Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Բնակարանը Այսօր
Յարութ Չէքիճեան կը գրէ.
Արամ Մանուկեանի բնակարանը կը գտնուի Երեւան քաղաքի Արամի փողոցի վրայ, հասցէն` թիւ 9, Աբովեան – Արամի խաչմերուկէն դէպի Տէրեան տանող ճամբուն ձախ կողմը գտնուող չորրորդ շէնքը:
Առաջին նկատողութիւնս պիտի ըլլայ փողոցին թերի անուանումը, ո՞ր Արամին անունով է փողոցը, ինչո՞ւ Արամ Մանուկեան փողոց չէ կոչուած: Եթէ Արամ Նահապետի անունով է, թող այդպէս կոչուի, ինչո՞ւ այս անորոշութիւնը:
Երբ կը մօտենանք կառոյցին, կը յիշեմ «Արամ ուժգնօրէն հարուածեց սեղանին եւ գոռաց. «Երեւանը չենք դատարկի եւ պէտք է կռուենք, դիմադրենք թշնամուն մինչեւ վերջին մեր կաթիլ արիւնը, մինչեւ վերջին գնդակը»:
Կիսաքանդ շէնքի ճակատին աջ կողմը, շուրջ երկու մեթր բարձրութեան վրայ կը գտնուի յատուկ քարի վրայ փորագրուած գրութիւնը «ԱՅՍ ՏԱՆՆ Է ԱՊՐԵԼ ԵՒ ՄԱՀԱՑԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԸ 1917. 1919»:
Օրեր առաջ Արամի յիշատակին հաւատարիմ ազգայիններու կողմէ տեղադրուած եւ ներկայիս թառամած գլուխը կախ ծաղիկները կարծես կը ներկայացնեն եւ կ՛աղաղակեն բնակարանի ներկայի ամօթալի ընդվզեցուցիչ եւ անընդունելի լքուած վիճակը:
Այս յայտարարութեան տակ, անմիջապէս աջին, կը գտնուի երկաթէ երեք փեղկով կղպանքը կոտրուած կիսաբաց դուռ մը: Կը մտնեմ ներս, ուշադրութեամբ, խուսափելով գարշահոտ աղբի տոպրակներու եւ մարդոց արտաքսած կեղտերուն վրայ կոխելէ: ԱՄՕ՛Թ:
Բառերը բաւարար չեն արտայայտելու իմ եւ շատ մը ականատեսներու զգացումները եւ բողոքի պոռթկումը: Թող պատկան մարմինները ուսումնասիրեն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆի այսօրուան տուն-թանգարանը: ԱՄՕ՛Թ: