Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմին (Օնթարիօ) Երկրորդ փուլի տեղեկագիր


 

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմին (Օնթարիօ)

Երկրորդ փուլի տեղեկագիր, Յունիս 1 – Դեկտեմբեր 31, 2015

 

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Օնթարիոյի Յանձնախումբը նախապէս զե­կուցած էր իր ծրագրած առաջին փուլի գործունէութեան եւ իրադարձութիւններուն մա­սին, թորոնթոհայ եւ այլ գանատահայ հրատարակութիւններու Յունիս 2015-ի թի­ւե­րուն միջոցաւ: Այդ ձեռնարկները տեղի ունեցան Յունուարէն-Մայիս 2015-ի ընթաց­քին: Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր երկրորդ փուլի ծրագրուած եւ գոր­ծադ­րուած ձեռ­նարկները, որոնց հետ կ’աւարտին Հարիւրամեակի Յանձնախումբին իրա­գործում­ները` հարիւրամեակի ամբողջ տարուան ընթացքին: Կան մի քանի միջոցա­ռումներ, որոնք շարունակուեցան եւ պիտի շարունակուին տակաւին 2016 տարուան առաջին եռամսեակին:

Մեր նախորդ թղթակցութիւններէն տեղեկացաք արդէն, որ Ցեղասպանութեան նուիր­ուած բո­լոր ձեռնարկները, որոնք տարուան ընթացքին իրականացուեցան, դասաւոր­ուած էին երկու մակարդակներով. մէկ կողմէ այն ձեռնարկները` որոնք ծրագրուած եւ գոր­ծադրուած էին Հարիւրամեակի Յանձնախումբին կողմէ իր ենթայանձնախում­բե­րու ընդմէջէն, միւս կողմէ այն ձեռնարկները` որոնք նախաձեռնուած եւ իրականաց­ուած էին տարբեր համայնքային կազմակերպութիւններու կողմէ եւ որոնք հովա­նա­ւորուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Յանձնախումբին կողմէ: Բո­լոր ձեռ­նարկ­ները կը ներկայացնեն լայն գործունէութեան մը պատկերը, բացայայտե­լով Օն­թարիոյի հայ համայնքին եւ անոր միաւորուած կազմակերպութիններուն կա­րո­ղա­կա­նութիւնը։

Հարիւրամեակի Յանձնախումբի կազմակերպած ձեռնարկներ.-

1. ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ – Թորոնթոյի հայ համայն­քէն 50 անդամներ 12 Սեպտեմբեր 2015-ին, ժամը 10։00-էն մինչեւ կ․ե․ 2:00, մաս­նակ­ցեցան այս ծառատնկումի ծրագրին, նախաձեռնուած` City of Toronto-ի քաղաքա­պե­տական խորհուրդի անդամ Ճիմ Քարիճիանիսի կողմէ: Այս նախաձեռնութեան մաս­նակցեցան նաեւ յոյն եւ այլ համայնքներ, ի յիշատակ 20-րդ դարուն տեղի ունեցած բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերուն: Միջոցառումը սկսաւ ներկայ հոգեւոր հո­վիւ­ներու աղօթքով: Ապա մօտաւորապէս 150 ծառեր տնկուեցան հայ համայ­նքի անդամ­ներու կողմէ, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

2. «ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ – Այս ցուցահանդէսը կը ծրագ­րուէր աւելի քան տարիէ մը ի վեր: Մշակութային յանձնախումբը, Վաչէ Իսքէճեանի գլխաւորութեամբ, գաղափարը յղացաւ նշելու յիշատակը հազարաւոր հայ արուես­տա­գէտ­ներու, որոնք ստեղծագործեցին Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին եւ զոհ­ուե­ցան Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին՝ 1915-1923: Զանոնք յիշելու լաւագոյն ձեւն էր գանատահայ նկարիչներէն, քանդակագործներէն եւ լուսանկարիչներէն խնդրել, որ ստեղծագործեն գեղարուեստի նոր գործեր` նուիրուած Ցեղասպանութեան եւ ի յիշա­տակ նահատակուած իրենց գործընկերներուն: Աւելի քան վաթսուն գանա­տա­հայ ար­ուեստագէտներու գործեր ներկայացուեցան, որոնցմէ յիսունը ընտրուեցան յատուկ դատական կազմի (Jury) մը կողմէ եւ ցուցադրուեցան ARTA Gallery-ի (Dis­tillery District) սրահներուն մէջ: Այս ցուցահանդէսին համար պատրաստուած էր նաեւ գրքոյկ մը, որուն մէջ նկարագրուած էր արուեստի իւրաքանչիւր աշխատանքը, ինչ­պէս նաեւ ներկայացուած էր իւրաքանչիւր արուեստագէտի կենսագրութիւնը:

Ցուցահանդէսը իր դռները բացաւ 24 Սեպտեմբեր 2015-ին, մօտաւորապէս 300 ար­ուես­տի սիրահարներու բազմութեամբ, եւ տեւեց ամբողջ շաբաթ մը, որու ընթացքին երկու կարեւոր միջոցառումներ տեղի ունեցան.–

Ա. ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ – Հայ ֆոթոլրագրող Սքաութ Թիւֆէնքճեանի նոր գիրքի` «Կայ Միայն Երկիր»ի ներկայացում։ Գիրքը լուսանկար-վաւերագրա­կան ժողովածու մըն է հայ համայնքներու մասին ամբողջ աշխարհի տարած­քին: Հեղինակը այցելած է հայկական բազմաթիւ համայնքներ, ներառեալ Հա­յաս­տան եւ Արցախ: Միջոցառման ներկայ էր արուեստասէրներու մեծ խումբ մը։

Բ. ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՄԲ ՅԻՇԵԼ – 27 Սեպտեմբեր 2015-ի գիշերը եղաւ յա­տուկ շատերու համար: Գնահատանքի երեկոյ մը կայացաւ ի յիշատակ Հայկա­կան Ցեղասպանութեան ընթացքին նա­հատակուած մեր գրողներուն եւ բանաս­տեղծներուն: Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան ներկայացուց նահատակուած բա­նաստեղծներու ու գրողներու որոշ աշխատանքներէն անգլերէն թարգմա­նու­թեամբ բանաստեղծութիւններ ու հատուածներ։ Ընթերցումներ կատարեցին գրող Քիթ Ղարիպեան եւ գրող ու բանաստեղծ, քաղաքագիտութեան փրոֆէսոր, Military College-ի դասատու Դոկտ. Ալըն Ուայթհորն: ARTA Gallery-ի սրահը կը վկայէր, որ հայ համայնքը ընդհանրապէս, եւ Թորոնթոյի հայ հա­մայն­քը մաս­նաւորապէս, ուժեղ կապեր ունին իրենց մշակութային ժառանգու­թեան հետ:

3. ԳԱՆԱՏԱ «ՄԵՆՔ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՆՔ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ – Ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ 22 Հոկտեմբեր 2015-ին, Թորոնթոյի քաղաքապետարանի Rotunda սրա­հին մէջ: Ցուցահանդէսը նուիրուած էր Գանատայի կատարած մարդասիրական ծա­ռա­յութիւններուն Հայկական Ցեղասպանութեան նախօրէին, ընթացքին եւ անկէ ետք (1895-1925): Հովանաւորութեամբ Հարիւրամեակի Օնթարիոյի Յանձնախումբին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռայմոնտ Չօ-ի, ամբողջ շաբաթ մը երկա­րող ցուցահանդէսը ներկայացուց պատմութիւնը Գանատայէն անհատներու, եկեղե­ցի­ներու եւ ընտանիքներու, որոնք դրամահաւաքի եւ հովանաւորութեան ճամբով օգ­տակար հանդիսացած են հայ ժողովուրդին, հասնելով մինչեւ Ճորճթաունի որբերուն պատսպարման տարիները: Պաստառներ եւ ցուցանմոյշներ պատրաստուած էին Sara Corning ցեղասպանական կրթութեան հիմնարկին կողմէ: Բացման հանդի­սա­ւոր ա­րա­րողութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 22-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, որու ըն­թաց­քին Պր. Րաֆֆի Սարգիսեան, Դոկտ. Ալըն Ուայթհորն եւ Քիթ Ղարիպեան զե­կու­ցեցին ներկաներուն:

4. ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ RYERSON ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ – 23 Հոկ­տեմ­բեր 2015-ին կայացած գիտաժողովը անդրադարձաւ մշակութային կորուստի եւ Ցեղաս­պանութեան հոգեբանական ազդեցութեան` վերապրողներուն, ինչպէս նաեւ ա­պա­գայ հայ սերունդներուն վրայ: Գիտաժողովին ղեկավարն էր Դոկտ. Ալըն Ուայթ­հորն, իսկ դասախօսներն էին Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան՝ ամերիկահայ պատ­մաբան, Professor Emeritus UCLA համալսարանի, Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան՝ Rutgers համալ­սա­րանի Ցեղասպանութեան եւ Մարդկային Իրաւունքներու Կեդրոնի համա­կարգող Հայոց Ցեղասպանութեան Ծրագրի, եւ Դոկտ. Ալըն Սթաուպ՝ հոգեբանութեան Profes­sor Emeritus Մէսէչուսէցի Amherst համալսարանի: Գիտաժողովը կազմակեր­պուած էր Ryerson համալսարանի քաղաքագիտութեան ու հանրային կառավարման բա­ժան­մուն­քին եւ նոյն համալսարանի հայ ուսանողական միութեան կողմէ եւ կը վայելէր պատ­մութեան բաժանմունքին հովանաւորութիւնը:

Գիտաժողովը քննարկեց Ցեղասպանութեան հոգեբանական հետեւանքները վերապ­րողներուն մօտ, ինչպէս նաեւ անոր ազդեցութիւնը ապագայ սերունդներուն վրայ, ա­նոր տեւական եւ յարատեւ ազդեցութիւնը հայ ազգին վրայ եւ կարեւորութիւնը հար­ցին արդար կարգաւորման: Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին փուլը անոր ժխտումը չէ, այլ` արդար փոխ-հատուցումը եւ կարգաւորումը ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին: Ryerson համալսարանի հայ ուսանողական միութիւնը եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը հիանալի աշխատանք տարած էին հարիւրամեակի գիրքի յանձնախումբին հետ միասին, ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրելով Հայկական Ցեղասպանութեան հետ առնչուող զանազան լեզուներով հրատարակուած գիրքերէ օրինակներ։

5. FORGET ME NOT ՀԱՄԵՐԳ – Յիշատակներու եւ յուզմունքի երեկոյ մը հանդիսացաւ 7 Նոյեմբերի 2015-ը` Թորոնթոյի Centre for Performing Arts – George Weston սրահի ներ­կաներուն համար: Երաժշտական գնահատանքի երեկոյ մ​​ը` նուիրուած մեր բիւ­րաւոր ար­ուես­տագէտներուն, երաժիշտներուն եւ երգահաններուն, որոնք նահատակ­ուած են Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն (1915-1923): Երաժշտական գնահա­տանքի այս երեկոն ներկայացուց յետ Ցեղասպանութեան հայ երաժիշտներու, այսպէս կոչուած՝ «վերապրող սերունդ»ին ​​տաղանդը։ Միջազգային համբաւ վայելող սոփրանօ Յասմիկ Պապեանն ու ջութակահար Նունէ Մելիքեանը ելոյթ ունեցան Sinfonia Toronto երաժշտական խումբին ընկերակցութեամբ, ղեկավարութեամբ Մաէսթրօ Նուրհան Ար­մանի:

Հրաշալիօրէն ներկայացուեցան Արամ Խաչատուրեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի, Էտուարտ Միրզոյանի, Տիգրան Մանսուրեանի եւ Վաչէ Շարաֆեանի յօրինումները: Համերգի ենթայանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Լենա Ուզունեանի, եւ հարիւ­րամ­եակի մշակութային յանձնախումբը Մաէսթրոյին հետ գերազանց աշխատանք տա­րած էին յայտագրի ծրագրումին, եւ անխոնջ աշխատեցան համերգի տոմսերու վա­ճառ­ման համար:

6. ՄԱՐՔԱՄ ՔԱՂԱՔԻ «ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՊՈՒՐԱԿ»Ի ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ – Շաբաթ, 19 Դեկտեմ­բեր 2015-ի սաստիկ ցուրտ առաւօտեան, ներկայութեամբ Հարաւային Օնթարիոյի եւ Մեծն Թորոնթոյի շրջանի հայկական կազմակերպութիւններու մօտ 70 ներկայա­ցու­ցիչներու, ականատես եղանք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիր­ուած «Յիշատակի Պուրակ»ի հիմնարկէքի արարողութեան, Մարքամ քաղաքի Ashton Meadows հանրային պարտէզին մէջ: Արարողութիւնը սկսաւ ժամը 11:00-ին: Բացման խօսքը արտասանեց Պր. Նշան Աթիքեան, որ երկու տարի առաջ սկսած եւ գլխաւորած էր նախագիծի իրականացման աշխատանքները քաղաքապետարանի հան­րային հար­ցերու յանձնախումբին հետ միասին: Հայ Դատի Գանատայի յանձնա­խումբի ա­տե­նապետ Շահէն Միրաքեան խօսք առնելով, հակիրճ կերպով ներկայա­ցուց հարիւ­րամեակին նուիրուած ձեռնարկները ամբողջ Գանատայի տարածքին: Հայաս­տանի Հանրապետութեան Թորոնթոյի նորանշանակ հիւպատոս Պր. Ռ. Սվազլեան կար­դաց Հայաստանի Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Արմէն Եգանեանի շնոր­հա­կալա­կան նամակը` ուղղուած Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթիին, քա­ղաքա­պե­տական խորհուրդի անդամներուն եւ քաղաքի աշխատակազմին, այս գաղա­փարը ի­րականացնելու իրենց աշխատանքին համար:

Քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի իր ուղերձին մէջ փոխանցեց պատգամը ստեղծուած այս իւրայատուկ «Յոյսի Անտառ»ին, որ նախաձեռնուած էր Մարքամ քաղաքի հայ բնա­­կիչներու կողմէ, նուիրելով 100 ծառեր` որպէս խորհրդանիշ Հայոց Ցեղասպա­նու­թեան հարիւրամեակին: Ապա քաղաքապետ Սքարփիթի զուգահեռաբար ներկայա­ցուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որու ընթացքին 1,5 միլիոն հայեր արմատախիլ եղան իրենց հայրենի տուներէն, եւ բնութեան պատճառած աղէտը, որ հարուածած էր Ash­ton Meadows զբօսայգին եւ չորցուցած առողջ ծառերը: «Հիմա այս նուէրով կու տանք նոր կեանք այս պարտէզին, որպէսզի ան դառնայ կրկին հաճելի տարածք մը Մարքամ քաղաքի բնակիչներուն համար», ըսաւ ան: Քաղաքապետին կողքին, Մար­քամ քաղա­քի եւ Եորք շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի եօթը անդամներ ներ­կայ էին ա­րա­րողութեան, որ աւարտեցաւ հողօրհնէքով: Շինարարութիւնը եւ ծառա­տնկումը պի­տի կատարուին յառաջիկայ գարնան:

7. ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ` THE CALL FROM ARMENIA: Canadian Response to the Armenian Genocide – Այս նոր գիրքը, հրատարակութիւն` Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմնին, ուսումնասիրութիւն մըն է Արամ Աճէմեանի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուած արխիւային փաստաթուղթերու, ո­րոնք կը գտնուին գանատական պատմագրութիւններու, պետական արխիւներու եւ զանազան հրատարակութիւններու մէջ: Գիրքը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանու­թենէն առաջ, Ցեղասպանութեան տարիներուն (1915-1923) եւ յետագային Գանատայի կողմէ կատարուած մարդասիրական աշխատանքներն ու դերը` օգտակար դառնալու Ցեղասպանութենէն ճողոպրած բեկորներուն, նաեւ «Ճորճթաունի Տղաքը» եւ անոնց ներ­գաղթն ու տեղաւորումը Գանատայի մէջ: Շնորհահանդէսը կազմակերպուած էր Sara Corning ցեղասպանական կրթութեան հիմնարկին հետ գործակցաբար։ Գիրքը ներկայացուեցաւ Պր․ Արամ Աճէմեանի կողմէ 21 Փետրուար 2016-ի յետմիջօրէին, իսկ Պր․ Ռաֆֆի Սարգիսեան ներկայացուց գիրքին կարեւորութիւնը` գանատական վար­ժարաններէ ներս օգտագործելու զայն իբրեւ աղբիւր Հայկական Ցեղասպա­նու­թեան նիւթի դասաւանդման։

Տակաւին կան հարիւրամեակին առնչուած փոքր ծրագիրներ եւ միջոցառումներ, ո­րոնք չիրականացան 2015 տարուան ընթացքին եւ պիտի աւարտին 2016-ին. սակայն յանձնախումբը պիտի եզրափակէ իր գործունէութիւնը բարոյական եւ նիւթական հաշ­­ուետուութեամբ Հարաւային Օնթարիոյի մեր համայնքներուն, որոնք մասնակցե­ցան եւ քաջալերեցին մեր բոլոր նախաձեռնութիւնները: Հարիւրամեակի Յանձնա­խումբը եւ անոր բոլոր ենթայանձնախումբերու անդամները աշխատեցան ներդաշնա­կութեամբ եւ նուիրումով, տրամադրեցին իրենց ժամանակը, որպէսզի պատշաճ ձե­ւով յիշուի Ցեղասպանութեան նահատակներուն, ներկայիս` սուրբերուն, յիշատակը: Շնորհակալութիւն ձեր քաջալերանքին, մասնակցութեան եւ նիւթական օժանդակու­թեան համար:

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ.-

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Օնթարիոյի Յանձնախումբին կողմէ ծրագ­րուած ձեռնարկներու կողքին, տեղի ունեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ` կազմա­կեր­պուած Հարաւային Օնթարիոյի եւ Թորոնթոյի հայ համայնքի տարբեր կազմակեր­պու­թիւններու կողմէ: Բոլոր կազմակերպութիւններուն մօտ հա­մա­գործակցութեան ոգին ներկայ էր ամ­բողջ տարուան ընթացքին: Ստորեւ այն հիմ­նա­կան ձեռնարկները, ո­րոնք հովանաւորուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւ­րամեակի Օնթարիոյի Յանձնախումբին կողմէ.–

1. «ԱԶԳԻ ՈԳԻՆ» պարային փառատօն – Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը եւ պարի ակադեմիայի հինգերորդ տարուան ելոյթը, գեղարուեստական ​​ղեկավար ու պա­րուսոյց Լոռի Նաճարեանի գլխաւորութեամբ, ներկայացուցին Արեւմտեան Հա­յաս­տանի տարբեր մարզերու եւ շրջաններու ժողովրդական պարերը: Ձեռնարկը տե­ղի ունեցաւ Հայ Կեդրոնին մէջ, 27 եւ 28 Յունիս 2015-ին։

2. ՄԹՆՇԱՂԷՆ ԱՐՇԱԼՈՅՍ – Երաժշտական ​​երեկոյ` կազմակերպուած Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան հա­րիւ­րամեակին: Ձեռնակը տեղի ունեցաւ 28 Յունիս 2015-ին եւ ներկայացուց հայկական սիրուած ու դասական երգեր:

3. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՌ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ – 12 Սեպտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ յատուկ դասախօսութիւն-ներկայացում մը Պր. Զաւէն Խանճեանի կողմէ, գոր­ծադիր տնօրէն AMAA-ի, նիւթ ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մտաւորականութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը հայ ժողովուրդին վրայ: Ձեռնարկը կազ­­մակերպուած էր Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ:

4. ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԸ ՌՈՒՍԻՈՅ, ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԲԽԱԶԻՈՅ ՄԷՋ – Դասախօսական երեկոյ` Վերապատուելի Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեանի, որ ներկայացուց հայ համայնքներու կեանքը Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Աբխազիոյ մէջ: Ձեռնարկը կազ­մակերպուած էր Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ, որ տեղի ունե­ցաւ 25 Սեպտեմբեր 2015-ին:

5. ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ – Այս եզակի ձեռնարկը, կազմակերպուած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) եւ Ճատրակի Ակումբին կողմէ, տեղի ունեցաւ Հայ Կեդրոնին մէջ 27 Սեպտեմբեր 2015-ին, ի յիշատակ Հայոց Ցեղաս­պանութեան զոհերուն: Մրցաշարքին մասնակցեցան աւելի քան 100 հայ եւ ոչ-հայ ճատ­րակ խաղցողներ, ներառեալ՝ մէկ կրանտմասթըր եւ գանատացի առաջնակարգ խաղ­ցողներ: Մրցաշարքը ուղղակիօրէն սփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ (Webcast).

6. ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՄԱՐԱԹՈՆ – Ամէն տարի Հ.Մ.Ը.Մ-ը կը մասնակցի Scotia Bank Toronto Waterfront մարաթոնին: Այս տարի հայ մասնակցողները վազեցին եւ քալեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: 18 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 6:30-ին հանրակառքերը ուղղուեցան դէպի մարաթոնի վայրը: Աւելի քան 300 հայոր­դի­ներ մասնակցեցան այս տարուայ վազք-քայլարշաւին, ներկայացնելով մրցոյթի մաս­նակիցներու ամենաբազմանդամ խումբը:

7. ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ – Թո­րոն­թոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կազմակերպած էր մշակութային երեկոյ մը 25 Հոկտեմբեր 2015-ին, նուիրուած տիեզերական վարդապետ եւ աստուածաբան Ս. Գրի­գոր Նարեկացիին, ինչպէս յայտարարած էր Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը։ Օրուան բա­նախօսն էր Գերապատիւ Անտոն Ծ. Վրդ. Ադամեանը` Պոսթոնէն, Միացեալ Նա­հանգ­ներ։

8. ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ – 30 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ուսուցչաց Մի­ջազ­գային Օրը նշուեցաւ Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկը կազմակերպած էր Օնթարիոյի Հայ Ուսուցիչներու Միութիւնը (ACTAO): Մեծարանքի արժանացան Դոկտ. Իզապէլ Գաբ­րիէլեան-Չըրչիլը, Դոկտ. Ալըն Ուայթհորնը, Դոկտ. Լորն Շիրինեանը եւ Պր. Ճորճ Շի­րինեանը` Հայոց Ցեղասպանութեան իրենց նուիրաբերած գիտական աշխատանք­նե­րուն համար: Օնթարիոյի Հայ Ուսուցիչներու Միութեան երիտասարդ անդամները պատրաստած էին յատուկ տեսերիզ մը, ուր կը ներկայացուէին Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ մտաւորականներ եւ ուսուցիչներ: Օրուան բանախօսն էր Հայոց Ցե­ղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմնի ատենապետ Պր. Մհեր Գա­րա­գաշ­եանը:

 9. ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ «ՆՈՒՌ» ՖԻԼՄԻ ՓԱՌԱՏՕՆ – Այս տարուան «Նուռ» ֆիլմի փա­ռա­տօնը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Ձեռնարկը տարած­ուե­ցաւ մէկ շաբթուան վրայ` 16-էն 22 Նոյեմբեր 2015: «Նուռ» ֆիլմի փառատօնը հիմ­նուած է 2006-ին «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան երիտա­սարդներու կողմէ, որոնք իրենց հետաքրքրութեամբ առնչուած են ֆիլմի եւ մշակոյթի: Յաջորդաբար 9-րդ տարին ըլլալով, այս փառատօնը եզակի ձեռնարկ մըն է, ուր կը ցուցադրուին հայկական թեմայով ֆիլմեր: Այս տարուան ընտրուած ֆիլմերն ու վա­ւե­րագրական ժապաւէնները ներշնչուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան թեմաներէ:

 10. «ՏՈՀՄԻԿ ՕՐ» – Կազմակերպուած` ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կողմէ։ Ձեռնարկը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ ձօն­ուած արուեստին եւ մշակոյթին Արեւմտահայաստանի 10 նահանգներուն եւ հայա­բնակ շրջաններուն: Տեղի ունեցաւ 5 Դեկտեմբեր 2015-ին, Հայ Կեդրոնէն ներս:

 Եւ վերջապէս, վստահ եմ կային յիշատակի այլ ձեռնարկներ նուիրուած Հայոց Ցեղաս­պանութեան հարիւրամեակին, որոնք կազմակերպուած էին Հարաւային Օնթարիոյի հայկական զանազան կազմակերպութիւններու կողմէ։

 ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՕՆԹԱՐԻՈՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.