Դաշնակցական Երիտասարդը Մարտնչող Է


ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

 2016ի Յունուար 21-23 երկարող շրջանին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու համագումարը, ուր ներկայացուած էին կազմակերպական բոլո միաւորները՝ Հայաստանէն Արցախ, մինչեւ Լիբանան, Ֆրանսա, Շուէտ եւ Հոլանտա, Ամերիկա ու Գանատա, Սուրիա եւ Հարաւային Ամերիկա եւ այլուր: Իր օրակարգերուն ընդմէջէն, համագումարը քննարկեց հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած ազգային մարտահրաւէրները եւ այդ պարունակին մէջ՝ ՀՅԴ երիտասարդական միաւորներու դերակատարութիւնը:

Կարելի չէ կարճ գրութեամբ մը համապարփակ քննարկումներ կատարել մեր երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրներուն մասին, ո՛չ ալ յաւակնութիւնը ունենալ իւրացուցած ըլլալու հիմնական հարցերու համայնապատկերը: Կը հաւատանք, սակայն, որ անկեղծօրէն մտորումներ բաժնելը այսպիսի առիթով մը կրնայ միայն նպաստել հարցերու »տիալեքթիք« քննարկման, բան մը, որ ցաւօք սրտի կը պակսի մեր իրականութեան մէջ այսօր:

Դաշնակցական երիտասարդը կը գտնուի իւրայատուկ մէկ իրավիճակի մէջ: Մէկ կողմէ, ան անզանազանելի է համաշխարհային երիտասարդութենէն՝ հետաքրքրութիւններով, հաղորդակցութեան եւ հաղորդականութեան իր ոճով եւ ինքնըստինքեան իր կապուածութեամբ միջազգային երիտասարդութեան ներաշխարհին մէջ հնչեղութիւն (resonance) գտած հարցերու: Միւս կողմէ, սակայն, Դաշնակցական երիտասարդութիւնը եզակի է իր տեսակին մէջ: Վայրկեան մը մոռնալով տեսական, գաղափարախօսական, արեւելման կեդրոնացումը՝ Դաշնակցական երիտասարդին մէջ կայ ենթակայական մէկ իւրայատկութիւն, որ զայն կը շաղկապէ իր տեսակին՝ գերազանցելով ներմշակութային բոլոր տարբերութիւնները:

Կարելի է այս իրականութեան մասին քննարկումներ կատարել հոգեվերլուծական մակարդակներու վրայ, սակայն ի վերջոյ՝ պարզապէս այդպէս է, որովհետեւ Դաշնակցական երիտասարդը ժառանգորդն է աւանդի մը՝ Դաշնակցական արժէքներու մէկ աւանդին, որ զինք կը միաւորէ մարտնչող ակունքներու փառահեղ փորձառութեան հետ: Անոր յաջողութեան գրաւականը, հինաւուրց օրերէն մինչեւ այսօր, եղած է այն, որ նոյն տեսակը՝ Դաշնակցականի տեսակը ըլլալու ըմբռնումին մէջ չկան տարակարծութիւններ: Այս տեսակի նոյնութիւնն է, որ Դաշնակցական երիտասարդին կը ներշնչէ ինքնավստահութիւն՝ ամբողջական ճկունութեամբ գործելու տարբեր երկիրներու մէջ, պայմաններու ստեղծած հրամայականներուն հիման վրայ, ապակեդրոնացման ստեղծած կարելիութիւններուն հիման վրայ, որպէսզի աշխատանքները եւ ծրագիրները յաջողութեամբ պսակուին եւ որպէսզի Երիտասարդականի քաղաքական ներգործօն մասնակցութիւնը՝ անոր »աքթիվիզմ«ը, խարսխուի տուեալ երկրի քաղաքական դաշտին ընձեռած կարելութիւններուն վրայ:

Դաշնակցական երիտասարդին տեսակը իւրայատուկ է, սակայն անոր շարժումը առանձին չէ, ո՛չ ալ կրնայ գոյատեւել առանձնութեան մէջ: Հայ Դատի լուծումը ազգային կամքի անհրաժեշտութիւն կը պահանջէ, սակայն անոր լուծման ընթացքն ու արդիւնքը միջազգային պարունակի մէջ միայն կրնան իմաստաւորուիլ: Հետեւաբար, Դաշնակցական երիտասարդին գործունէութիւնը չի կրնար կղզիացած ըլլալ: Ան պարտի առնչուիլ երիտասարդական այլ շարժումներու հետ, որոնք նաեւ կը սնանին քաղաքական գիտակցութեան ընձեռած աւիւնէն: Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակերպական կեանքէն ներս կան այս մօտեցման խօսուն օրինակները՝ Պուէնոս Այրեսէն Լոս Անճելըս, սակայն կարեւոր է զայն դարձնել մեր հայեցակարգային պատկերացումներու անբաժան մէկ մասնիկը:

Երկրորդ՝ պէտք է մտածել յեղափոխական միտքի եւ յեղափոխականութեան մասին: Դաշնակցականի, եւ հետեւաբար՝ Դաշնակցական երիտասարդի տեսակը մարտնչող է՝ կռուող: Այդ տեսակը չ՛ընդունիր իրավիճակ, որուն մէջ կը պակսի մարդկային եւ ազգային ազատատենչութեան եւ ազատօրէն ինքնորոշուելու բնածին իրաւունքը: Ահա ա՛յս պատճառով է, որ Դաշնակցական երիտասարդը երբեք չի կրնար դադրիլ յեղափոխական ըլլալէ: Յեղափոխական ըլլալը գէթ կանոնագրուած գործողութիւն չէ: Յեղափոխական ըլլալը մտասեւեռում է, աշխարհահայեացք է, աշխարհը եւ կեանքը յատուկ ձեւով գնահատելու յանձնառութիւն: Կռուիլը, մարտնչիլը, ֆիզիքապէս պայքարիլը յեղափոխական »աքթեր« են: Սակայն անոնք, յեղափոխականութեան սահմանումը չե՛ն: Ցուցական գործողութիւնները յեղափոխական մտածողութեան արտայայտիչ բեկորները կրնան ըլլալ, սակայն զանոնք պէտք չէ շփոթել յեղափոխական նկարագիր ունենալու, յեղափոխական աշխարհահայեացքը կեանքի արեւելում դարձուցած ըլլալու հետ: Հրայր Դժոխքը, Սեբաստացի Մուրատը, Գէորգ Չաւուշը յեղափոխականներ էին՝ ֆետայիի տարազով: Յեղափոխական էին նաեւ Արամ Մանուկեանը, Քաջազնունին, Վրացեանն ու Վարանդեանը:

Յեղափոխականութիւնը յառաջդիմական միտքն ու աշխարհա-հայեացքն է, որ կ՛արտացոլուի տարբեր-տարբեր տարազներով՝ երբեմն սուրով, երբեմն գրիչով, բայց մի՛շտ՝ մարտնչող ոգիով: Այսօր՝ ազատ երկրի, անկախ պետականութեան դրուածքով, պարտինք Արամ Մանուկեաններու թելադրած յեղափոխականութեամբ նաեւ դաստիարակել մեր երիտասարդութիւնը եւ այդպէս զարգացնել անոնց միտքն ու քաղաքական գործունէութեան ոլորտը: Դաշնակցութեան ապակեդրոնացած գործունէութեան սկզբունքն է՝ իրավիճակներու ստեղծած պայմաններու գնահատումով, որ կ՛երաշխաւորէ յեղափոխական միտքի առկայութեան գոյատեւումը իր կազմակերպական կեանքէն ներս:

Երրորդ՝ ժամանակը հասած է, որ Դաշնակցական երիտասարդութիւնը գիտակցաբար եւ լիարժէք օգտագործէ իր ունեցած ներուժը: Կասկածէ վեր է, որ մեր պետութիւնը՝ անկախ Հայաստանն ու Արցախը, մեր բոլոր տենչերուն, հետաքրքրութեանց եւ պայքարին կիզակէտը կը կազմեն: Մեր ազգութիւնը սակայն սահման չունի, եւ իր ուժը կը կայանայ այդ անսահմանութեան մէջ: Մեր օրհասական պատմութիւնը ստեղծած է կարողականութիւն, որ քիչ ժողովուրդ ունի: Այսօր, մենք հզօր ենք մեր համայնքներով, հաստատուած ու կայացած ամէնուրեք՝ Քարաքասէն Սիտնի, Փարիզէն Լիզպոն, Պէյրութէն Լոս Անճելըս: Չկայ ուրիշ ժողովուրդ, որ մեր նման համաշխարհային մաշտաբով կազմակերպուածութիւն կը պարզէ, կամ՝ որ ունի այդքան խարսխուած քաղաքական գիտակցութիւն: Ժամանակը եկած է, որ այդ համայնքներէն դէպի հայրենիք նետուած կամուրջները վերածուին համադրուած մէկ ժողովուրդի՝ իր ամբողջական ներուժով եւ կարողականութեամբ: Այդ համադրումը կը պահանջէ կազմակերպուածութիւն, քաղաքական գործունէութիւն, հաւատք եւ աննկուն կամք: Արեւմտեան Ամերիկայի »Եութ Քոր«ի (Youth Corps) նման ծրագիրներ խօսուն օրինակներ են նման համադրում մը իրականացնելու ճամբուն վրայ: Հարկ է աշխատանքները բազմապատկել, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայութիւնը իսկապէ՛ս դառնայ մէկ ժողովուրդ: Դաշնակցական երիտասարդութիւնը այս ընթացքին մէջ կրնայ ըլլալ եւ պէ՛տք է ըլլայ շարժիչ ուժը եւ պայծառ ռահվիրան:

Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը՝ իր ամբողջական կարելիութիւններով եւ կարողականութեամբ, յանձնառու է մնալու պահակը այն ըմբռնումին, որ լիարժէք եւ ամբողջական հայակերտման ճանապարհին վրայ քաղաքականօրէն գիտակից երիտասարդութի՛ւնն է միայն, որ կրնայ առաջնորդողի մղիչ ուժը հանդիսանալ. իսկ Դաշնակցական երիտասարդը՝ այդ առաջնորդութեան մէջ առաջնահերթ դերակատարութիւն ունի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.