Գերմանիոյ Նախագահ Եոաքիմ Կաուքի Խօսքը Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առթիւ


Հայերու հանդէպ գործուած ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիա ունեցած է պատասխանատուութեան եւ մեղսակցութեան բաժինը

Ստորեւ Գերմանիոյ նախագահ Եոախիմ Կաուքի 23 Ապրիլ 2015-ին, հայոց, ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան յիշատակին Պերլինի տաճարին մէջ մատուցուած միջեկեղեցական պատարագի աւարտին արտասանած խօսքը.

«Նախ երախտիքի խօսք կը յղեմ ձեզի, պարոնա՛յք, ձե՛զ, որ յանձնառութիւնը ունիք ձեր եկեղեցիներու անունով Պերլինի կեդրոնին մէջ այս պատարագը մատուցելու, եւ որուն մեզ հրաւիրած էք։ Իմ ներկայութիւնս այստեղ կը վկայէ, որ ներկայիս Գերմանիոյ մէջ պետութիւնն ու քաղաքական պատասխանատուները իրենք զիրենք մշտապէս պարտաւորուած կը զգան ազնուօրէն եւ ինքնաքննադատաբար վերաիմաստաւորելու անցեալը։

«Այս ժամուն, տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք, մենք կþոգեկոչենք հայ ժողովուրդի հարիւր հազարաւոր այն զաւակաները, որոնք մէկ դար առաջ ծրագրուած եւ սպանութիւններու զոհ դարձան։

«Կին թէ տղամարդ, երեխայ թէ ծեր՝ անխտիր տեղահանուեցան, բռնեցին աքսորի ճամբան, առանց որեւէ պաշտպանութեան ու առանց սնունդի քշուեցան տափաստաններ ու անապատներ, ողջ-ողջ հրկիզուեցան, տանջամահ եղան, դաժանաբար ծեծուեցան ու սպանուեցան։

«Այս ծրագրուած եւ հաշուարկուած յանցագործութիւնը հայերուն պատուհասեց միայն մէկ պատճառով՝ անոնք հայ էին։ Նմանապէս անիկա պատուհասեց իրենց բախտակիցներուն՝ ասորիներուն կամ արամեացիներուն եւ Պոնտոսի յոյներուն։

«Մեր նորօրեայ գիտակցութեամբ եւ անցած տասնամեակներու քաղաքական ու մարդասիրական սարսափներու հեռապատկերին մեզի համար այսօր ակնյայտ է՝ հայերու ճակատագիրը քսաներորդ դարը այնքան սարսափելի կերպով բնորոշող զանգուածային բնաջնջումներու, ազգային մաքրազտումներու, տեղահանութիւններու, եւ մինչեւ իսկ ցեղասպանութիւններու պատմութեան օրինակ է։

«Այս յանցագործութիւնները կատարուեցան պատերազմներու ստուերին տակ. պատերազմը նաեւ օրինականութիւն ապահովեց այս յանցանքներուն համար։ Այսպէս պատահեցաւ հայերուն հետ համաշխարհային առաջին պատերազմի ժամանակ, եւ այսպէս պատահեցաւ այլ վայրերու մէջ հետագայ հարիւր տարիներուն եւ մինչեւ այսօր մերթ ընդ մերթ տեղի կþունենայ բազմաթիւ այլ կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ։ Անոնց լրտեսներ կþանուանէին, օտար իշխանութիւններու գործակալներ, ազգային միաբանութեան սպառնացող խառնակիչներ, դասակարգային կամ ցեղային թշնամիներ։

«Մենք կþոգեկոչենք զոհերը, որպէսզի անոնք եւ անոնց ճակատագիրը չմոռցուին։ Մենք կը յիշեցնենք անոնց մասին՝ ի սէր իսկ անոնց։ Ասիկա ամէնէն առաջ յիշեցում է իւրաքանչիւր մարդու անօտարելի արժանապատուութեան մասին։ Այս արժանապատուութիւնը չի կրնար ոչնչացուիլ, բայց անոր դէմ անվերջ կարելի է մեղանչել՝ արհամարհելով ու տրորելով զայն։

«Մենք կը յիշեցնենք զոհերու մասին, որպէսզի անոնք ոգեկոչման մէջ վերստին ձայն ստանան, որ պատմուի անոնց պատմութիւնը, այն պատմութիւնը, որ ամէն կերպ պէտք է մոռցուէր։

«Այո՛, մենք կը յիշատակենք զոհերը նաեւ ի սէր մեզ։ Մեր սեփական մարդկայնութիւնը մենք կրնանք պահպանել միայն այն պարագային, եթէ ոչ թէ միայն յաղթողներ ուղղորդեն պատմութիւնն ու մեր՝ ապրողներուս յիշողութիւնը, այլ նաեւ կեղեքուածներն ու կորուսեալները, մատնուածներն ու ոչնչացուածները։

«Զոհերու յիշատակումը, սակայն, լիարժէք պիտի չըլլայ, եթէ չխօսուի նաեւ ոճրագործներու մասին։ Առանց ոճրագործներու զոհեր չեն ըլլար։ Ոճրագործները՝ Օսմանեան կայսրութեան այն ժամանակուան ղեկավարները եւ անոնց գործակիցները, ինչպէս առհասարակ կþըլլայ ցեղապաշտպական, ազգային կամ կրօնական շարժառիթներով զանգուածային սպանդի բոլոր կազմակերպիչներու պարագային, մոլեռանդօրէն համոզուած էին իրենց գործողութեան ճշմարտութեան մէջ։

«Երիտթրքական գաղափարախօսութիւնը կրօնական առումով միասնական ազգային պետութեան մէջ կը փնտռէր կործանուող Օսմանեան կայսրութեան մէջ կողք կողքի եւ իրարու հետ ապրող տարբեր ազգերու ու կրօններու գոյակցութեան անհետացող աւանդոյթի այլընտրանքը։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ  թափ առաւ ցեղասպանական ընթացք մը, որու զոհը դարձաւ հայ ժողովուրդը։

«Մենք այժմ կը քննարկենք, թէ որ անուանումը աւելի պիտի պատշաճէր հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցածին։ Աչալուրջ ենք, սակայն, որ այս քննարկումը չսահմանափակուի մէկ եզրի վերաբերող տարբերութիւններով։ Ամէնէն առաջ կարեւոր է, նոյնիսկ հարիւր տարի ետք, ճանչնալ, ցաւիլ եւ սգալ ժողովուրդի մը հանդէպ ծրագրուած բնաջնջումն իր ամբողջ սարսափելի իրականութեամբ։ Այլապէս պիտի կորսնցնենք մեր ուղենիշային կողմնացոյցը եւ յարգանքը մեր իսկ նկատմամբ։

«Եթէ մենք պատմութիւնը գնահատելու ատեն հասնինք փոխըմբռնման, եթէ մենք բարձրաձայնենք անարդարութիւնը, նոյնիսկ եթէ ատիկա կատարած են մերոնք, եթէ մենք հաւասարապէս հաւաստենք, ինչու ոչ՝ մեր կեանքի օրինակով ապացուցենք, որ կը յարգենք արդարութիւնն ու մարդու իրաւունքները, ապա պիտի պահպանենք զոհերու արժանապատուութիւնը եւ միասնական մարդասիրական հիմք պիտի ստեղծենք  համակեցութեան համար։

«Յիշելով՝ մենք ներկայի մէջ ապրողներէն ոչ ոքի մեղադրեալի աթոռին կը գամենք։ Այն ժամանակուայ ոճրագործները այլեւս չեն ապրիր, եւ անոնց զաւակներուն ու թոռներուն պէտք չէ վերագրուի անոնց մեղքը։ Այն ինչ, սակայն, իրաւացիօրէն կրնան ակնկալել զոհերու հետնորդները, պատմական իրողութիւններու ճանաչումն ու ատով նաեւ պատմական մեղքի ճանաչումն է։ Այսօրուան սերունդի պատասխանատուութիւնն է պարտաւորուած զգալ վարելու այնպիսի քաղաքականութիւն, որ պիտի յարգէ եւ պաշտպանէ իւրաքանչիւր անհատի, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր փոքրամասնութեան կեանքի իրաւունքն ու մարդու իրաւունքները։

