Թուրքիա.- դասագիրքերը դարձեալ ատելութիւն կը քարոզեն հայերու դէմ
«Թարաֆ» թերթը նախանցեալ շաբաթ օրուան իր թիւին մէջ, հիմնուելով Սերտար Գորուճուի մէկ թղթակցութեան վրայ, դիտել կու տար, որ դպրոցներու մէջ աշակերտներուն առջեւ դարձեալ պիտի դրուին դասագիրքեր, որոնց մէջ ատելութիւն կը սերմանուի հայերու ու յոյներու նկատմամբ, այս երկու ժողովուրդները դա
ւաճան կը հռչակուին: Աւելի՛ն. հիմնովին կը ժխտուի 1915ը ու կը պնդուի, որ հայերը տեղահանուեցան իրենց իսկ ապահովութեան համար, պարզապէս փոքր թիւով հայեր մեռան տեղափոխութեան դժուարութիւններէն ու հիւանդութենէ: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»ն:
Փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ատելավառ տողեր կան 8րդ դասարանի համար պատրաստուած «Ինգիլափ թարիհի» դասագիրքին մէջ, որ տպուեցաւ «Թունա» հրատարակչատան կողմէ, եւ որ հինգ տարի պիտի դասաւանդուի դպրոցներու մէջ: Այստեղ կը պնդուի, որ հայերն ու յոյները, քաջութիւն առնելով Մուտրոսի համաձայնութեան յաջորդող բռնագրաւումներէ, իրենց պետութիւնները հիմնելու նպատակով շարժման անցան թուրքերու դէմ: Կովկասեան ճակատի վրայ հայերը կռնակէն զարկին Էնվեր փաշայի բանակին: Հայերը սպանդներ գործեցին, այս պատճառաւ ալ անոնցմէ շատերը ղրկուեցան դէպի ապահով շրջաններ: Քիչ թիւով հայեր իրենց կեանքը կորսնցուցին պայմաններու ծանրութեան ու հիւանդութեան պատճառով:
Ասոնցմէ աւելի ծանր արտայայտութիւններ կան 10րդ դասարանի համար պատրաստուած դասագիրքին մէջ: Հոն կ՛ըսուի, որ հայերը մեծ առիթ նկատեցին, երբ օսմանեան պետութիւնը մտաւ Ա. Աշխարհամարտի մէջ: Գիրքին 210րդ էջին վրայ հայերը ցոյց կը տրուին որպէս սպանդներ կատարած կողմ: Ռուսերը գրաւեցին Վան, Մուշ, Պիթլիս, Էրզինճան (Երզնկա) եւ Տրապիզոնը, ու այս շրջաններու հայերն ալ ռուսերուն միանալով` սպանդներ կատարեցին: Այս միջոցին է, որ ապրուեցան այն պատահարները, որոնք հայերու կողմէ աշխարհի կը ներկայացուին որպէս 1915: Օսմանեան պետութիւնը, որպէսզի արգելք հանդիսանայ հայ-ռուս գործակցութեան, փակեց հայկական միութիւնները, որոնք ահաբեկչական կեդրոններ էին: Ներքին պատերազմի պատճառով ալ հայերը առժամեայ կերպով ղրկուեցան Սուրիա:
Վերջին հաշուով, դասագիրքին քարոզած մայր գաղափարն այն է, որ հայերը իրենց իսկ բարիքին ու կեանքի ապահովութեան համար առնուեցան պատերազմական շրջաններէն ու ղրկուեցան աւելի ապահով տեղեր: Որովհետեւ հայկական հրոսախումբերը կը սպաննէին նաեւ այն հայերը, որոնք չէին մասնակցեր իրենց ահաբեկչական արարքներուն: