Ո՞վ պի­տի ուղ­ղէ բուն հար­ցում­նե­րը…


Փա­րի­զի մէջ ոճ­րա­յին շարք մը ա­րարք­ներ ար­դա՛­րօ­րէն մեծ յու­զում պատ­ճա­ռե­ցին, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, բո­լոր ա­նոնց՝ ո­րոնք իս­կա­պէ՛ս կը տագ­նա­պին ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը, եւ ո՛չ միայն աշ­խար­հագ­րա­կան ո­րոշ տա­րածք մը պա­տու­հա­սող ա­հա­բեկ­չա­կան ծա­նօթ ա­րարք­նե­րով։ Փա­րի­զեան ո­ճիր­նե­րէն քիչ ա­ռաջ, աշ­խար­հը տագ­նա­պե­ցաւ ռուս­ական ճամ­բոր­դա­տար օ­դա­նա­ւի մը ռմբա­հա­րու­մով ու Պէյ­րու­թի հա­րա­ւա­յին ա­րո­ւար­ձա­նին մէջ ռմբա­հա­րու­մի մը ա­հա­զան­գող ար­ձա­գանգ­նե­րով։

Վեր­ջին քա­նի մը շա­բաթ­նե­րուն ար­ձա­նագ­րո­ւած յի­շեալ ա­րիւ­նա­լի դէպ­քե­րը միայն նո­րա­գոյն օ­ղակ­նե­րը ե­ղան մութ ու կար­միր շղթա­յի մը, ո­րուն հա­րո­ւած­նե­րը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի՛ կ’ա­հագ­նա­նան։ Ոճ­րա­յին այս ու նա­խըն­թաց ա­րարք­նե­րը ըն­դար­ձա­կե­ցին «իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կան­ներ»ուն մա­սին քննար­կում­նե­րու եւ բա­նա­վէ­ճե­րու դաշ­տե­րը, ո­րոնք ու­րո­ւագ­ծո­ւե­լու սկսած էին ա­ւե­լի քան… 35 տա­րի ա­ռաջ.- Ս­տեղ­ծո­ւած ա­լիք­նե­րը միա­խառ­նո­ւե­ցան այն յոր­ձա­նու­տին հետ, որ աշ­խար­հի կո­կոր­դը կը սեղ­մէր նո՛յն այդ վայ­րա­գու­թեանց հե­տե­ւան­քով ա­րա­գօ­րէն ծան­րա­ցած՝ բռնա­գաղ­թո­ւած­նե­րու տագ­նա­պով։

Եւ­րո­պա­կան պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րէն մին­չեւ մա­մու­լը, իսկ ով­կիա­նո­սէն ան­դին՝ մին­չեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու… նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րա­պայ­քա­րի բե­մե­րուն վրայ շող­շո­ղա­ցող «ի­մաս­տուն­ներ»ը ներգ­րա­ւո­ւած են զի­րար ամ­բող­ջաց­նող բա­նա­վէ­ճե­րու մէջ, դար­մա­նու­մի մի­ջոց­ներ կ’ո­րո­նեն ա­մուլ մրցա­վազ­քով մը։ Մեծ աղ­մու­կով կը փոր­ձո­ւի պա­տաս­խան­ներ ո­րո­նել սա՛ պի­սի հար­ցում­նե­րու. Սու­րիա­յէն, Ի­րա­քէն, Աֆ­ղա­նիս­տա­նէն ու տագ­նա­պա­հար միւս եր­կիր­նե­րէն ստի­պո­ղա­բար հե­ռա­ցող, ի­րենց կեան­քը փրկե­լու հար­կադ­րան­քին տակ գտնո­ւող գաղ­թա­կան­նե­րը պէ՞տք է ըն­դու­նիլ, թէ՞ զա­նոնք ետ մղել։ Ի՞նչ չա­փե­րու հասց­նել ոճ­րա­յին խմբակ­նե­րուն՝ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան դէմ ռմբա­կո­ծում­նե­րը. բա­ւա­կա­նա­նալ օ­դա­նա­ւա­յին յար­ձա­կում­նե­րո՞վ ու հե­ռա­հաս հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րո՞վ, թէ՞ նաեւ բա­նակ­ներ նե­տել մար­դա­կերպ վայ­րե­նի­նե­րուն դէմ։ Ռու­սա­կան հա­րո­ւած­նե­րը օ­րի­նա­կա՞ն են, թէ՞ պէտք է կա­սեց­նել զա­նոնք, որ­պէս­զի աշ­խար­հը չկլա­նո­ւի Եր­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի մը մէջ (իբ­րեւ թէ ե­ղա­ծը նո­ւազ չա­րիք ըլ­լար):

Այս ու նման հար­ցում­նե­րով զար­գա­ցող «քննար­կում­նե­րը» կը յի­շեց­նեն «­Բիւզանդական Վէճ»ե­րու դա­րաշր­ջա­նը, երբ մար­դիկ իս­կա­կան հար­ցե­րը թո­ղած, ար­տա­ռոց ման­րուք­նե­րով կը զբա­ղէին ու կը զբա­ղեց­նէին աշ­խար­հը…

Ոչ ոք կ’ար­ծար­ծէ ԲՈՒՆ ՀԱՐՑԵՐԸ, իսկ ար­ծար­ծողն ալ կը մատ­նո­ւի լռու­թեան, կամ՝ ա­նոր ձայ­նը դի­տում­նա­ւոր կեր­պով կորս­տեան կը դա­տա­պար­տո­ւի յի­շեալ փո­թո­րիկ­նե­րէն բարձ­րա­ցող աղ­մու­կին մէջ։

Խոր­քին մէջ, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ պէտք է պա­տաս­խա­նել հե­տե­ւեալ հար­ցում­նե­րուն.-

«21րդ դա­րու քա­ղա­քա­կիրթ» աշ­խար­հին մէջ, բազ­մա­մի­լիոն մար­դիկ ին­չո՞ւ ստի­պո­ւած պէտք է ըլ­լան ե­տին թող­նե­լու տուն, տեղ, ստա­ցո­ւածք ու փճա­ցող վաս­տակ, դառ­նա­լու գաղ­թա­կան ու ափ առ­նե­լու եւ­րո­պա­կան կամ այլ եր­կիր­նե­րու դուռ­նե­րը, դառ­նա­լու կեան­քի՛ մու­րաց­կան­ներ, մատ­նո­ւե­լու ա­մէն տե­սակ վար­կա­բե­կու­մի, մինչ­դեռ մին­չեւ ե­րէկ, ա­նոնք կը վա­յե­լէին խա­ղա­ղու­թեան ու ի­րենց ճակ­տի քրտին­քին բա­րիք­նե­րը…։ Ար­դեօք տագ­նա­պա­հար եր­կիր­նե­րը ե­թէ վաղն իսկ վե­րագտ­նեն բնա­կա­նոն ապ­րուս­տի ու­ղին, գաղ­թա­կան­նե­րէն քա­նի՞ն կը մնայ վտա­րան­դի…

Ի վեր­ջոյ, ուր­կէ՞ ծնաւ ու ա­րա­գօ­րէն ա­ճե­ցաւ «իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թիւ­նը», որ խոր­քին մէջ կապ չու­նի ո­րե­ւէ կրօն­քի հետ։ Ո՞վ կը զի­նէ, կը սար­քա­ւո­րէ ու կը մար­զէ քա­ղաք­ներ ու շէ­ներ ա­ւե­րող­նե­րը, թան­գա­րան­ներ կո­ղոպ­տող­նե­րը, քա­րիւ­ղի հան­քեր չա­րա­շա­հող­նե­րը, եւ ի՞նչ յե­տին նպա­տակ­նե­րով…

Ինչ­պէ՞ս կ’ըլ­լայ, որ ան­ցեա­լին, ա­հա­բեկ­չա­կան մեծ ու փոքր խմբա­ւո­րում­ներ շատ ա­ւե­լի ա­րա­գօ­րէն կը բե­րո­ւէին հա­կակ­շի­ռի տակ, ա­նոնց ա­րարք­նե­րը կա­րե­լի կ’ըլ­լար սահ­մա­նա­փակ օ­ղակ­նե­րու մէջ պա­հել, միչ­դեռ այ­սօր, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ու լրտե­սու­թեան բազ­մա­պա­տիկ ան­գամ զար­գա­ցած մեր օ­րե­րուն, երբ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու շա­հա­տուր­քե­րէն հսկա­յա­կան գու­մար­ներ կը տրա­մադ­րո­ւին հե­տա­խու­զու­թեան, ա­կա­նա­տես ենք «ան­հա­կակշ­ռե­լի զար­գա­ցում­ներ»ու, ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րուն վրայ գոր­ծո­ւած յար­ձա­կում­նե­րը ա­ւե­լի՛ եւս կը տա­րա­ծեն ա­նոնց հա­կակշ­ռած հո­ղա­մա­սե­րը, կը բազ­մա­պատ­կեն վայ­րագ զի­նեալ­նե­րուն թի­ւը, ո­ճիր­նե­րը ա­րա­գօ­րէն ի­րա­րու կ’ար­ձա­գան­գեն Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն մին­չեւ Ե­մէն ու Աֆ­ղա­նիս­տան-­Փա­քիս­տան, մին­չեւ ափ­րի­կեան եր­կիր­ներ ու Եւ­րո­պա…

