Հայ կին ռազմիկներու կերտած անզիջող ուղին


«Հզօր եղաւ հայ կինը մեր պատմութեան ընթացքում։ Աշխարհը չգիտէ, թէ ինչ երկաթէ կամք, ինչ անընկճելի կորով, ինչ անձնուրաց արիութիւն կայ այդ թխադէմ, այդ հեզ ու բարի աչքերով, ամօթխած ու արդար էակի մէջ, որ կոչւում է հայ կին…»

Աւետիս Ահարոնեան

Պատմութեան ընթացքին հայ կինը իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած է տարբեր ոլորտներէն ներս՝ մշակութային, դիւանագիտական, ռազմական եւ այլ։ Հազարաւոր տասնամեակներ հայ կինը պայքար մղած է իր հօր, ամուսինին, զաւակին հետ կողք կողքի‘ կռուելով իր երկրի եւ ժողովուրդի անկախութեան համար: Ռազմի դաշտին խիզախութեան խորհրդանիշ եղած է Սերոբ Աղբիւրի կողքին կռուող Սօսէ Մայրիկը։ Մեծ եղած է կանանց դերը նաեւ Խորհրդային բանակին մէջ, ուր մարտնչած են 10 հազար հայուհի։ 

Հայ կնոջ ռազմական կարողութիւնները առաւել ակներեւ դարձան մեր նորագոյն պատմութեան ընթացքին մղուած յաթական մարտերուն, երբ ան մասնակից դարձաւ եւ տղամարդու հետ հաւասար կռուեցաւ Արցախեան պատերազմին ժամանակ. Հարիւրաւոր կանայք ճակատ երթալով, կատարեցին բազում աշխատանքներ, բժշկութենէն սկսեալ մինչեւ հրամանատարութիւն, նոյնիսկ կազմուեցաւ հայ կանանց յատուկ ջոկատ: 

Արցախեան պատերազմին մասնակից կանանց խօսուն կերպարներէն մէկը Այտա Սերոբեանն է. ան 1991-ին հեռատեսիլէն լսած է, որ Արցախը բժիշկներու կարիք ունի: Ժամեր անց, 36-ամեայ բժշկուհին արդէն Արցախ հասած է: «1991 թուականն էր: Ես կ՚աշխատէի Երեւանի թիւ 12 դարմանատան մէջ, աշխատանքէն տուն վերադարձայ եւ սկսայ ճաշ պատրաստել: Երեխաներս այդ ժամանակ շատ փոքր էին‘ մէկը դպրոց կ՚երթար, միւսը՝ մանկապարտէզ: Հեռատեսիլէն յայտարարեցին, որ Արցախին բժշկական աշխատողներ պէտք են, քանի որ զինուորներէն շատերը կը մահանան սովորական վէրքերէն, իսկ Արցախի մէջ համապատասխան մասնագէտներ չկան: Մտածեցի, որ պէտք է երթամ: Առաւօտեան դարմանատուն երթալու փոխարէն գացի առողջապահութեան նախարարութիւն, ըսի, որ լսած եմ հաղորդագրութիւնը եւ խնդրեցի, որ զիս գործուղեն Արցախ: Երբ սկսան հարցուփորձ ընել, ըսի, որ Արցախի տեղը նոյնիսկ քարտէզի վրայ չեմ գիտեր: Բայց գացի։ Մարտնչեցայ մինչեւ բանակի հիմնադրումը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Արցախ գացի 4 ամսուան համար, մնացի 4 տարի», հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսած է Այտան, որուն կարծիքով՝ եթէ կինը կրցած է զէնքը ձեռքին կռուիլ թշնամիի դէմ, ուրեմն կրնայ ծառայել նաեւ հայոց բանակին: 

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար, ռազմական փորձագէտ Արծրուն Յովհաննիսեան, «Հորիզոն»-ի հետ զրոյցին հաստատեց, որ «Արցախեան Պատերազմէն սկսեալ հայ կինը մաս կազմած է հայոց բանակին եւ անոր մասնակցութիւնը կը շարունակուի առ այսօր: Արցախեան պատերազմին 200 տիկնայք կամաւոր զինուորագրուեցան եւ դարձան մեր յաղթանակի կերտողները»։

Մեր զրուցակիցը յայտնեց նաեւ, որ այսօր հայ կնոջ գործառոյթները հայոց բանակի մէջ չեն սահմանափակուիր վարչական, սպասարկող կամ բժշկական ոլորտներէն ներս: Հայաստանի Անկախութեան 20-ամեակին առթիւ տեղի ունեցած զօրահանդէսին, կին-զինուորական ծառայողները՝ առաջին անգամ ըլլալով, այդ տօնին մասնակցեցան իբրեւ հայոց բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանում։ Ներկայիս հայկական բանակին մէջ կը ծառայեն շուրջ 1500 կանայք՝ առաւել քան տաս տոկոսը։ Կան բազում կին գնդապետներ ու փոխգնդապետներ։

Վերջին տարիներուն հայոց բանակը սկսաւ ընդունիլ նաեւ հետախուզական եւ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու մէջ պայմանագրային զինուորական ծառայութեան կին դիպուկահարներ: Խիստ ընտրութենէ անցած, ֆիզիքական եւ հոգեբանական փորձութիւնները յաղթահարած, մասնագիտական ունակութիւններ ձեռք բերած կին զինծառայողները այսօր բարձր մակարդակով կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած խնդիրները՝ կանայք կը ծառայեն իբրեւ դիպուկահարներ եւ յաջողութեամբ կը խոցեն հակառակորդի վարպետները: Նման դէպքեր քիչ չեն, վերջերս հայ դիպուկահարուհին ոչնչացուց ատրպէյճանցի հրամանատարը:

