2015-ին Նիկոլ Դումանի Տուն-Թանգարանը հիւրընկալած է 7000 այցելու
Ստեփանակերտ-Գանձասար ճանապարհին տեղակայուած Նիկոլ Դումանի Տուն-Թանգարանը, իր գոյութեան առաջին իսկ օրէն, դարձած է Արցախ յաճախող զբօսաշրջիկներու ուխտագնացութեան վայր: Այցելուները Տուն-Թանգարանին մէջ կրնան տեսնել վերականգնուած 19րդ դարու ղարաբաղեան գիւղի
կեանքը, ծանօթանալ Նիկոլ Դումանի գործունէութեան հիմնական փուլերուն: Panorama.am զրուցած է Նիկոլ Դումանի Տուն-Թանգարանի վարիչ Մարիա Սողոմոնեանի հետ:
Նիկոլ Դումանի ազգագրական Տուն-Թանգարանը եւ Ազգագրական թաղամասը հիմնուած են 2004ին: Մինչ օրս քանի՞ այցելու ունեցած է թանգարանը: Ինչպիսի՞ միտում կը նկատէք. տարուէ տարի կ՝աւելնա՞ն այցելուները:
Նիկոլ Դումանի Տուն-Թանգարանը ստեղծուած է հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի յայտնի ռազմական ու քաղաքական գործիչ Նիկոլ Դումանի մահուան 90րդտարելիցին առիթով: Տուն-Թանգարանն ու Ազգագրական թաղամասը հիմնուած են Արցախի զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութեան կողմէ` Պոնիաթեան ու Երիկեան ընտանիքներու հովանաւորութեամբ եւ բազմաթիւ այլ բարերարներու աջակցութեամբ:
Թանգարանը ստեղծման օրէն մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուցած է թէ՛ Արցախի բնակիչներուն, թէ՛ Արցախի հիւրերուն համար: Ըլլալով իւրօրինակ զբօսաշրջավայր` Ազգագրական թաղամասը նպաստած է Արցախի զբօսաշրջային ներուժի զարգացման։ Իր գոյութեան 12 տարիներուընթացքին Տուն-Թանգարանը հիւրընկալած է հազարաւորայցելուներ Արցախէն, Հայաստանէն ու այլ երկիրներէ: Այցելուներու քանակը մօտաւորապէս կը կազմէ 15-20 տոկոստարեկան աճ: 2015 թուականին ազգագրական համալիրըհիւրընկալած է գրեթէ 7000 այցելու:
Որո՞նք են հիմնական այցելուները` տեղացինե՞րը, թէ՞ զբօսաշրջիկները:
Ստեղծման առաջին տարիներուն համալիրը կը հիւրընկալէր տեղացիներ, որոնք կազմակերպուած այցեր կը կատարէին ճանաչողական նպատակով: Տարուէ տարի մեծցած է այցելուներու աշխարհագրութիւնը, եւ եթէ սկզբնական շրջանին այցելուներու բացարձակմեծամասնութիւնը կը կազմէին Արցախի, Հայաստանի ու Սփիւռքի հայերը, հիմա, սակայն,աւելի կը մեծնայ համալիրին հանդէպ հետաքրքրութիւնը արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն կողմէ:
Ինչպիսի՞ն է այցելուներու, յատկապէս օտար, արձագանգը թանգարանին մէջ շրջելէ յետոյ:
Ծաղկաշատի ազգագրական թաղամասը կը ներկայացնէ իւրայատուկ համալիր, ուր կարճփողոցի մը վրայ մանրակրկիտ ձեւով վերականգնուած է 19րդ դարու արցախեան գիւղի կեանքը` պատմաճարտարապետական արժէք ներկայացնող շինութիւններով ու հետաքրքրական կենցաղային իրերով: Սակայն այցելուները առաջին հերթին կը նշեն արցախեան ոգին,որ կը զգացուի համալիր մտնելու առաջին իսկ վայրկեանին:
Տուն-Թանգարանը բաղկացած է քանի մը մասէ (թանգարան, Նիկոլ Դումանի դահլիճ, 19րդ դարու վերջի բնակելի սենեակ, յարակից սենեակը, բակի շինութիւններ, ազգագրական թաղամաս): Յատկապէս ո՞ր հատուածին մէջ առաւել շատ կանգ կ՝առնեն այցելուները, ի՞նչն է, որ առաւել շատ ուշադրութեան կ՝արժանանայ, նաեւ՝ զարմանք կ՝առաջացնէ այցելուներուն մօտ:
Ազգագրական համալիրի բոլոր շինութիւնները հետաքրքրութիւն կ՝առաջացնեն այցելուներուն մօտ: Ուղղակի ատիկա կախուած է այցելուներու նախասիրութիւններէն: Այցելուներուն մէկ մասը նախապատւութիւնը կու տայ Նիկոլ Դումանի կեանքին ու գործունէութեան ծանօթանալուն, միւս մասը աւելի շատ հետաքրքրուած է արցախցի գիւղացիի կեանքով:
Ըստ ձեզի, ի՞նչը այցելուին կը բերէ թանգարան:
Եթէ խօսքը հայ այցելուի մասին է, ուստի ատիկա, ի հարկէ, հայրենասիրութեան զգացմունքն է. այցելել հայրենիքը մարդու մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայրենանուէրգործունէութեան: Օտարերկրեայ այցելուներուն համար ազգագրական համալիրը կը կապուի արցախցի հասարակ գիւղացիի կեանքին հետ, եւ այդ կեանքով իսկ ապրելու ցանկութիւնն է, որ օտարեկրացին կը բերէ Նիկոլ Դումանի Տուն-Թանգարան եւ Ազգագրական թաղամաս:
Վերջերս համալիրին մէջ կը մատուցուին նաեւ սնունդի, տեղաւորման ու ժամանցային այլծառայութիւններ, որոնց նպատակն է հասնիլ համալիրի ինքնաբաւութեան ու այցելուներուն առաջարկել աւելի հետաքրքրական ժամանց: Ատիկա եւս կրնայ խթան հանդիսանալհամալիրի այցելուներու քանակի աւելնալուն:
Ինչպէ՞ս կը համալրուի թանգարանը: Այսօր քանի՞ ցուցանմոյշ կայ թանգարանին մէջ:
Թանգարանի ֆոնտը յատկապէս համալրուած է Զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութեան կողմէ, սակայն ազգագրական թաղամասին մէջ ներկայացուած ցուցանմոյշներուն մէկ մասը նուիրաբերած են Ծաղկաշատի բնակիչները: Ընդհանուր առմամբ, համալիրին մէջ ներկայացուած են 200էն աւելի ցուցանմոյշներ: