Արեւմտահայերէնը եւ մանկավարժութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները 21-րդ դարուն (Բ)
Իմ նախորդ յօդուածիս մէջ կը շեշտէի սորվելու դժուարութիւն ունեցող երեխաներու պարագան, որովհետեւ անոնք ամենէն խոցելիներն են մեր ընկերութեան մէջ, եւ յաճախ անոնց ձախողութիւնը իրենց կը վերագրուէր (յատկապէս՝ ծուլութեան), մինչդեռ հարցը կրթական համակարգին ձախողութիւնն էր, որ նկատի չէր ունենար իրենց դիմաց բարձրացող խոչընդոտները, առաւել՝ յանցաւորի զգացումով կը բեռնաւորէր այդ անհատները:
Ասոր ամենէն ցայտուն օրինակը կը վերաբերի դժընթերցութիւն (dyslexia) ունեցող երեխաներուն: Մենք յաճախ չենք անդրադառնար այն պարզ իրողութեան, որ մինչ խօսիլը շատ բնական երեւոյթ է մարդ արարածին համար եւ մեզի հետ զարգացած է հազարաւոր տարիներէ իվեր, կարդալը շատ աւելի ուշ ձեռք բերուած կարողութիւն մըն է, քանի մը հազար տարիներու կեանք ունեցող, մանաւանդ՝ եթէ նկատի ունենանք, որ մինչեւ քանի մը դար առաջ ան մենաշնորհն էր մասնաւոր դասակարգի մը եւ 19-րդ դարէն սկսեալ սկսաւ ժողովրդային լայն խաւերու մէջ տարածուիլ: Տիսլեքսիա ունեցող աշակերտին համար իսկապէս դժուար է հնչիւնը կապել համապատասխան տառին հետ: Իսկ նման դժուարութիւնները վերջերս աւելի լաւ ձեւով սկսած ենք հասկնալ MRI մեքենաներուն միջոցաւ, որոնք ցոյց կու տան, որ ինչ կը պատահի ուղեղի տարբեր բաժիններուն մէջ, երբ աշակետը կը փորձէ կարդալ կամ հասկնալ իր դիմաց գտնուող տեղեկութիւնը:
Ինչպէս նախապէս նշած էի, ուսանողութեան շուրջ 15 առ հարիւրը սորվելու դժուարութիւններ կ’ունենայ եւ ասոնք յատուկ դրական միջամտութեան կը կարօտին: Ասոնցմէ 10 առ հարիւրին կարելի է աւելի դիւրին օգտակար ըլլալ, իսկ 5 առ հարիւրը միշտ ալ մասնաւոր ուշադրութեան ենթակայ պիտի ըլլայ եւ անոր անցումները նախակրթարանի առաջին շրջանէն՝ երկրորդը, միջնակարգ, երկրորդական եւ կեանքի ասպարէզ՝ պէտք է յատուկ ծրագրով պատրաստուի: Ծաղկոցէն սկսեալ առաջին տարիները ճակատագրական են երեխային ուսումնական ապագային համար, որովհետեւ երբ ան նախակրթարանի երկրորդ շրջանը հասնի՝ շատ ուշ կ’ըլլայ միջամտելու համար: Իսկ երբ այդ միջամտութիւնները չըլլան՝ 15 առ հարիւրի տոկոսը եւս կ’աւելնայ: Անշուշտ այս համեմատութիւններուն մէջ նկատի ունիմ կեդրոնացումի դժուարութիւն ունեցող կամ գերաշխուժ երեխաները նաեւ: Հետաքրքրականօրէն նոյն 15 առ հարիւրի տոկոսային համեմատութեան մէջ կ’իյնան կարգապահական դժուարութիւններ ունեցող երեխաները, եւ այս մէկը զարմանալի չէ, որովհետեւ այս երկու դժուարութիւնները շատ յաճախ իրարու կապուած են:
Երբ առիթով մը նման դժուարութիւններու մասնագէտ դոկտ. Քարէն Կազիթին հարցուցի, թէ ի՞նչ լեզուով պէտք է կատարուի այս միջամտութիւնը, աներկբայօրէն պատասխանեց՝ մայրենի լեզուով: Գիտեմ որ մայրենի լեզուի յղացքը այսօր բազմաթիւ նոր սահմանումներ ունի, այսօրուան ընկերային իրականութեան պատճառաւ,- խառն ամուսնութիւններէն սկսեալ մինչեւ երկու հայ անհատներ, որոնք իրենց լեզուն լաւ չեն գիտեր կամ նուազագոյն չափերով կը գործածեն՝ տարբեր կացութիւններու դիմաց կը դնեն ենթական, սակայն մայրենի լեզուի կարեւորութիւնը նման հարցերու դարմանման մէջ կը մնայ կենսական:
Անկախ մեր ազգային կամ գաղափարախօսական մտահոգութիւններէն կամ թեզերէն՝ գիտական փաստերը եւս կը շեշտեն մայրենիին կարեւոր կապը մարդկային օրկանիզմին եւ մանկավարժութեան մէջ: Տակաւին այս տարի, Մըք-Կիլ համալսարանի մէջ կը կատարուէր փորձարկում մը Չինաստանէն որդեգրուած երեխաներու վրայ, որոնք բնականաբար իրենց մայրենի լեզուն մոռցած էին, սակայն երբ MRI մեքենաներու մէջ իրենց ուղեղի ընդունման բաժինները կը դիտուէին՝ երեւան կու գար, որ օտար լեզուներու նկատմամբ ուղեղը հակազդեցութիւն չէր ունենար, սակայն տեղ-տեղ կը «լուսաւորուէր» երբ իրենց մայրենի Չինարէնը կը լսէին: Ուղեղը չէր «մոռցած» երեխային առաջին լեզուն: Ուրեմն՝ չեմ զարմանար, որ մանկավարժական միջամտութիւնները կատարուին երեխային մայրենի լեզուով:
Ամէն պարագայի երբեք չենք անտեսեր ընկերային, տնտեսական եւ այլ դժուարութիւններ ունեցող երեխաներու պարագան: Ընդհակառակը, ասոնք մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, որոնց կը գիտակցի արդի մանկավարժութիւնը եւ կը փորձէ լուծումներ գտնել անոնց համար: Առաւել, երբ նկատի ունենանք ծաղկոցէն սկսող աշակերտներուն թիւը եւ նոյն խումբերուն տոկոսային համեմատութիւնը, որոնք երկրորդականը կ’աւարտեն՝ կը տեսնենք, թէ ինչքան մեծ թիւ մը համակարգէն դուրս կ’իյնան այս կամ այս պատճառներով, իսկ անոնց դուրս մնալը մեր կառոյցներէն՝ մտահոգիչ է հայեցի դաստիարակութեան իմաստով:
Պէտք է շեշտել նաեւ, որ բարեբախտաբար արդի մանկավարժական մօտեցումներ չեն կեդրոնանար միայն լեզուական եւ թուաբանութեան կարողութիւններուն վրայ: Օրինակ Հաուըրտ Կարտնըրի մօտեցումը լեզուի եւ թուաբանական-տրամաբանական խելացութեան (intelligence) կողքին կը ներառէ երկրաչափական, երաժշտական, ֆիզիքական շարժումի (խելացութիւն կոչենք զանոնք, տաղանդ թէ շնորհք՝ կարեւոր չէ, անուանումը երկրորդական է), ներքին թէ ուրիշներու հետ հարցերը լուծելու կարողութիւնները: Առաջնահերթը ուսանողին դժուարութեան եւ ունեցած «խելացութեան», ձիրքին վրայ կեդրոնանալն ու զայն զարգացնելն է:
Վերադառնալով հիմնական հարցին՝ հայկական վարժարաններէ ներս եւս այս տարբեր ձեւի սորվելու դժուարութիւններ ունեցող երեխաները ընդգրկելն է, ներառող (inclusive), համադրական եւ ամբողջական ծրագրի մը պատրաստութեամբ, ինչ որ կը շեշտէ նաեւ մեր առաջադրանքները՝ կարեւորութիւն տալու ո՛րքան ազգային արժէքներուն, նո՛յնքան եւ մարդկային արժէքներուն, եւ առանց այս երկուքին համադրման վաղուան լիարժէք անհատը չի կրնար կազմաւորուիլ:
Յարութիւն Պէրպէրեան