Փակ Թղթածրարներ


Պէտք է ողջունել «Անկախ Նորութիւն» (ankakh.com) կայքէջի 13 Յունիսի հրապարակումը Եղիշէ Չարենցի, Ակսել Բակունցի, Վահան Թոթովենցի եւ այլ վաստակաւոր գրագէտներու նահատակութեան պարագաներուն մասին հայրենի գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեանի դիպուկ քննարկումներով: Ստալինեան մաքրագործումներու բովին մէջ, 1937ին, մեր գրականութիւնը կորսնցուց միտքի տիտաններու ամբողջ սերունդ մը:

Ճիշդ ինչպէս 1915ի Ապրիլի 24ին, հայոց քանքարի մեծ հոյլն էր, որ յանկարծ կ՛ըլլար արմատախիլ՝ մեր կեանքերէն: Կրկին կը լռէր ոգիի հզօր պատգամը: Զրկա՛նք՝ որ իր խոր դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ մինչեւ այսօր:

Այժմ արդէն յստակօրէն կը տեսնենք տարողութիւնը այս զարհուրելի աղէտին: Երկու համաշխարհային պատերազմներու միջեւ, այսինքն՝ քսաներկու տարուան միջոցին, մեր երկճիւղ գրականութեան ողնայարն էր, որ ամէնէն խուժդուժ պայմաններու մէջ, եւ կանխամտածուած հետեւողականութեամբ, կ՛ըլլար ջարդուփշուր:

Արքմենիկ Նիկողոսեան կը յիշեցնէ, որ 1937ի նահատակութեանց ետին կային նաեւ օրուան հայազգի գործակալները, եւ կը յիշէ տխրահռչակ անունները Նայիրի Զարեանի եւ Հրաչեայ Քոչարի: Վստահաբար ամբողջ վոհմակ մըն էին անոնք պետութեան բոլոր օրգաններուն մէջ: Անկախութեան տարիները կարելի դարձուցին, որ քանի մը կարեւոր երկեր լոյս տեսնեն Չարենցի եւ Բակունցի սպանութեան պարագաներու մասին եւ սակայն այս մեծ ոճիրի համակողմանի քննարկումը դեռ շատ հեռու է ամբողջացած ըլլալէ: Շատ բան կը մնայ մութին մէջ:

Եւ շատ բան՝ անմատչելի: Չկայ հանգամանաւոր որեւէ փաստաթուղթ՝ այս ոճրային գործողութեան ստոյգ տուեալներուն եւ պատասխանատու անձանց դերակատարութեան մասին: Գոյութիւն ունի բերնէ բերան շրջող տեղեկութեանց մնայուն հոսք մը, յաճախ շփոթ եւ հակասական մանրամասնութիւններով, որ ինքնին հրամայական կը դարձնէ հարցին մասնագիտական, անաչառ եւ սպառիչ քննութիւնը:

Այն, ինչ որ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ 1937ին, այն, ինչ որ պարտադրուեցաւ մեր ժողովուրդին, զանգուածային ոճիր մըն էր, որուն փաստերը ոչ ոք իրաւունք ունի պահելու մեր նոր սերունդի տեսողութենէն: Հետեւաբար այսօր մեզմէ պահանջուածը շատ աւելին է, քան այն ներդրումը, զոր կ՛ընեն քանի մը կորովի եւ ճշմարտութեան նախանձախնդիր գրականագէտներ, իրենց անձնական միջոցներով: Այսօր պայման է, որ այս գործը գլխաւորէ հանրապետութիւնը ի՛նք՝ յանուն մեր ժողովուրդին: Կարեւոր է, որ այս հարցին արխիւը բացուի բոլորին առջեւ ԱՆԽՏԻՐ:

Կարեւոր է, որ ձեւաւորուի յատուկ մէկ յանձնաժողով, որ կազմուած ըլլայ ձեռնհաս գրականագէտներէ, բանասէրներէ, արխիւագէտներէ եւ իրաւաբաններէ, եւ այդ խումբին մէջ ընդգրկուած ըլլան նաեւ մասնագէտ ուժեր Սփիւռքէն:

Եւ կարեւոր է, որ նմանօրինակ յանձնաժողովի մը զեկոյցը վերջնականացուելէ առաջ դրուի հրապարակային քննարկման:

Կարեւոր է, որ փակ թղթածրարները դառնան սեփականութիւնը բոլորին եւ անոնք դադրին մեր հաւաքական խղճմտանքը սերունդ առ սերունդ հալածելէ:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.