Քոնկրեսական Ճէքի Խանչելեան-Սփիր. «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը հետապնդելը պարտքս է մօրս առջեւ»


Ամերիկացի քոնկրեսական Ճէքի Խանչելեան-Սփիրի հարցազրոյցը «Ամերիկայի Ձայն» լրատուական գործակալութեան հետ։  

– կրնանք ձեզ դիմել խանչելեան-Սփիր անունով:

– Այո՛, խնդրեմ այդպէս դիմեցէք:

– Քոնկրեսական խանչելեան-Սփիր, դուք  ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի այն եզակի անդամներէն էք, որ ունի հայկական ծագում: Այդ փաստը ձեր վրայ յաւելեալ պատասխանատուութիւն կը դնէ՞։

– Մայրս ազգութեամբ հայ էր։ Ան կեանքէն հեռացաւ 94 տարեկան հասակին, սակայն ան ինծի կը պատմէր Հայոց ցեղասպանութեան մասին  եւ ամբողջ կեանքիս ընթացքին իմ նախնիներէն փոխանցուած այդ յիշողութինը հետեւ՚՚ած է ինծի։ Ցաւով կը նշեմ, որ Միացեալ նահանգները, դեռ չէ ճանչցած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։ Այսպիսով, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը  կարեւոր խնդիր մըն է, զորս հետապնդելը պարտքս է մօրս առջեւ։

ԱՄՆ-ի նախագահական պատուիրակութեան կազմին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարեդարձի միջոցառումներուն դուք Հայաստան կը գտնուէիք: Ձեր տպաւորութիւնները ինչպիսի՞ն էին այդ այցելութենէն:

Իմ գործընկերոջ, ամերիկահայ քոնկրեսական Աննա Էշուի հետ ես նախագահական պատուիրակութեան կազմին մէջ էի։ Ես խորապէս վիրաւորուած կը զգամ, որ իմ երկիրս տակաւին չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը։ ԱՄՆ-ը պարտաւոր է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, թէ՛ ամերիկահայ համայնքի եւ թէ՛ իր  իսկ արժէքներուն չդավաճանելու համար։

Դուք նաեւ յատուկ նամակ պատրաստած էք եւ լուրջ աշխատանք կը կատարէք Թուրքիոյ տարածքին հայկական ժառանգութեան, հայկական եկեղեցիներու պահպանման համար:

Թէ՛ Թուրքիոյ տարածքին եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ժառանգութիւնը լուրջ վտանգի տակ է, մենք չենք կրնար չբարձրաձայնել այդ խնդիրը։

Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան օգնութեան վերաբերեալ. մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու փոխարէն ժամանակը չէ՞, որ Միացյալ Նահանգներ օգնեն Հայաստանին զարգանալ տնտեսապէս:

Երկուքն էլ պէտք է շարունակուին: Հայաստանին յատկացուող ամերիկեան օգնութիւնը վերջին 5 տարիներու ընթացքին կիսով չափ կրճատուած է, 44 միլիոն տոլարէն հասնելով 20 միլիոնի։ Այսպիսով Հայաստանին յատկացուող օգնութիւնը կրճատուած է, իսկ այլ երկիրներու յատկացուող օգնութիւնը մեծապէս աճած է: Կը կարծեմ, որ Հայաստանին յատկացուող օգնութիւնը կարեւոր է. Հայաստանը շրջափակման մէջ է, մենք կը հասկնանք, որ Հայաստանը ամուր յարաբերութիւններ ունի Ռուսաստանի հետ, սակայն Միացեալ Նահանգները եւս պէտք է սերտ յարաբերութիւններ հաստատէ Հայաստանի հետ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.