Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը աշխարհի մէջ երկրորդ մեծագոյն ԱՄՆ դեսպանատունն է


verelq.am Կը գրէ. ”Ամերիկացի գրող Չալմերս Ճոնսըն իր ”Ամերիկեան ռազմակայաններու կայսրութիւնը ամբողջ աշխարհի վրայ” յօդուածին մէջ կը գրէ‚ որ ի տարբերութիւն այլ ժողովուրդներու‚ ամերիկացիները չեն ընդունիր կամ չեն ուզեր ընդունիլ‚ որ Միացեալ Նահանգները ամբողջ աշխարհի վրայ ճնշում կը գործադրէ ռազմական ուժի միջոցով”։

” Շնորհիւ գաղտնիութեան‚ որով իր գործողութիւնները շրջապատած է ամերիկեան կառավարութիւնը‚ մեր քաղաքացիները շատ պարագաներու տեղեկութիւններ չունին այն մասին‚ որ մեր ռազմակայանները սփռուած են ամբողջ աշխարհի վրայ։ Ատիկա ամերիկեան մշտական ռազմակայաններու ցանց է‚ որ իր մէջ կը ներառէ բոլոր ցամաքամասերը‚ բացառութեամբ Անթարքթիքի։ Ատիկա կայսրութեան նոր ձեւ է՝ ռազմակայաններու կայսրութիւն‚ իր սեփական աշխարհագրութեամբ‚ որ դժուար թէ սորվեցնեն դպրոցներուն մէջ։ Առանց հասկնալու այդ ռազմակայաններու աշխարհի ծաւալները եւ նպատակաները‚ որոնք սփռուած են ամբողջ աշխարհով‚ կարելի չէ պատկերացնել ամերիկեան կայսրական նկրտումներու չափերը” ‚ նշած է Ճոնսըն։

Միացեալ Նահանգներ ռազմակայանները կը դիտարկէ ոչ միայն իբրեւ իրենց աշխարհաքաղաքական առաւելութիւններու ամրապնդման գործիքներ‚ այլ աւելի գործնապաշտ նպատակով‚ իբրեւ իրենց գործողութիւններու իրականացման աջակից։

Ոչ պակաս հետաքրքրական է աշխարհի վրայ ամերիկեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու գործունէութիւնը։ Միացեալ Նահանգներ կ’ուզեն կառուցել աշխարհի վրայ մեծագոյն դեսպանատուները‚ որոնք կրնան Ուաշինկթընին անհրաժեշտ պահուն վերածուիլ ամրապնդուած‚ գաղտնի կառոյցի։ Այդ մասին նշուած է Երեւանի աշխարհաքաղաքական ակումբի կայքին վրայ։

Միացեալ Նահանգներ ռազմակայաններուն զուգահեռ դեսպանատուներ կը բանայ նոյնիսկ չճանչցուած երկիրներուն մէջ‚ օրինակ Քոսովոյի մէջ։ Ապրիլ 2008-ին տեղի ունեցած է Քոսովոյի ամերիկեան դեսպանատան բացման արարողութիւնը։ Ատոր մասնակցած են ինքնահռչակ հանրապետութեան նախագահ Ֆաթմիր Սէյտիուն‚ ով իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով ընդգծած է Ուաշինկթընին ու Փրիշթինայի յատուկ յարաբերութիւնները։

Պատահական չէ‚ որ Միացեալ Նահանգներ մեծագոյն դեսպանատուները կը բանայ Եւրոպական միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ չեղող երկիրներու մէջ‚ որոնք սակայն կը գտնուին կարեւորագոյն տարածաշրջաններուն մէջ։ Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իսկական ամրոց կը յիշեցնէ։ Դեսպանատան տարածքը իր չափերով Վատիկանի տարածքին կը հասնի։ Նոյնն ալ Մակեդոնիոյ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը՝ իր չափերով եւ թեքնիք հագեցուածութեամբ։

Աւելի հետաքրքրական է իրավիճակը Հայաստանի պարագային։ Ամերիկացիները դժուար թէ զարմանային, որ Միացեալ Նահանգներու աշխարհի մեծագոյն դեսպանատունը կը գտնուի Պաղտատի մէջ, սակայն, մեծութեամբ երկրորդը կը գտնուի Հայաստանի մէջ։ Երեւանեան լիճի մօտ գտնուող դեսպանատունը կը գրաւէ 9 հեքթար տարածք։ Նոր դեսպանատան բացումը տեղի ունեցած է Մայիս 2005-ին՝ խորհրդանշական ժապաւէնը կտրած է Հայաստանի հանրապետութեան այդ ժամանակուան նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը։ Թրումընի ազգային անվտանգութեան նախագիծի փորձագէտ Տանիէլ Հէյնըր կը փորձէ իր յօդուածին մէջ պատասխանել այն հարցումին, թէ ինչու Միացեալ Նահանգները այդքան մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն Հայաստանի հանրապետութեան հետ համագործակցութեան։

”Լաւագոյն բացատրութիւնը՝ դիրքն է։ Հայաստանի հանրապետութիւնը, որ չունի ելք դէպի ծով եւ ունի երեք միլիոն բնակչութիւն, կը գտնուի Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Իրանի հարեւանութեամբ։ Նախկին խորհրդային երկիր Հայաստանը կը հենի Ռուսիոյ առեւտրական եւ ռազմական աջակցութեան վրայ։ Միացեալ Նահանգները իրենց գրաւը դրած է վերոնշեալ հինգ երկիրներուն վրայ, իսկ Հայաստանը կը գտնուի ուշադրութեան կեդրոնը, իբրեւ ամերիկեան նպատակները յառաջ մղելու լծակ”, նշած է ան։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.