Տագ­նա­պե­լու եւ լուրջ քայ­լե­րու մա­սին մտա­ծե­լու հա­մար (ե­թէ իս­կա­պէս լուրջ մտա­ծող մնա­ցած է ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հին մէջ), ին­չո՞ւ պէտք էր սպա­սել, որ ոճ­րա­յին խա­փա­նա­րա­րու­թիւ­նը հաս­նէր Փա­րիզ ու սպառ­նար Պել­ճի­քա­յի, Անգլիոյ ու եւ­րո­պա­կան այլ եր­կիր­նե­րու, փոր­ձէր նոր ոս­տում ար­ձա­նագ­րել ով­կիա­նո­սէն ան­դին (չմոռ­նանք 2001ն­ ու Պոս­թը­նի մա­րա­թո­նը), մինչ­դեռ ան­ցեալ ա­ւե­լի քան տա­սը տա­րի­նե­րուն, Ի­րա­քի, Լի­պիոյ, Սու­րիոյ եւ ճա­կա­տագ­րա­կից եր­կիր­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը շա՜տ ա­ւե­լի ծանր պայ­ման­նե­րու մատ­նո­ւած էին, մի­լիո­նա­ւոր զո­հեր ու հաշ­ման­դամ­ներ տո­ւած են, մինչ «ի­մաս­տուն­ներ»ը ի­րենք զի­րենք բան­տար­կած կը պա­հէին բիւ­զան­դա­կան այլ վէ­ճե­րու մէջ…։ Ար­դեօք ֆրան­սա­ցիին զո­հը ա­ւե­լի՞ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ, քան քիւր­տին, ա­րա­բին ու ե­զի­տիին զո­հե­րը (ո­ճիր է նման հար­ցում դնելն ան­գամ)։

Տա­կա­ւին, ին­չո՞ւ կլա­նո­ւիլ քա­րո­զար­շաւ­նե­րու այն ո­լո­րապ­տոյ­տին մէջ, որ կը մի­տի քո­ղար­կել այս տագ­նապ­նե­րուն իս­կա­կան պատ­ճառ­նե­րը, բուն հե­ղի­նակ­նե­րը, եւ ոչ միայն կա­մա­կա­տար­նե­րը, վա­րա­գոյ­նե­րու ե­տին պա­հո­ւը­տած սկզբնա­ւո­րող-քա­ջա­լե­րող­նե­րը, եւ ճա­կա­տա­բաց չյայ­տա­րա­րել, թէ եր­րորդ աշ­խար­հա­մար­տի մը տա­րո­ղու­թիւ­նը զգե­ցած տագ­նա­պը ջուր կը խմէ փոք­րա­մաս­նու­թեան մը շա­հա­մոլ հա­շիւ­նե­րէն, կամ աչք փա­կել Թուր­քիոյ նման եր­կիր­նե­րու ոճ­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ։

Գո­նէ մենք՝ հա­յերս, դար մը ա­ռաջ ցմրուր ըմ­պած ենք գու­նա­գեղ ո­ճիր­ներ հնա­րող թուր­քի ու­ղե­ղին «պտուղ­նե­րը», հող, տուն, ստա­ցո­ւածք եւ կեան­քեր կորսն­ցու­ցած ենք այն­պի­սի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը հե­տե­ւան­քով, ո­րուն նո­րա­գոյն կի­րար­կու­մը տե­ղի կ’ու­նե­նայ այ­սօր, մաս­նա­ւո­րա­բար Ի­րա­քի, Սու­րիոյ եւ շրջա­նի այլ եր­կիր­նե­րու մէջ։

Բ­նա­կա­նա­բար, պէտք չէ բա­ւա­կա­նա­նալ միայն ԲՈՒՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ուղ­ղե­լով, այլ պէտք է իս­կա­կան մի­ջոց­ներ ո­րո­նել՝ նման ո­ճիր­նե­րու դադ­րեց­ման ու կան­խար­գիլ­ման նպա­տա­կո­վ։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.