«Հայերու պարագային, այսպիսով, մենք որեւէ այլ սկզբունքի չենք հետեւիր, քան խոր մարդկային կենսափորձի սկզբունքն է. մենք կրնանք ազատիլ մեղքէն, եթէ խոստովանինք զայն, եւ մենք չենք կրնար ազատուիլ մեղքէն, եթէ ժխտենք զայն, վանենք զայն մեզմէ կամ թերարժեւորենք զայն։ Մենք Գերմանիոյ մէջ դժուարութեամբ եւ մասամբ ամօթալի ուշացումով սորվեցանք յիշատակել ազգային-ընկերվարութեան յանցանքները, յատկապէս Եւրոպայի հրեաներու դէմ հալածանքն ու անոնց բնաջնջումը։ Սորվեցանք նաեւ զանազանել ոճրագործներու մեղքը, որ անվերապահօրէն պէտք է ճանչցուի եւ իր անունով կոչուի, այն պատասխանատուութենէն, որ պէտք է կրեն հետագայ սերունդները՝ յանուն պատշաճ յջշատակման։

«Հայ ժողովուրդի սպանութեան յիշատակումը նաեւ այստեղ մեր մօտ՝ Գերմանիոյ մէջ, իր խոր իմաստն ու յստակ արդարացումն ունի։ Մեր կողքին կþապրին հայերու եւ թուրքերու սերունդներ՝ ամէն մէկը իր առանձին պատմութեամբ։ Խաղաղ գոյակցութեան համար, սակայն, կարեւոր է, որ ամէնքը կողմնորոշուին անցեալի վերաիմաստաւորման միեւնոյն լուսաւորական սկզբունքներով։

«Այս պարագային նաեւ մենք՝ գերմանացիներս, ընդհանուր առմամբ վերստին պէտք է անդրադառնանք վերաիմաստաւորման գործին, յատկապէս՝ երբ խօսքը հայերու հանդէպ գործուած ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիոյ ունեցած պատասխանատուութեան բաժինին եւ մեղսակցութեան կը վերաբերի։

«Այդ գերմանացի զինուորականներն էին, որ կը մասնակցէին տեղահանութիւններու կազմակերպման ու որոշ պարագային նաեւ գործադրութեան։ Հայերու հանդէպ գործադրուող գործողութիւններու մէջ վերջիններուս բնաջնումը յստակօրէն կանխազգացած գերմանացի դէտերու եւ դիւանագէտներու զգուշացումները կը շրջանցուէին ու կþանտեսուէին։ Որովհետեւ Գերմանական կայսրութիւնը չէր ուզէր վտանգել յարաբերութիւնները իր օսմանեան դաշնակիցին հետ։ Վարչապետ Պեթման Հոլվեկ, որուն յատուկ յանձնակատարը ամէնայն մանրամասնութեամբ տեղեկացուցած էր հայերու դէմ հետապնդումներու մասին, 1915-ի Դեկտեմբերին կարճ ու հատու կը նշէ. «Մեր միակ նպատակը Թուրքիոյ մինչեւ պատերազմի աւարտը մեր կողքին պահելն է, կարեւոր չէ, թէ այդ ընթացքին հայերը պիտի կործանուին, թէ ոչ»։ Դժուար է լսել այս, բայց մենք միաժամանակ կը վերյիշենք, որ ինքնին գերմանացիներն էին նաեւ, ամէնէն առաջ՝ մեծ նուիրեալ Եոհաննէս Լեփսիուսը, որուն հրապարակախօսական գործունէութեան շնորհիւ հայոց տառապանքը յայտնի դարձաւ ամբողջ աշխարհին։