Քսաներկու ամեայ հետախոյզ-դիպուկահար Անին հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ յայտնած է, որ դիպուկահար ընդունուելու համար միայն գերազանց ֆիզիքական պատրաստուածութիւնը բաւական չէ, կարեւոր են նաեւ վարքը, նկարագիրը, բարոյական ըմբռնումները: Անին կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս կերտեցին իրենց անզիջող ուղին. «Պէտք է ոտքով յաղթահարէինք 350 քմ ճանապարհը: Օրական 30-40 քմ ճանապարհ կ՚անցընէինք‘ 20 քկ ուսապարկով, բարդ եղանակային պայմաններու մէջ: Ոգեւորութիւնը մեծ էր, կ՚ուզէինք ապացուցել, որ աղջիկները նոյնպէս կարող ուժ են: Իսկ տղամարդիկ անընդհատ կը հարցնէին‘ «օգնե՞մ, չե՞ս յոգնած»: Կ՚աշխատէինք չդիմել անոնց օգնութեան, որովհետեւ պէտք է ցոյց տայինք, որ անոնց չենք զիջիր: Մենք յաջողեցանք, անոնք հիացած էին մեզմով՝ մեր կամքի ուժով», հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին ըսած է Անին՝ ընդգծելով, որ կինը աւելի լաւ դիպուկահար է, քան տղամարդը, եւ ըսածը կը հիմնաւորէ, թէ «Ֆիզիոլոկիական առումով կնոջ բազուկի մկանները թոյլ զարգացած են, եւ կրակելու ժամանակ լարուածութիւնը քիչ է, ձեռքը չի դողար»:

Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի՝ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը փորձէ կանայք ներգրաւել հայկական զինուած ուժեր, լուծելով կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը՝ հաւասարութեան սկզբունքով բանակի ընդհանուր որակի բարձրացումը: «Կանանց դերը բանակին մէջ շատ կարեւոր է, անոնք կը նպաստեն ընդհանուր մթնոլորտի բարելաւման: Գաղտնիք չէ, որ հայ տղամարդը կնոջ ներկայութեամբ ինքզինք աւելի զուսպ եւ ճիշդ կը պահէ: Կանայք բանակ ներգրաւելով՝ մենք կ’ուզենք կոտրել այն կարծրատիպը, թէ բանակը կոպիտ վայր է։ Հայ տղամարդը իր կողքին զգալով հայ կնոջ ներկայութիւնը աւելի պատրաստակամ դարձած է: Անիկա նաեւ դարերու սովորոյթ է, մեր հայ կանայք միշտ եղած են տղամարդոց կողքին, ինչպէս բոլոր տեսակի դժուարութիւններու, այնպէս ալ պատերազմներու ժամանակ: Ազատամարտէն ետք հայ կնոջ ներկայութիւնը բանակի մէջ աւելի ամրապնդեց կարգ ու կանոնը: Հայ տղամարդը դարձաւ առաւել զգաստ, հետեւեցաւ իր խօսքին ու աւելի քաղաքավար դարձաւ: Այդ միտումները այսօր կը պահպանուին, Հայոց բանակը հիմա մեծ քայլեր կը կատարէ կանանց թիւն ու նշանակութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ», «Հորիզոն»-ին ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան եւ աւելցուց. «Ռազմական դպրոցներու հանգամանքով պայմանաւորուած է հայ կնոջ դերակատարութիւնը բանակին մէջ, որ երթալով կը մեծնայ եւ կ՚ամրապնդուի»:

«Այսօր արդէն մեր ռազմաուսումնական հաստատութիւններէն ներս ուսում կը ստանան աւելի քան քսան կին ուսանողներ, նոյնքանը աւարտած են: Անցեալ տարի ընդունուած էր մօտ հինգ ուսանող աղջիկ, այս տարի թիւը կրկնակի աւելի է, եւ տարուէ տարի այդ թիւը կրնայ մեծնալ: Ամբողջ աշխարհի մէջ ալ կանանց իրաւունքները տղամարդոց կը հաւասարին նաեւ բանակին մէջ: Նոյնիսկ ամենազարգացած բանակներու մէջ ալ կանայք նոր-նոր կը սկսին տղամարդոց հետ հաւասար ծառայել ամէն տեղ: Օրինակ Իսրայէլի մէջ, ուր կանանց ծառայութիւնը պարտադիր է, միեւնոյնն է, անոնք չէին մասնակցեր մարտական գործողութիւններուն, իսկ ամերիկեան բանակին մէջ, միայն վերջերս կանանց իրաւունք տուած են մասնակցելու մարտական գործողութիւններուն: Հայ ազգը ամենահին ազգերէն է, որ կանանց իրաւունքները հաւասարեցուցած է տղամարդոց,  մենք աշխարհի մէջ առաջինն ենք, որ կին դեսպան ունեցած ենք», եզրափակեց Արծրուն Յովհաննիսեան։

Կին հայ ռազմիկներու կերտած անզիջող ուղին դարերու կեանք ունի եւ հաստատ քայլերով կը շարունակուի‘ ուղղուելով դէպի նոր դարերը:

Նայիրի Մկրտիչեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.