահմետական տարրեր, ահաւոր թիւով եւ այլազան ցեղերով: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը պիտի բաղկանայ, աչքի առաջ ունենալով լեզու եւ կրօնք, հայերէ զատ նաեւ թուրքերէ, քիւրտերէ, յոյներէ, ղըզըլպաշներէ, լազերէ եւ ուրիշներէ: Հայերու, թուրքերու, քիւրտերու եւ յոյներու հողային ներհակ պահանջները, իմ իրաւարարութեան սահմաններուն մէջ, կարելի չէր միշտ ներդաշնակել: Այսպիսի պայմաններու մէջ, իմ համոզումն էր, որ առողջ տնտեսական կեանքի մը տեսակէտը ապագայ հայ պետութեան համար՝ պէտք է ունենար վճռական նշանակութիւն: Հոն, ուր յստակ աշխարհագրական սահմանագիծի պահանջներ կը ներէին, սահմանի բոլոր լեռնային եւ հովիտային մասերը, ուր գլխաւորաբար հայեր եւ քիւրտեր կը բնակին, ձգել Թուրքիոյ, բացի այն պարագայէն, երբ առեւտրական կապերը գլխաւոր, կեդրոնական քաղաքներու հետ կը պարտադրէին, որ անոնք անպայման Հայաստանին մնան: Հոն, ուր կարելի եղաւ տեղեկութիւն հաւաքել ցեղերու փոխ-յարաբերութեանց եւ անոնց եղանակային տեղափոխութեանց մասին, ճիգ ըրինք յարգելու այդ ցեղային խումբերու ամբողջականութիւնը եւ իրենց թափառիկ խաշնարածի շարժումները:

Պարսկական սահմանէն Ղոթուրի հարաւ-արեւմուտքը հայկական սահմանագիծը որոշուած է խորտուբորտ, բնական բարձր լեռնակատարներու գօտիով մը, որ կ’երկարի մինչեւ Վանայ լիճին հարաւ-արեւմուտքը՝ Պիթլիս եւ Մուշ քաղաքները: Այս սահմանագծումով Թուրքիոյ կը մնայ Հեքքեարի սանճագին ամբողջութիւնը, այսինքն Վանայ նահանգին կէսը եւ գրեթէ ամբողջութիւնը Սղերդի սանճագին: Բնագրական այս պատճառը, որ կ’արդարացնէ այս որոշումը, աւելի եւս կը զօրանայ ցեղաբնական տեսակէտէն, որ Հեքքեարին եւ Սղերդը գերազանցօրէն քրտական են բնակչութեամբ եւ տնտեսական կապերով: Հայ պետութեան համար շահաբեր պիտի ըլլար, որ ընդգրկէր նաեւ Մեծ Զապ գետին վերին հովիտը, որ մեծամասնաբար քիւրտ եւ ասորի բնակչութիւն ունի եւ անհրաժեշտ մաս մըն է Միջագետքի եւ Քիւրտիստանի Տիգրիս գետով ոռոգումին: Այս գլխաւոր ջուրերու հակակշիռը պէտքէ է վերապահուէր, որքան կարելի էր, երկու շահագրգռուած երկիրներու, Միջագետքի եւ Թուրքիոյ: Այս պատճառներով Հայոց յաւակնութիւնը՝ Մեծ Զապ գետի վերին հովիտին մասին՝ կարելի չէր գոհացնել:

Արեւմտեան սահմանը կ’երկարաձգուի Պիթլիսէն եւ Մուշէն դէպի հիւսիս Երզնկայի մօտերը, այսինքն Պիթլիս եւ Կարին նահանգներուն մէջէն: Ասիկա բնական աշխարհագրական պատնէշ մըն է, որ Հայաստանին կ’ընծայէ լիակատար ապահովութիւն, իսկ Թուրքիոյ կը թողու շրջան մը, որ զօրեղապէս քիւրտ է: Այս շրջանի հայ գիւղերը եւ շինական կորիզները, ինչպէս Քղի եւ Թեմրան, հարկադրաբար Թուրքիոյ կը ձգուին, որովհետեւ այստեղի հայերը եկեղեցական եւ առեւտրական յարաբերութիւններով աւելի Խարբերդի, քան Կարինի եւ Պիթլիսի հետ են կապուած: Այս որոշումը անխուսափելի հետեւանքն է Սեւրի դաշնագրին 27րդ յօդուածին, IIրդ մասի, 4րդ հատուածին եւ 89րդ յօդուածին, որոնք Խարբերդ քաղաքն ու շրջանը Թուրքիոյ թողած են:

Տերսիմի հիւսիսէն անդին, սահմանագծումի բնոյթը եւ ուղղութիւնը սերտօրէն կախում ունէին Հայաստանին համար ծովային գոհացուցիչ ելք մը գտնելէն: Այս խնդրին ճշգրիտ լուծումէն կախուած էր, իմ դատողութեամբ, չորս նահանգներու բնակչութեան՝ թուրք, քիւրտ, յոյն, եզիտի եւ հայ, տնտեսական ապագայ բարօրութիւնը: Նկատի առած եմ պահանջները Պոնտոսի յոյներուն, որոնք անցեալ Մարտին յուշագիր մը ներկայացուցին Գերագոյն Խորհուրդին, Լոնտոն գումարուած, որով կը պահանջէին ծովեզերեայ շրջանի միութեան պահպանումը եւ Ռիզէէն մինչեւ Սինոպ տարածուող հողամասի վարչական ինքնավարութիւնը: Սեւրի դաշնագրի 89րդ յօդուածով ինծի լիազօրութիւն տուող իրաւասութեան մէջ չէր իյնար ո՛չ այս շրջանի անկախութեան համար յանձնարարութիւն տալ եւ ո՛չ ալ ինքնավարութիւն: Նմանապէս իրաւունք չէր տար ինծի զբաղելու անկախ Ճանիկի ծովեզերեայ սանճագին հողամասով կամ Գասթեմունիի նահանգով, որոմց մէջ կը տարածուէր յոյներու տենչացած միութիւնը եւ ինքնավարութիւնը:

Լուծման երեք կարելի ուղիներ կային իմ առջեւս. 1) Այնպէս սահմանագծել, որ Տրապիզոնի բըվանդակ նահանգը Թուրքիոյ մնար: 2) Իր ամբողջութիւնով Հայաստանի հողամաս դառնար: 3) Նահանգին մէկ բաժինը տալ Հայաստանին եւ մնացորդը թողուլ Թուրքիոյ: Տրապիզոնի նահանգին բնակչութեան մեծամասնութիւնը անկասկած մահմետական է, իսկ հայերը՝ ըստ նախապատերազմեան գնահատութեան, անուրանալի է, որ թիւով յոյներէն պակաս էին: Ցեղաբնական այս ստոյգ իրողութիւնը որոշապէս դէմ էր եւ աննպաստ Հայաստանի ապագային համար: Ես կրնայի այս հարցին նայիլ միմիայն նոր քաղաքական միութեան կարիքներուն լոյսին տակ, իբրեւ մահմետական եւ քրիստոնեայ բնակչութեան խառն Հայաստանի մը եւ ոչ թէ միայն հայերու ապագային: Իմ համոզումս էր, հիմա ալ աւելի ամրացած, որ Հայաստանի համար դէպի ծով ելքի մը կարգադրութիւնը այնպէս պէտք է ըլլայ, որ այս պետութեան ամէն հնարաւորութիւն տրուի զարգանալու եւ յառաջդիմելու, եւ ան այսպէսով կարող ըլլայ վերադարձնելու եւ պահպանելու աշխարհի առեւտուրին համար այն օգտակար դերը, զոր իր աշխարհագրական դիրքը իրեն վստահած էր անցեալին, երթեւեկի այս պատմական մեծ ճամբուն վրայ: Քաղաքակրթութիւնը եւ այլատարր բնակչութեան երջանկութիւնը կախում պիտի ունենայ երկաթուղիներու շինութենէն եւ այս յետամնաց երեք նահանգներու յաճախակի մերձեցումէն Եւրոպայի առեւտուրին եւ մշակոյթին:

Տրապիզոնի նաւահանգիստէն դէպի Արեւելք Լազիստանի ծովեզերքի երկայնքին նաւահանգիստ ծառայելու դիւրութիւններ չկան, եւ Պոնտական լեռնաշղթային բարձր ու խորտուբորտ բնութիւնը, որ Լազիստանը Կարինէն կը բաժնէ, կը կղզիացնէ յետնամասը, մանաւանդ երբ երթակուղի կառուցանելու գործնական դժուարութիւնները նկատի առնենք: Պարսկաստանէն Պայազիտ եւ Կարինի դաշտերը կտրող կարաւաններու ճամբան, որ կ’անցնի Բաբերդ եւ Կիւմիւշխանէ քաղաքներուն մէջէն եւ դուրս կու գայ Տրապիզոն, Սեւ Ծովի վրայ պատմական հնամեայ համբաւ մը ունի իբրեւ մշտապէս օգտակար ճանապարհ:

Ահա ասոնք են այն նկատումները, որոնք հարկադրեցին զիս վերադառնալու իմ նախկին համոզումիս, թէ Տրապիզոն քաղաքն ու նաւահանգիստը պէ՛տք է ըլլան Հայաստանի անբաժան մասը: Եւ որովհետեւ խուրշուտի հովիտին ճամբան, որ կը վերջանայ Տրիպոլի քաղաքին մէջ, աւելի մեծ յարմարութիւններ եւ դիւրութիւններ ունի երկաթուղիի շինութեան համար, կենսական սեպեցի այս հովիտը եւս Հայաստանին տալ, աւելցնելով դէպի արեւմուտք բաւականաչափ հողամաս մը եւս, որ կարողանայ իր պաշտպանութիւնը կազմակերպել: Անտեղեակ չեմ, որ հայ պատուիրակութեանց պետերը իրենց հաճութիւնն են յայտնած հրաժարելու Սիւրմէնէէն արեւմուտք տարածուող հողամասի պահանջէն: Մահմետական այս հոծ շրջանի տիրապետութիւնը ստանձնելէ խուսափումը, որ հայերու կողմէ ճիգ մըն է արդար ըլլալու յոյներու եւ թուրքերու հանդէպ, զիս այն համոզման կը բերէ, որ անոնց հետ համամիտ ըլլալ պիտի նշանակէր անդարմանելի վնաս մը հասցնել Հայաստանի ապագային եւ անոր համայն բնակչութեան:

Այս հիման վրայ, պարո՛ն Նախագահ, սահմանագծումը կատարուած է այնպէս, որ հետեւի լեռնաշղթային Երզնկա քաղաքին արեւմուտքը՝ դէպի Պոնտական լեռնապարը եւ ապա Սեւ Ծով, Հայաստանի մէջ առնելով Զէֆիր պէյ կոչուող ատամնանման ծովեզերքը: Կիրասոն եւ Օրտու քաղաքներու նաւահանգիստները եւ ներքնահողերը Թուրքիոյ ձգելու որոշումը թելադրուած է այն իրողութենէն, որ այդ շրջանի բնակչութիւնը մեծապէս թուրք եւ մահմետական է, եւ այս քաղաքները միակ ծովային ելքն են Սըվազի նահանգին համար: Կարինի եւ Տրապիզոնի նահանգներու այն մասերը, որոնք սահմանագծումով Թուրքիոյ կը մնան, ունին մօտաւորապէս 12.120 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն:

Հայաստանի սահմանակից թուրք շրջանի ապազինման մէջ, որ լայնօրէն վերը բացատրուած է, անգործնական եւ անհարկի թուեցաւ հաստատել ապազինման շրջան մը, որ մեծ աշխատանք, պարտադրութիւններ եւ բարդ միջոցներ պիտի պահանջէր իր գործադրութեան համար: Բարեբախտաբար, Սեւրի դաշնագրին 177րդ յօդուածը կը հրահանգէ Թուրքիոյ բոլոր բերդերուն ապազինումը: Դաշնագրին 159 եւ 196-200 յօդուածները կ’ընձեռեն միջոցներ եւ դիւրութիւններ, որոնք բաւարար են արգիլելու եւ խափանելու խռովութեան վտանգները, որոնք կրնան ստեղծուիլ սահմանին վրայ: Նախ՝ ոստիկան սպաներու մէկ մասը դաշնակից եւ չէզոք պետութեանց կողմէ պիտի հայթայթուի, եւ ապա՝ պիտի կազմուի «Միջդաշնակցային Զինուորական մարմին», հակակշռի եւ կազմակերպական հսկողութեան համար: Այս պայմաններուն մէջ միակ յաւելեալ միջոցները, որոնք հարկաւոր պիտի ըլլային, անոնք են, որ «Միջդաշնակցային Զինուորական մարմին»ը, համաձայն դաշնագրի 200րդ յօդուածին տուած լիազօրութեան, Հայաստանի սահմանակից Թուրքիոյ հողերուն վրայ գործող ոստիկանական սպաները ընտրուին, ըստ դաշնագրի 159րդ յօդուածին, չէզոք եւ դաշնակից պետութեանց ներկայացուցիչներէն, եւ որ այս սպաները «Միջդաշնակցային Զինուորական մարմին»ի տրամադրութեան տակ պարտաւոր ըլլան արգիլելու բոլոր զինուորական պատրաստութիւնները, ուղղուած Հայաստանի սահմաններուն դէմ:

Խորապէս համոզուած եմ, որ հայ գաղթականները եւ անոնց պետերը երբ վերադառնան հայրենիք, պիտի խուսափին որեւէ վրէժխնդրական արարքէ, աշխարհին ցոյց տալով օրինակը այն բարձր բարոյական քաջութեան, որ միշտ հիմք պէտք է ծառայէ ազգային զօրութեան: Աշխարհը կ’ակնկալէ հայերէն, որ թուրք գաղթականներուն տան ամէն քաջալերանք եւ աջակցութիւն՝ վերադարձնելու զանոնք իրենց շրջանները՝ Տրապիզոնի, Վանի, Պիթլիսի եւ Կարինի մէջ: Նոյնպէս խորապէս համոզուած եմ, որ լազ եւ յոյն բնակչութեան ցոյց պիտի տրուի այնպիսի յարգալիր վերաբերում, որ գերազանցէ իրենց վարչական ազատամտութիւնը: Արդէն այս տարուան Օգոստոս 10ին հայերը ստորագրեցին փոքրամասնութեան դաշնագիր մը, որով լայնախոհ յանձնառութիւններ կը ստանձնեն ոչ-հայ կրօնական եւ ցեղային համայնքներուն համար: Այսպիսի վերաբերմունքն է, որ այս ժողովուրդները պիտի խրախուսէ գործակցելու սիրով եւ կամովին հայերու հետ՝ նորակազմ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերը ամրապնդելու համար:

Այսու ընդունեցէք իմ որոշման ամբողջական բնագիրը:

 

Ստորագր.

ՈՒՈՒՏՐՕ ՈՒԻԼՍԸՆ,

Ուաշինկթըն,

22 Նոյեմբեր 1920


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.