Գանատան` Փրկութեան Լաստ, Կամ` Աւազախրում


«Գա­նա­տա կայք հաս­տա­տե­լու առի­թը պէտք չէ վե­րա­ծել նո­րա­ձե­ւութ­եան, «Մո­տա»ի հե­տե­ւե­լու հեւ­քոտ ճի­գի, աւե­լին` ար­կա­ծախնդ­րա­կան ծրա­գի­րի մը»

Սուր­իոյ տագ­նա­պի առ­թած ան­կա­յու­նու­թիւնը, իր մեծ անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան կազ­մա­կերպ գա­ղու­թին վրայ, շա­տե­րուն մղե­լով, որ գաղ­թեն կամ ծրագ­րեն գաղ­թել հա­րե­ւան եր­կիր­ներ կամ աւե­լի հե­ռա­ւոր ափեր, այս պա­րա­գա­յին արեւմտ­եան եր­կիր­ներ:

Խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուս առանց­քը պի­տի չըլ­լայ, իրա­ւա­ցիու­թիւնը քն­նել նմա­նօ­րի­նակ ճակ­ատագ­րա­կան քայ­լի մը ու անոր անդ­րա­դար­ձը Սուր­իոյ գա­ղու­թա­յին իրա­վի­ճա­կին վրայ: Այդ մէ­կը կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ քն­նել առան­ձին յօդ­ուա­ծով մը:

Պի­տի զանց առ­նեմ իմ մտա­ծում­նե­րուս մէ­ջէն նա­եւ բո­լոր այն վար­կած­նե­րը, որոնք կը շօ­շա­փեն ուղ­ղորդ­ուած գաղթ կազ­մա­կեր­պե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը կամ գաղ­թա­կան­ներ հիւ­րըն­կա­լող եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ բաղդա­տա­կան­ներ ընե­լը եւ պի­տի կեդ­րո­նա­նամ առա­ւե­լա­բար Գա­նա­տան որ­պէս ընտ­րանք եւ կա­րե­լիու­թիւն տես­նե­լու շա­տե­րու բաղ­ձան­քին, եւ կամ ար­դէն ի՛սկ իրա­կա­նա­ցած ընտ­րու­թեան վրայ:

Գա­նա­տա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան գաղ­թա­կան­ներ ըն­դու­նե­լու այ­ս օ­րե­րու երե­ւոյ­թը, պա­տե­րազ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ան­կա­յու­նու­թե­նէ տա­ռա­պող եր­կիր­նե­րէ, նո­րու­թիւն մը չէ, ոչ ալ յա­տուկ մի­ջո­ցա­ռում: Պա­րա­գա­յա­բար, տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած, Գա­նա­տան իր իրե­րա­յա­ջորդ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րով 100% մի­ջոց­նե­րով ըն­դու­նած է գաղ­թա­կան­ներ` Սո­մալ­իա­յէն, Վի­էթ­նա­մէն, Ս­րե­լան­քա­յէն, Պոսն­իա­յէն, Եգիպ­տո­սէն, Լի­բա­նա­նէն եւ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ:

Այ­ս օ­րե­րու գան­ատա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կի­րա­ռած Սուր­իա­յէն գաղ­թա­կան­ներ ըն­դու­նե­լու մի­ջոց­նե­րը կը բաժն­ուին հիմ­նա­կան եր­կու են­թա­բա­ժա­նում­նե­րու: Մին ուղ­ղա­կի կա­ռա­վա­րու­թեան խնա­մա­տա­րու­թիւնը եւ նիւ­թա­կան հո­գա­ծու­թիւնը վա­յե­լող գաղ­թա­կան­ներն են, միւ­սը` անձ­նա­կան երաշ­խա­ւո­րութ­եամբ գաղ­թա­կան­նե­րու շեր­տը, որոնք կ՛երաշ­խա­ւոր­ուին գա­նա­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ան­հատ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու փո­խա­դարձ պայ­մա­նա­ւոր­ուա­ծու­թեամբ:

Երկ­րոր­դի պա­րա­գա­յին, երաշ­խա­ւո­րող կող­մը պա­տաս­խա­նա­տու կը մնայ եկուոր գաղ­թա­կա­նին հան­դէպ լման մէկ տա­րի, իրեն մա­տու­ցե­լով ծա­ռա­յու­թիւն­ներ, որոնք կը հեշ­տաց­նեն իր կայ­քը Գա­նա­տա­յի տա­րած­քին: Հե­տե­ւա­բար երաշ­խա­ւո­րող կող­մե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը շատ կեն­սա­կան է եւ եր­բեմն ճա­կա­տագ­րա­կան ու եր­բե՛ք «ձեւա­կան» չէ, ինչ­պէս շա­տե՜ր կը կար­ծեն:

Այս ձե­ւա­չա­փե­րով Գա­նա­տա հաս­նող հա­յոր­դի­նե­րը, մեծ մա­սամբ կը վա­յե­լեն իրենց հա­րա­զատ­նե­րու, հա­րե­ւան­նե­րու, բա­րե­կամ­նե­րու եւ հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ու եկե­ղե­ցի­նե­րու նե­ցու­կը, որ եր­բեմն սահ­մա­նա­փակ չա­փե­րով կը ներ­կա­յա­նայ հա­մե­մա­տած նոր եկուոր­նե­րու ծով կա­րիք­նե­րուն:

Պէտք է ընդգ­ծել, որ գա­նա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ըն­ձե­ռած գաղ­թի պայ­ման­նե­րու «առա­տա­ձեռ­նու­թիւնը», որ իր ձե­ւին մէջ «կա­կուղ» եւ կամ աւե­լի ճիշդ է ըսել «թոյլ» կը ներ­կա­յա­նայ, պատ­ճառ կը հան­դի­սա­նայ, որ շա­տեր առա­ւե­լ քա­ջա­լեր­ուին այս «ար­կա­ծախընդ­րու­թեան» դի­մե­լու հա­մար, կորսնց­նե­լիք բան չու­նե­նա­լու հո­գե­բա­նութ­եամբ: Իրա­ւա­ցի կը թուին ըլ­լալ նմա­նօ­րի­նակ մտա­ծող­նե­րը, որով­հե­տեւ իրօք` Հա­լէ­պէն Պէյ­րութ եր­թե­ւե­կը աւե­լի ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն եւ նիւ­թա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն կ՛են­թադ­րէ, քան Գա­նա­տա հաս­նի­լը: Երե­ւա­կա­յե­ցէ՛ք, որ­քա՜ն ու­շագ­րաւ եւ քա­շո­ղա­կան առիթ կը թուի ըլ­լալ առա­ջարկ մը, ուր զերօ ամ. տո­լար ծախ­սով, ըն­տա­նե­կան բո­լոր պա­րա­գա­նե­րովդ կր­նաս հաս­նիլ եր­կիր մը, ուր ժա­մա­նած վայրկ­եա­նէդ սկս­եալ քեզ պի­տի շնորհ­ուի լի­ի­րաւ քա­ղա­քացիի կար­գա­վի­ճակ, բժըշ­կա­կան լման հո­գա­տա­րու­թիւն` ի հար­կին, ու­սում­նա­կան ձրի ծա­ռա­յու­թիւն­ներ եւ նոյ­նիսկ կարգ մը պա­րա­գա­նե­րու դե­ռա­տի զա­ւակ­նե­րուն նիւ­թա­կան կո­կիկ օժան­դա­կու­թիւն:

Շա­տեր ճամ­բայ կ՛ել­լեն պա­տե­րազ­մա­կան թէժ մթ­նո­լոր­տէն հե­ռա­նա­լու դի­տա­ւո­րու­թեամբ, ապաս­տա­նե­լով աւե­լի ապա­հով եր­կին­քի մը տակ, ուր իրենց զա­ւակ­նե­րուն պի­տի սպա­սէ աւե­լի ձեռն­տու պայ­ման­ներ հա­մե­մա­տած իրենց տե­սած 5 տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած ան­նա­խան­ձե­լի կեան­քին: Ոմանք ալ` Աւետ­եաց Երկ­րի մէջ El Dorado գտ­նե­լու չփախց­ուե­լիք առի­թին փաթթ­ուե­լու սին հե­ռան­կա­րով կը հաս­նին այս ափուն­քը: Բայց ի՜նչ ալ ըլ­լան սպա­սում­ներն ու յոյ­զե­րը եւ գաղ­թի այ­լա­զան մեկ­նա­կէ­տե­րը, պէտք է ու­շա­դիր ըլ­լալ, որ գաղ­թի որո­շու­մը չվե­րած­ուի ար­կա­ծախնդ­րա­կան մէկ քայ­լի կամ «Լա­ւա­գոյն տղոց օտար ափե­րուն բախտ որո­նե­լու» ոդի­սա­կա­նի:

Արեւմտ­եան եր­կիր­նե­րու մէջ կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րու շռայ­լու­թիւնը շատ ու­շագ­րաւ երե­ւոյթ է, ուր ջուրն ու ելեկտ­րա­կա­նու­թիւնը չեն ընդ­հատ­ուիր, ապա­հո­վա­կան-պա­տե­րազ­մա­կան տագ­նապ գո­յու­թիւն չու­նի, սա­կայն գոյ են կեն­ցա­ղա­յին, բնա­կա­րա­նային, կլի­մա­յի, մշա­կու­թա­յին այն­պի­սի ծանր պայ­ման­ներ, որոնց կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ հան­դուր­ժել ու տա­նե­լի դարձնել, քա­նի մը անհ­րա­ժեշտ նա­խադր­եալ­ներ ապա­հո­վե­լու պա­րա­գա­յին միայն: Արդ,

1- Գաղ­թող ըն­տա­նի­քը կամ ան­հա­տը պէտք է ու­նե­նայ բա­ւա­րար չա­փի նիւ­թա­կան խնա­յո­ղու­թիւն, որ կ՛երաշ­խա­ւո­րէ իր կե­ցա­ղա­յին անհրա­ժեշտ կա­րիք­նե­րու բա­ւա­րա­րու­մը առա­ջին ամիս­նե­րու ըն­թաց­քին:

2- Տե­ղա­կան լեզ­ուի քա­ջա­ծա­նօթ ըլ­լա­լը, կր­նայ մեղ­մաց­նել մշա­կու­թա­յին ցն­ցու­մը (culture shock): Մշա­կու­թա­յին ցն­ցու­մը իր ծանր ան­դա­դար­ձը կ՛ու­նե­նայ նոր գաղ­թա­կա­նի հո­գե­կան վի­ճա­կին վրայ, ծնունդ տա­լով տուայ­տող նե­րաշ­խար­հի, զինք մղե­լով իր ան­ձի կա­րո­ղա­կա­նու­թեան հան­դէպ անվըս­տա­հու­թեան, են­թա­կան մատ­նե­լով անճրկած իրա­վի­ճակ­նե­րու: Այս տի­պի դժ­ուա­րու­թեան տե­սա­կը նուա­զա­գոյնն է կա՛մ Լի­բա­նա­նի կա՛մ Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տուող­նե­րու պա­րա­գա­յին, տր­ուած ըլ­լա­լով որ արա­բա­կան եւ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին եւ կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րը շատ ալ հե­ռու չեն սուր­ի­ա­հա­յուն վար­ժու­թիւն­նե­րէն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն` ի մաս­նա­ւո­րի լեզ­ուի պա­րա­գան:

3- Զինք ըն­դու­նող ու առա­ջին ամիս­նե­րու անհ­րա­ժեշտ կա­րիք­նե­րուն ցուց­մունք ու նե­ցուկ կանգ­նող մօ­տիկ պա­րա­գա­յի մը ներ­կա­յու­թիւնը, որուն եր­բեմն պի­տի սահ­ման­ուի` երաշ­խա­ւոր կող­մի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը:

Ի տես գա­նա­տա­կան իրա­կա­նու­թեան այ­ս օ­րե­րու զար­գա­ցում­նե­րուն ու գետ­նի վրայ պար­զուող կա­ցու­թեան, դէմ յան­դի­ման կը գտն­ուինք հե­տեւ­եալ պատ­կեր­նե­րուն:

Պատ­կեր առա­ջին- Բնա­կա­րա­նի փնտռ­տուք:

Metropolitan քա­ղաք­նե­րու մէջ, ինչ­պի­սիք են Թո­րոն­թօն կամ Մոն-թ­ր­է­ա­լը, տուն վար­ձե­լը ու­նի իր նա­խա­պայ­ման­նե­րը, սկ­սած սեն­եակ­նե­րու թիւէն, որ պէտք է հա­մընկ­նի ըն­տա­նե­կան ան­դամ­նե­րու թիւին: Երկ­րորդ` պէտք է ու­նե­նաս կա­յուն, մնա­յուն գործ, որ տան­տէ­րը ու­նե­նայ այն ապա­ւէ­նը, թէ դուն ապա­հով յա­ճա­խորդ ես: Կամ ալ, պէտք է ու­նե­նաս երաշ­խա­ւոր, որ կըր­նայ ստո­րագ­րել խնդ­րոյ առար­կայ ան­ձին փո­խա­րէն` ներ­կա­յաց­նե­լով բա­ւա­րար ելեւ­մուտ­ի ապա­ւէ­նի փաս­տա­թուղթ: Ասոնց վրայ պէտք է գու­մա­րել կարգ մը իրա­ւա­ցի նա­խա­սի­րու­թիւն­ներ, ուր եկուոր հա­յոր­դի­նե­րը կը փա­փա­քին տուն ու­նե­նալ հայ­կա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րու եւ ակումբ­նե­րու մեր­ձա­կայ շր­ջա­նի մէջ` վա­յե­լե­լու ջեր­մու­թիւնը այդ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ու պա­հե­լու այն գողտ­րիկ վա­ղե­մի հա­լէպ­եան վար­ժու­թիւնը ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն-հա­յոր­դի մտեր­միկ ան­քակ­տե­լի կա­պին:

Պատ­կեր երկ­րորդ- Ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թեան փնտռ­տուք:

Վար­ժա­րա­նը պէտք է ըլ­լայ վար­ձած տանդ մեր­ձա­կայ, որ­պէս­զի աշ­խա­տող ծնող­քը առի­թը ու­նե­նայ դե­ռա­տի զա­ւա­կը հասց­նե­լով` արագ մը ուղղ­ուե­լու գոր­ծի: Պա­տա­հած է, որ բո­լոր պե­տա­կան վար­ժա­րան­նե­րը, որոնք կը գտն­ուին հա­յութ­եամբ հոծ շր­ջան­նե­րու մէջ, օրէն­քով սահ­ման­ուած աշա­կերտ­նե­րու առա­ւե­լա­գոյն թիւը ապա­հո­ված ըլ­լա­լով, մեր­ժած են ըն­դու­նիլ նո­րեկ­նե­րը: Ծնող­ներ հար­կադ­րա­բար դի­մած են աւե­լի հե­ռա­ւոր վայ­րե­րու մէջ գտ­նուող վար­ժա­րան­ներ, որոնք թէ՛ հե­ռա­ւո­րու­թեան իմաս­տով, թէ՛ ու­սում­նա­կան մա­կար­դա­կով այդ­քան ալ նա­խան­ձե­լի չեն:

Հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը նոյ­նան­ման կա­ցու­թեան մատն­ուե­ցան, ուր պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­ներ եւ դպ­րո­ցի տնօ­րէ­նու­թիւն­ներ իրենց առա­ւե­լա­գոյ­նը ըրին պար­փա­կե­լու հա­մար առա­ւե­լա­գոյն չա­փով սուր­ի­ա­հայ նոր աշա­կերտ­ներ` յատ­կաց­նե­լով նիւ­թա­կան ու­շագ­րաւ նպաստ­ներ: Սա­կայն տե­ղի եւ դա­սա­րան­նե­րու թիւի սահ­մա­նա­փա­կու­մի օրէնք­նե­րը պար­տադ­րե­ցին, որ յա­ւել­եալ նոր դի­մող­նե­րու փա­փա­քին չըն­դա­ռաջ­ուի:

Պատ­կեր Երրորդ – Գոր­ծի կա­րե­լիու­թիւն­ներ:

Փա­փա­քե­լի է, որ գաղ­թո­ղը նախօրօք պատ­կեր մը ունենայ Գա­նա­տա­յի գոր­ծի եւ ար­հեստ­նե­րու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Այդ մէ­կը կա­րե­լի է իրա­կա­նաց­նել բա­րե­կամ­նե­րէ հա­ւաք­ուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, եւ աւե­լի վա­ւե­րա­կա­նը` հա­մա­ցան­ցի ճամ­բով կա­տար­ուած գոր­ծի եւ ար­հեստ­նե­րու որո­նու­մով, ուր աւե­լի լայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լով ու շօ­շա­փե­լով տե­ղա­կան շու­կա­յի պէտ­քե­րը, կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ուղ­ղոր­դել առնուե­լիք քայ­լե­րը գետ­նի վրայ: Արդ, կա­րե­լի է պատ­րաս­տել CV (Resume), եւ դի­մել տու­եալ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն նախ­քան Գա­նա­տա հաս­նի­լը:

Գա­նա­տա­յի տա­րած­քին ի գործ դր­ուած, բո­լոր հայ ազ­գա­յին գա­ղու­թա­յին ճի­գե­րը, ըլ­լան անոնք միու­թե­նա­կան կամ կրօնական, նոյ­նիսկ ան­հա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը ի մտի ու­նին, բո­լոր եկուոր­նե­րուն, անխ­տի՛ր, բար­ւոք ու պատ­ուա­բեր կեան­քի նոր ըն­թաց­քը հեշ­տաց­նել:

Գո­յա­ցած անն­պաստ պայ­ման­նե­րուն առըն­թեր, գա­նա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ պար­տադրը­ւած ու իրա­կա­նաց­ուած սեղմ ժամ­կէ­տով հոծ թիւով եկուոր­ներ պար­փա­կե­լու պա­րա­գան ստեղ­ծեց կրկ­նա­կի դժ­ուա­րու­թիւն­ներ: Գա­ղու­թա­յին ու­ժե­րու լա­րու­մով ու փո­խա­դարձ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, նոր ժա­մա­նած հա­յոր­դի­նե­րու ու ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու ջան­քե­րով, մի­աս­նա­կան ճի­գե­րով կը փորձ­ուի մեղ­մաց­նել ստեղծ­ուած ան­հա­մար խո­չըն­դոտ­նե­րը ու հնա­րա­ւո­րինս կար­գա­ւո­րել հա­ւա­նա­կան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը:

Վեր­ջա­պէս, հասկ­նա­լով ու յար­գե­լով հան­դերձ բո­լոր եկուոր­նե­րուն պա­րա­գա­նե­րը, պէտք է ընդգ­ծել, թէ Գա­նա­տա կայք հաս­տա­տե­լու առի­թը պէտք չէ վե­րա­ծել նո­րա­ձե­ւութ­եան, «Մո­տա»ի հե­տե­ւե­լու հեւ­քոտ ճի­գի, աւե­լին` ար­կա­ծախնդ­րա­կան ծրա­գի­րի մը: Նոր բաց­ուե­լիք հո­րի­զոն­նե­րը, եթէ չզու­գորդ­ուին չափ­ուած-ձեւ­ուած նուա­զա­գոյն պայ­ման­նե­րու գո­յա­ւո­րու­մով, կա­յա­նա­լիք նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը կր­նայ շատ արագ վե­րած­ուիլ ձա­խա­ւե­րու­թեան` յու­սա­խա­փու­թեան մատ­նե­լով ամ­բողջ ըն­տա­նի­քի մը երազ­նե­րը:

Անձ­րե­ւէն փա­խչե­լով կար­կու­տի բռն­ուե­լու իրա­վի­ճա­կին չմատն­ուե­լու հա­մար, մնա­լով հե­ռու աւա­զախր­ման մը հա­ւա­նա­կան իրա­վի­ճակ­նե­րէ, գաղ­թել փա­փա­քող­նե­րը, հար­կա­ւոր է որ շատ հան­դարտ կըշ­ռոյ­թով դի­մեն նման քայ­լե­րու, ապա­հո­վե­լով նուա­զա­գոյն առար­կա­յա­կան կռ­ուան­նե­րը, որոնք մա­սամբ միայն կ՛երաշ­խա­ւո­րեն իրենց հե­զա­սահ կե­ցու­թիւնը Նոր Աշ­խար­հի տա­րած­քին:

Ժան Հալլաճեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.