Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Միջնակարգի Ամավերջի Փառաշուք Հնադէսը
Կիրակի, 14 Յունիս 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին տեղի ունեցաւ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի 2014-2015 տարեշրջանի միջնակարգի ամավերջի հանդէսը, ուր հալէպահայութեան ընծայուեցաւ իննսուն շրջանաւարտներու հունձք մը, որ միջնակարգի ուսումը աւարտելով, արժանացաւ հայկական վկայականի, պսակուելով «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սերունդ»: Այս մասին «Գանձասար»-ին կը գրէ Մարիա Սարգիսեանը:
Հանդէսը կը վայելէր Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանին հովանաւորութիւնը: Ներկայ էին նաեւ պատկառելի Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, ճեմարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ազգային – միութենական հաստատութիւններուպատասխանատուները:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, երգեցողութեամբ միջնակարգի աշակերտական երգչախումբին, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ շրջանաւարտներ` Մայք Անթօնիօ Պոնճայի եւ Ռաֆֆի Պալեանի:
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ շրջանաւարտ Յակոբ Սասունեան, որ ըսաւ. «Մենքտարագրըւած ժողովուրդի մը զաւակներն ենք, որ ի գին ամէն դժուարութեան կրցած է պահելիր հարուստ մշակոյթն ու մայրենի քաղցր լեզուն»:
Շրջանաւարտ Սարգիս Պալապանեան իր արաբերէն բացման խօսքին մէջ նշեց. «Մեծ ուրախութիւն է ինծի համար շրջանաւարտութեան այս յիշարժան պահուն խօսք արտասանել, քաջգիտնալով, որ իւրաքանչիւրս իր լաւագոյնը ընծայաբերեց կատարելագործելու միջնակարգի ուսումնական ծրագիրը»:
Ապա աշակերտական երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ յաջորդաբար ներկայացնելով «ՍուրիաՍուրիա», «Ալ Հաքքու Սիլահի Ուա Ուքաուէմ», «Իմ Հայրենիք» եւ «Հայոց Բանակ» երգերը:
Յայտագիրի յաջորդ բաժինով խումբ մը շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ ներկայացուցին արաբերէն ասմունք «Ալ Շուհատա» խորագիրով:
Օրուան արաբերէն ուղերձը ներկայացուց Վանա Եագուպեան ըսելով. «Մենք, որպէս ուսումնատենչ հայորդիներ, եկած ենք հաստատելու, որ Ք.Ե.Ա. ճեմարանը եղաւ այն լուսաշողփարոսը, որ լուսաւորեց մեր ճանապարհը: Արդ, կը խոստանանք դառնալ ջահակիրներըսիրելի ճեմարանին, անոր վարկը բարձր պահել եւ հաստատակամ ընթանալ դէպի աղբիւրըլոյսին»:
Ճեմարանի պետական տնօրէնուհի Աիշա Գապալան շնորհաւորելով ներկայ շրջանաւրատներն ու անոնց ծնողները իր սրտի խօսքը փոխանցեց ըսելով. «Դուք մեր յոյսն էք ու ապագան: Ինչպէս որ ջարդըւած ու տեղահանուած ձեր պապերը դիմակալեցին ամէն դժուարութիւն ու պատուաբեր սերունդներ կերտեցին, նոյնպէս կը վկայեմ, որ դուք եւս անկոտրում կամքով եւ վըճռական քայլերով պիտի շարունակէք անոնց կտակը, դառնալով բժիշկներ, երկրաչափներ եւ երեւելի անձնաւորութիւններ»:
Յայտագիրի վերջին բաժինով խումբ մը խոստմնալից շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ մեկնաբանեցին Սիամանթոյի գոհարներէն «Հայ դաշտերու պաղատանքը» քերթուածը:
Շրջանաւարտ Մարլա Պահարեան արտասանեց հայերէն ուղերձը, ուր հանգամանօրէններկայացուց իր սերունդի պատգամը ըսելով. «Ահաւասիկ կը փակենք ուսումնական շրջանմը, որ լի էր բազում խոչընդոտներով, սակայն ուսման տենչը թոյլ չտուաւ, որ ընկրկինք: Երախտագիտական խօսքեր ճեմարանի զոյգ տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմին, որոնք ամէնօրեայ հետապնդումով քայլ առ քայլ հսկեցին մեր ուսումնական վիճակի բարելաւման ու կրթական ծրագրի իրագործման եւ ջանք չխնայեցին մեզ հասցնելու լաւագոյնին: Յատուկ շնորհակալութիւն մեր ծնողներուն, որոնք ամէն տեսակի զոհողութիւններով ու զրկանքներով մեր մէջվառ պահեցին ուսման սէրը: Իսկ դասընկերներուս բարի երթ կը մաղթեմ»:
Ք.Ե.Ա.ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան խրախուսիչ իր պատգամը փոխանցեց ըսելով. «Այս տարեշրջանը եւս յատկանշուեցաւ տընտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ճգնաժամով, որ իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցաւ կրթական գործընթացին վրայ, սակայն ճեմարանականները իրենց ժրաջան աշխատանքով հաստատեցին, որ իրենք չեն վհատիր»: Ապա տնօրէնը ներկաներուն փոխանցեց 2014-2015 տարեշրջանի Ք.Ե.Ա. ճեմարանի գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը:
Օրուան հանդիսավար Հուրինա Պէրպէրեան-Վերտանեան բեմ հրաւիրեց Ք.Ե.Ա.Ճ.-ի Շրջանաւարտից Միութեան ներկայացուցիչ Շահէ Արթինեան, պարգեւատրելու միջնակարգի առաջնակարգ հետեւեալ աշակերտ-աշակերտուհիները.
Եօթներորդ կարգ.- Բարտի Խալպուրճեան, Նայիրի Արապաթըլեան, Սեդա Չամիչեան:
Ութերորդ կարգ.- Մէյրի Տրմաշ, Յակոբ Տէօքմէճեան, Մարալ Ղազարեան:
Աւարտին, շրջանաւարտներ Ժէնի Նաճարեանի եւ Յակոբ Արսլանեանի դաշնամուրային գեղեցիկ նուագակցութեամբ եւ նոյնինքն շըրջանաւարտներու լօզունքներով բեմ հրաւիրուեցան 90 հայորդիներ, որոնք Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ ստացան իրենց վկայագիրներն ու հայերէն լեզուի գնահատագիրները:
Հուսկ, սրբազան հայրը շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ կատարելէ ետք իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց ըսելով. «Մեր բոլորին սրտերը հպարտութեամբ լեցուեցան, երբ 100ամեակի այս սերունդը իր ընկալածը` միաշունչ, միանուագ եւ միասնակամ ոգիով լաւագոյն կերպով ներկայացուց, ապացուցելով իր սէրն ու յարգանքը Ճեմարանին նկատմամբ եւ իր լոյսի ճառագայթումով արժանացաւ սոյն վկայագիրին: Ազգեր կան, որոնք երազի ու հաւատքի կողքին աշխատանքով կ՛ապրին: Խօսքը կը վերաբերի մեր հալէպաբնակ ժողովուրդի զաւակներուն, ազգային պատասխանատուներուն ու բարերարներուն, որոնք դպրոց պահելով ազգային առաքելութեան կը ծառայեն: Պատի՛ւ ճեմարանին, որ սփիւռքեան զանազան գաղթօճախներուն համար կը պատրաստէ գլխագիր ՄԱՐԴԸ, որ ամէն օր ճեմարանով կ՛ապրի ու կը սատարէ անոր բարգաւաճման ու վերելքին»:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ք.Ե.Ա. ճեմարանի քայլերգով եւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով: