12 տերսիմցի թաքուն հայեր քրիստոնեայ մկրտուեցան


«Ակօս» կը հաղորդէ, որ 6 ամիս հայ եկեղեցւոյ քրիստոնէական հիմնական գիտելիքներու դասընթացքներու հետեւելէ ետք, 12 տերսիմցի հայեր մայիս 9-ին հաւաքական մկրտութեան արարողութեան ճամբով դէպի քրիստոնէութիւն վերադարձի առաջին քայլը առին։ Պոլսոյ Եշիլքէօյի Ս.Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ մկրտութեան արարողութենէն ետք, երկու զոյգեր նշանտուքի արարողութիւն կատարեցին։

Բռնի իսլամացած հայերու «իրենց ինքնութեան վերադառնալու» ջանքերը վերջին տարիներուն թափ ստացած են։ Այսպիսի անհատներ ցոյց կու տան իրենց փափաքը ապրելու եւ արտայայտելու իրենց ինքնութիւնը, որ ստիպուած էին թաքուն պահել իրենց թաղամասերուն, դպրոցին եւ աշխատատեղիներուն մէջ, եւ վերջ տալ երբեմն նոյնիսկ մէկ ընտանիքին մէջ գոյութիւն ունեցող ինքնութեան մասնատման։

Մեկնելով այդ փափաքէն՝ տերսիմցի հայերը պաշտօնապէս իրենց կրօնքին ու ինքնութեան վերադառնալու համար հայկական եկեղեցիներու մէջ հաւաքական մկրտութիւններ կազմակերպած են։

ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ ՄԸ

Հայր Տրդատ Ուզունեանի կատարած մկրտութեան արարողութեան կը նախագահէր Արամ արք. Աթեշեանը։ Նազար Պինաթլի, Բագրատ Էսթուքեան, Պօղոս Չոլաք, Քամեր Քարաթայլի, եւ Յակոբ Ալթընքայա կնքահայրերն էին այն տերսիմցիներուն, որոնք վերադարձան քրիստոնէութեան եւ իրենց անունները փոխեցին Գարինի, Տերեւի, Նայրայի, Լիայի, Արեւի, Արշալոյսի, Քրիստինի, Յովնանի, Ռուբէնի, Յովհաննէս Մինասի, Լուսին Մանէի եւ Մինասի։ Պօղոս ու Սրբուհի Չոլաք եւ Յովհաննէս ու Լուսին Չոլաք ամոլները իրենց ամուսնութեան կապերը ամրապնդեցին իրենց խոստումները կրկնելով եկեղեցիին մէջ։ Երուանդ Տինք եւ Քամեր Քարաթայլի զոյգերուն կնքահայրերն էին։

«Ակօս» զրուցեց օր Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած տերսիմահայերուն հետ եւ անոնց հարցուց իրենց զգացումներուն մասին։

«Մենք մեր արմատներուն կը վերադառնանք», ըսաւ Արեւ։

«Այժմ կ՚ապրիմ ինքզինք մեզ վարկաբեկողներէն պաշտպանելու կարողութիւնը ունենալու ազատութիւնը։ Այսօր, աշխարհի վրայ ամէնէն ուրախ անձն եմ։ Տարիներով, հայերը աշխատած վայրիս մջ շատ մեծ վարկաբեկումներու ենթարկուեցան, եւ չէի կրնար պատասխանել՝ վախնալով, որ գործս կրնամ կորսնցնել։ Այսուհետեւ, վիզիս խաչս պիտի կրեմ։ Մենք մեր մանկութեան այս օրը երազեցինք։ Մենք մեր արմատներուն կը վերադառնանք»։

Յովհաննէս Մինաս ըսաւ. «Երեքով սկսանք, եւ 12-ի հասանք»։

«Ասիկա ինծի համար շատ ուրախ օր մըն է։ Թէ՛ մկրտուեցայ, թէ՛ ալ պսակուեցանք։ Անկարագրելի ուրախութիւն մըն է։ Մենք մեր կրօնքը երբեք չմոռցանք։ Այժմ կրնանք ապրիլ ազատ։ Մօրս եւ հօրս խոստացայ զանոնք հայկական գերեզմանի մէջ թաղել, այդ խոստումը յարգել եւս կարողացայ։ Մենք երեք հոգի էինք, երբ որոշեցինք մկրտուիլ եւ մեր նպատակը իրագործեցինք 12 հոգիով։ Մենք շատ ուրախ ենք»։

Քրիստին ըսաւ. «Հոյակապ զգացում է։ Շատ երկար ատենէ կը սպասեմ այս օրուան։ Այլեւս ստիպուած չեմ ինքնութիւնը պահելու։ Ազատօրէն կրնամ ըսել, որ քրիստոնեայ եմ։ Երբեմն թէ հայկական համայնքին եւ թէ բարեկամներուս շրջանակին մէջ ինքզինքս մեկուսացած զգացի, որովհետեւ մկրտուած չէի, սակայն այս ազատութիւնը իբրեւ դարման պիտի ծառայէ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.