Գրող, բանաստեղծ, քննադատ, Գրիգոր Պըլտեան կը հանդիսանայ հայ ժամանակակից գրականութեան մեծագոյն անուններէն մէկը, եթէ ոչ մեծագոյնը։ Երեսունէ աւելի գիրքերու հեղինակ, Պըլտեանի առաջին գրութիւնները կը սկսին լոյս տեսնել ճեմարանականի տարիներուն, «Ջահակիր»ի էջերուն մէջ ու կը շարունակուին «Բագին»ի ու մանաւանդ «Ահեկան»ի մէջ 1960ականներու կէսերէն սկսեալ։ Այսօր իսկ, 50 տարի ետք, այդ էջերուն ընթերցումը մեզ դէմ առ դէմ կը դնէ տարօրինակ զգացումի մը առջեւ։ Այդ էջերէն արդէն զգալի կը դառնայ որ գործ ունինք բացառիկ մտքի ու սեւեռումի տէր գրողի մը հետ։ Այդ տողերուն մէջ յայտնուող լեզուն ու հայեացքը կը մատնեն գրական ժառանգը ստանալու ու նորոգելու եզակի կամք մը ու գործարկում մը։
Առաջին ընդարձակ գրութիւններէն մէկը, լոյս տեսած 1968ին Բագինի մէջ, ապա «Տրամ» հատորին մէջ 1980ին, կը կոչուի՝ «Մեծարենցի համար»։ Պըլտեան հարցազրոյցի մը մէջ կը խոստովանի որ զայն գրած է «իբրեւ տօն ու ձօն, իբրեւ նուէր մը որ սիրած եմ։ Կ՚ուզէի Մեծարենցի մահուան 60ամեակին նուէր մը ընել, այսինքն՝ ընթերցում մը ,ուր Մեծարենց յայտնուէր իր իսկական տարողութեամբ, իր այժմէականութեամբ»։ Այս տողը ինքնին կը խտացնէ Պըլտեանի իրագործելիք ծրագիրներէն մէկուն լայն աղեղը, այսինքն այն աշխատանքին որուն ան կուտայ «ընթերցում» անունը։ Ընթերցումը գրական գործերը կ՚առնէ իբրեւ լեզուական արտադրութիւն, ենթակայ լեզուի կանոններուն ու սահմաններուն եւ ուրեմն ենթակայ կազմալուծման, բան մը որ կը միտի մտածել զանոնք, աշխատցնել, յատնաբերելու համար հոն պահուած ու զանոնք լարող ուժերն ու չտիրապետուած գրողական արարքները։ Այս ամէնը որպէսզի կարենանք յայտնաբերել անոնց տարողութիւնը, թարմացնել զանոնք բերելով մեր իսկ ժամանակին մէջ։
Ծրագրուածը պիտի իրականայ բազմաթիւ լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններու ու յօդուածներու ընդմէջէն, նիւթ առնելով հայ գրականութեան ամբողջ արտադրութիւնը ժամանակի երկայնքին։ Քննադատական ծրագիր մը, որուն միւս երեսը կը կազմէ ստեղծագործական աշխատանքը բանաստծեղծութեան ու արձակի զոյգ ուղիներով։ Բանաստեղծ Պըլտեան լեզուն պիտի տանի իր իսկ անհետացումին հետ առճակատումին ծայրը, հոն ուր ամէն իմաստ ու օրէնք կը դառնայ ենթակայ չքացման երբ լեզուն կը յայտնաբերէ իր ծայրագոյն էութիւնը իբրեւ լեզու եւ ուրկէ կը սկսի ձեւ ու իմաստ ստեղծել ինքնիրեն։ Այս բոլորը՝ լեզու ստեղծելու մտահոգութեամբ, լեզու մը որ կարենայ յաղթահարել զինք անապատ դարձուցած դէպքը ու յառնել ինքնիր մոխիրներէն։ Այդ աշխատանքը անհրաժեշտ պիտի դառնայ վիպական լայն ծրագրին համար, որուն ձեռնարկած է արձակագիր Պըլտեան վերջին քսան տարիներուն. պատումներու շարք մը, «Գիշերադարձ» ընդհանուր խորագրին տակ, որմէ լոյս տեսած են արդէն ութ հատոր, վերջինը՝ «Կրկնագիր մարդը» անունով քանի մը ամիս առաջ։ Այս շարքով գրողը կարծես կ՚ամբողջացնէ յիսուն տարի առաջ սկսուած լայնածաւալ ծրագրի երրորդ ու ամենահանրամատչելի օղակը։ Պատումները գրականութեան աքցանին մէջ կը բռնեն անապատէն ծնած ժողովուրդի մը անմիջական անցեալը, դէմք ու ձայն կուտան անոր խլեակներուն, զանոնք տեղադրելով իրենց ապաստան գտած վայրերուն մէջ։ Ասիկա յեղափոխական ծրագիր մըն է, որովհետեւ մերժուած, գոյութեան իրաւունքէն զուրկ վայր մը կը դարձնէ գրական առարկայ, կարծես ձայն կուտայ լռութեան ու լռեցուածին։ Անցումային աշխատանք մը, որ անցեալը կը կապէ ներկային ու կը բանայ զայն ապագային։
Անկէ բխած հատորները կը հանդիսանան հայ գրականութեան գեղեցկագոյն էջերը, էջեր որ կարծես երկինքէն իյնալու տպաւորութիւնը կուտան անապատ դարձող լեզուին աւազներուն վրայ։ Գրականութիւնը սակայն երկինքէն չ՚իյնար։ Պըլտեանի գրչին տակ անիկա արդիւնք է հինէն եկող ծրագրի մը զանազան փուլերէն անցած հսկայական աշխատանքի մը։ Յիսուն տարուան աշխատանք, որուն արդիւնքը Գրիգոր Պըլտեան ինք իսկ նուէր մըն է որ կ՚ընէ հայոց գիրերու երկնակամարին։
Գրիգոր Պըլտեան
|