«Առողջապահական ծառայութեան սպայ Արմին Թէոֆիլ Վեկներն էր, որ իր լուսանկարներով վաւերացուց եւ պատերազմի աւարտէն ետք Գերմանիոյ մէջ կազմակերպած իր դասախօսութիւն-ցուցադրութիւններով պատմեց հայոց ճակատագիրի մասին։ Աւստրիացի Ֆրանց Վերֆելը, որ իր «Մուսա լերան քառասուն օրերը» վէպով գեղարուեստական յուշակոթող կանգնեցուց այն դիմադրութեան, որ հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ իր հանդէպ ծրագրուած բնաջնջումին դէմ։ Լոյս տեսնելէ ետք՝ գիրքը շատ արագօրէն՝ 1933-ին արգիլուեցաւ: Պիալիսթոքի եւ Վիլնիուսի հրէական կեթոներուն մէջ սակայն, այդ գիրքը կը կարդային, իբրեւ կանխանշան հրեաներուն սպասող դէպքերու։ Երկու կողմն ալ՝ թէ՛ Երրորդ Ռայխի գրաքննիչները, թէ՛ հրեաները, այսպիսով, ճշգրտօրէն ընկալած էին գիրքն ու ատոր մէջ պատմուող պատմութիւնը։

«Երբ Ատոլֆ Հիթլեր իր՝ 22 Օգոստոս 1939-ի մարտական հրամանին մէջ գերմանական ցամաքային զօրքերու գլխաւոր հրամանատարներուն կը հրամայէր յարձակիլ լեհերու դէմ՝ բացատրելով իր ծրագիրները՝ «առանց խղճալու մահուան գիրկն ուղարկել լեհական ծագումով եւ լեհախօս թէ՛ տղամարդ, թէ՛ կին, թէ՛ երեխայի», հաւաքական անտարբերութեան ակնկալիքով իր խօսքը կþեզրափակէ հռետորական այս հարցումով.«Ո՞վ այսօր տակաւին կը խօսի հայերու բնաջնջումին մասին»։

«Մե՛նք կը խօսինք այդ մասին։ Մե՛նք։ Այսօր ալ՝ հարիւր տարի ետք, մենք յստակ գիտակցումով կը խօսինք այդ մասին. այդ մասին եւ մարդկութեան ու մարդկային արժանապատուութեան դէմ կատարուած այլ յանցանքներու մասին։ Մենք ատիկա կþընենք, որպէսզի Հիթլերը իրաւացի դուրս չգայ։ Մենք ատիկա կþընենք, որպէսզի ոչ մէկ բռնապետ, ոչ մէկ բռնակալ եւ նաեւ ոչ ոք, ով օրինական կը համարէ ազգային մաքրազտումները, չկարողանայ ակնկալել, որ իր գործողութիւնները պիտի անտեսուին ու մոռցուին։

«Այո՛, մենք կը շարունակենք խօսիլ նաեւ տհաճ տեղեակութեան, պատասխանատուութենէ խուսափելու եւ հին մեղքի մասին։ Մենք ատիկա չենք ըներ՝ կապուելու համար ճնշող անցեալին, այլ՝ որպէսզի արթուն ըլլանք եւ ժամանակին արձագանգենք, երբ բնաջնջումն ու ահաբեկչութիւնը կը սպառնան մարդոց ու ժողովուրդներուն։

«Լաւ է, երբ մենք միասնաբար կը յիշենք՝ առանց դաւանանքային ու կրօնական, լեզուական, ազգային ու պետական սահմաններով բաժնուած ըլլալու։ Այսօր մենք երախտապարտ ենք ամբողջ աշխարհէն ստացուող յիշատակման եւ հաշտեցման իւրաքանչիւր ազդակի համար։ Յատկապէս ուրախ եմ թուրք եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնման եւ իրարու ընդառաջ գալու իւրաքանչիւր քաջալերող դրսեւորման համար։

«Ոչ ոք պէտք է վախնայ ճշմարտութենէն։ Առանց ճշմարտութեան չկայ հաշտեցում։ Միայն միասնաբար մենք կրնանք յաղթահարել այն, ինչ տրոհած ու կը տրոհէ մեզ։ Միայն միասնաբար մենք կրնանք լաւ ապագայ ունենալ այս մէկ ու մեր բոլորիս վստահուած աշխարհին մէջ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.