Թուրքիոյ 2014-ի Տարեկան Զեկուցումին Մէջ Եւս Եւրոպական Միութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կոչ Կ՛ուղղէ


10 յունիսին, Սթրազպուրկի  (Ֆրանսա) մէջ, Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, քուէարկուեցաւ Թուրքիոյ 2014-ի տարեկան զեկուցումը:

Զեկուցումը ընդհանրապէս ժխտական ակնարկ կ՛ընէ Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքներու, խօսքի, մամուլի ազատութեանց, կ՛անդրադառնայ ժողովրդավարութեան նահանջին, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու դէմ շարունակուող բացասական վերաբերմունքին, Յունաստանի նկատմամբ ունեցած յարձակողական կեցուածքին եւ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը մերժելուն հետ առնչուած բոլոր խնդիրներուն:

Զեկուցումը դրական կը նկատէ յատկապէս 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժողովրդային լայն մասնակցութիւնը եւ նորակազմ խորհրդարանին մէջ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայութիւնը: Դրական կը նկատէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ 1.600.000 սուրիացի գաղթականներու ապաստանիլը:

Քուէարկուած զեկուցումին նախաբանին մէջ յատուկ կէտով մը կը նշուի «նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած 15 ապրիլ 2015-ի բանաձեւը»: 2005-էն ետք, երբ Թուրքիա Եւրոպական Միութիւն մուտքի թեկնածու երկրի կարգավիճակ ստացաւ, Հայոց ցեղասպանութեան հարցը չէր ներառուած տարեկան այս զեկուցումներուն մէջ: Պէտք է նշել, թէ վերոյիշեալ բանաձեւին մէջ յստակ պահանջ կայ Թուրքիայէն առերեսուելու իր անցեալին հետ` ճանչնալով Հայոց  ցեղասպանութիւնը:

Զեկուցումին մէջ տեղ գտած յօդուած թիւ 49-ին մէջ կը կրկնուի վերջին տարիներու կոչը` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, դիւանագիտական կապ ստեղծելու եւ առանց նախապայմաններու բանալու երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունեց Եւրոպական խորհրդարանի այս զեկուցումին մէջ տեղ գտած` Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նշումը, ինչպէս նաեւ առանց նախապայմանի սահմանի բացումը: Կարապետեան նաեւ ըսաւ, որ Եւրոպական խորհրդարանը անգամ մը եւս փաստեց, թէ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն ենթակայ չէ` նշելով Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու եւ գլխաւոր բանակցող նախարար Վոլքան Պոզքըրի խօսքերը, թէ Թուրքիա պիտի չընդունի զեկուցումը, եթէ անոր մէջ նշուած ըլլայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Զեկուցաբեր Քաթի Փիրի (Ընկերվարներ եւ ժողովրդավարներ, Հոլանտա) արդէն պատասխանեց` ըսելով, որ Եւրոպական խորհրդարանը չի կրնար ուրանալ արդէն որդեգրուած բանաձեւեր:

Սոյն զեկուցումով, Եւրոպական Միութիւնը բաց կը ձգէ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մուտքը, բան մը, որ հետզհետէ աւելի կը դժուարանայ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.