Արեւմտահայերէնը եւ մանկավարժութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները 21-րդ դարուն (Դ)


Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ հետզհետէ ժառանգաբար փոխանցուած լեզու մը դարձող հայերէնին (heritage language), յատկապէս՝ արեւմտահայերէնի դասաւանդման համար ուսուցիչին դժուարութիւնն է ի՞նչը եւ ի՞նչպէսը ընտրել մայրենին սորվեցնելու համար:

Նախակրթարանի համար սկզբունքով հարցը աւելի պարզ պէտք է ըլլայ, այսինքն՝ գրական էջեր նուազ չափով օգտագործելի են դասաւանդման համար, եւ երբեմն Պարոնեանէն կամ Օտեանէն բնագրային կամ պարզացուած էջեր յաճախ հոն տեղ կը գտնեն: Հարցը կը բարդանայ Երկրորդականի երկրորդ շրջանէն, իններորդ կարգէն սկսեալ, երբ խնդիր կը ծագի գրականութեա՞ն ճամբով թէ տարբեր նկարագրի գրութենական էջերու ընտրութեամբ աւանդելու լեզուն: Մ. Իշխանի «Արդի հայ գրականութիւն» դասագրքերէն սկսեալ (եւ մեր սերունդը ընդհանրապէս այդ ձեւով դաստիարակուած է) գրական էջեր տրամադրուած են ուսուցիչին լեզուի ու գրականութեան դասաւանդման համար: Դժբախտաբար, հայերէն լեզուի իմացականութիւնը նոյնը չէ Արեւմուտքի մէջ ինչ որ էր Միջին Արեւելքի մէջ յիսուն տարի առաջ: Սակայն նոյն ատեն պէտք չէ մոռնալ մեր գրականութեան ճանաչումը, որ թէ՛ իր ժամանակաշրջանի հարցերը կ’արծարծէ եւ թէ՛ անձնական տագնապները արտայայտելու իր ձեւը կը բերէ՝ իւրաքանչիւր գրողի լեզուամտածողութեամբ ու ըմբռնումներով: Այսպէս, նոյն նկարագրի անձնական տագնապներուն տարբեր ձեւով կ’արտայայտուին ու կը հակազդեն Դուրեան եւ Մեծարենց:

Վիճակագրական տուեալներու հիման վրայ՝ գրութեան մը բառապաշարին առաւելագոյնը երեքէն հինգ առ հարիւրը պէտք է անծանօթ ըլլայ աշակերտին, ինչ որ կը նշանակէ 9-էն15 բառ՝ 300 բառ հաշուող էջի մը վրայ. 15-ը արդէն կրնայ շատ ըլլալ: Զօհրապի կամ Բաշալեանի մէկ նորավէպը յաճախ նման դժուարութիւններու դիմաց կը դնէ ուսուցիչը, որովհետեւ դասապահի ժամանակը կը տրամադրուի գրութեան բացատրութեան, քան վերլուծումի կամ բաղդատութեան աշխատանքներուն: Պարզացուած գրութիւն մը կրնայ որոշ չափով օգտակար ըլլալ այս գծով, սակայն բնագրին հմայքը չ’ունենար: Իբրեւ երկրորդ լեզու դասաւանդման համար պատրաստուած դասագրքերը գրական կարճ էջերու կողքին կը բերեն յուշագրական, հրապարակագրական, վաւերագրական, թարգմանական գրութիւններ, կարճ բանաստեղծութիւններ եւ այլ նկարագրի էջեր, սակայն նոյն հմայքը չունին, կամ յաճախ արձագանգ չեն կրնար հանդիսանալ մեր մտահոգութիւններուն: Առաւել, դասագրքերը այդ մօտեցումով չեն պատրաստուած եւ ուսուցիչը կրնայ այդ լայն ծանօթութիւնները չունենալ չորս հինգ պահի վրայ երկարող դասերու ծրագիր մը պատրաստելու (lesson plan), որ յատուկ նպատակակէտ մը կ’ունենայ: Արդ, ի՞նչ գործեր ընտրել կամ ինչպէ՞ս գտնել միջին լուծում մը, որով կարելի ըլլայ թէ՛ լեզու սորվեցնել եւ թէ՛ գաղափար մը տալ մեր գրականութեան եւ անոր արծարծած հարցերուն մասին:

Նման մտահոգութիւններ չէր ապրեր մեր սերունդը իր կազմաւորման ու երիտասարդութեան տարիներուն, որովհետեւ արեւմտահայերէնը կենդանի լեզու էր մեզի համար: Տարբեր ցամաքամասի վրայ եւ տարբեր ժամանակաշրջանի մը մէջ մարտահրաւէրները տարբեր են եւ կը պահանջեն տարբեր լուծումներ: Նախ՝ դասագրքերու պատրաստման մօտեցումը պէտք է քննարկուի, որովհետեւ հայերէնը դասաւանդման առաջին լեզուն չէ դժբախտաբար, բոլոր գիտական կամ ընկերային նիւթերը այլ լեզուով մը կը դասաւանդուին, ինչ որ այդ նիւթերուն բերած բառապաշարը ուսանողին ծանօթ կ’ըլլայ առաւելաբար այլ լեզուով մը: Դեռ չեմ խօսիր խառն ամուսնութիւններու պատճառով տուներու մէջ գործածուած լեզուին մասին: Եթէ ուշադրութիւն դարձնենք՝ կը տեսնենք, որ ինչպէս օտարաբանութիններ կը վխտան մեր տղոց առօրեայ խօսակցութեան մէջ,- անոնք երազ կ’ունենան, դրամ կը շինեն, երբեմն՝ կիթար կը խաղան եւայլն, դեռ գնդակ կը քիքեն, եանի՝ կը հարուծեն եւ չես գիտեր ինչ:

Ինչ կը վերաբերի դասաւնդման վերաբերող այլ «զէնք»երուն, նոյնպէս ներկայ պահանջներէն հեռու ենք: Շարադրական աշխատանքի ատեն, դասարանի մէջ, համակարգիչին վրայ բացած կ’ըլլամ «Նայիրի» բառարանային կայքէջը, որպէսզի ուսանողը զայն օգտագործէ, սակայն ան յաճախ դժուարութիւն կ’ունենայ իր փնտռած բառը ընտրելու տրուած հոմանիշներուն մէջ: Իրենց ծանօթ բառարաններուն մէջ, ինչպէս «Լարուս»-ը, գունաւոր լուսանկար մը կ’ընկերանայ բացատրութեան, կամ բառը կ’օգտագործուի նախադասութեան մը մէջ, իսկ մեր բառարաններուն մէջ ազատքեղը, անանուխը կամ ծոթրինը հաւասարապէս համեմային, հոտաւէտ կանաչեղէններ են, զորս կարելի է ուտել: Ուսուցիչը յաճախ անոնց օտար լեզուով անունները պէտք է տայ՝ զանոնք բացատրելու համար:

Օտար լեզուներու պարագային՝ յաճախ ծանօթ պատմութիւն մը տարբեր լեզուական մակարդակներով կը պատմուի՝ համապատասխան աշակերտի տարիքին ու բառապաշարին, եւ այս մէկը զարմանալի չէ,- կրնայ դիւրին բառապաշարով գրութիւն մը իր նիւթով շահեկան չըլլալ պատանիի մը, իսկ շահեկան գործ մը իր բառապաշարով մատչելի չըլլայ նոյն պատանիին: Հետեւաբար նման աշխատանքներ չենք կրնար անտեսել: Վերջին երկու տասնամեակներուն Յարութիւն Քիւրքճեանն ու Սարգիս Մահսերէճեանը օգտակար աշխատանք տարին որոշ վէպեր խտացնելու, արեւմտահայերէնի վերածելու եւ պարզացնելու, ինչ որ նման գործի մը մէկ կարեւոր բաժինը կարելի է նկատել: Թերեւս նոյնը պէտք է կատարել որոշ վիպակներու, նորավէպերու, պատմուածքներու կամ յուշագրական էջերու պարագային:

Գիտեմ որ նման աշխատանքներ կարեւոր նիւթական միջոցներու կը կարօտին եւ մենք չունինք օտար լեզուներու «մեծ շուկան» նիւթապէս արդարացնելու համար նման ծախսեր, ատոր համար ոչ թէ անհատներու, այլ հաստատութիւններու եւ միութիւններու ուսին կ’իյնայ նման միջոցներու ստեղծումը: Կը կարծեմ որ այս բոլորը հաւաքական քննարկումի պէտք է ենթարկուին (անպայման նոր ժողովի մը հարցը չեմ դներ՝ նման ծախսեր աւելի լաւ է օգտագործուին նման աշխատանքներու), եւ նկատի ունենալով մեր նիւթական ոչ լայն միջոցները՝ պէտք է առաջնահերթութիւններ ճշդուին եւ առ այդ ծախսուին մեր միջոցները:

 Նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը մեր սփիւռքեան գոյատեւման ամենակարեւոր հարցն է եւ հետեւաբար հոն պէտք է մտածուած ձեւով կատարուի, մեր հիմնական նիթական ու բարոյական ներդրումը:

Յարութիւն Պէրպէրեան

(Շար. Դ եւ վերջ)


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.