Այսօր Կը Լրանայ Զինադադարի 21-րդ Տարին


Եթէ չըլլար ռուսական կողմի ճնշումները, ապա 1994-ի Մայիսին արցախեան ուժերը ընդամէնը օրերու ընթացքին կը գրաւէին շարք մը ատրպէյճանական շրջաններ, եւ, հաւանական է, դուրս գային ընդհուպ մինչեւ Կուր-արաքսեան միջագետք: Ճիշտ է` այսօր ատրպէյճանական քարոզչութիւնը կը ներկայացնէ, թէ իբր Ատրպէյճանը ո՛չ Արցախի, ո՛չ նոյնիսկ Հայաստանի, այլ Ռուսիոյ դէմ կը կռուէր եւ հայերը ընդամէնը գործիք էին ռուսերու ձեռքին ընդդէմ ատրպէյճանցիներու: Սակայն իրականութիւնը այն է, որ նոյն ռուսերու յորդորով ու պահանջով հայկական ուժերը դադրեցուցին ռազմական արշաւը դէպի Ատրպէյճանի խորքեր, եւ Մոսկուայի պարտադրանքով էր, որ անժամկէտ զինադադար կնքուեցաւ 1994-ի Մայիսին:

Ինչպէ՞ս այդ ամէնը եղաւ:

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Պաւել Գրաչովը 1994-ի Փետրուար 18-ին Մոսկուա հրաւիրեց իր հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներ Սերժ Սարգսեանն ու Մամետռաֆի Մամետովը: Ստորագրուեցաւ արձանագրութիւն, որով Մարտ 1-էն կը նախատեսուէր կրակի դադրեցում: Այդ արձանագրութեան հիմքով հնարաւոր եղաւ հասնիլ մայիսեան հրադադարին: Ապրիլ 15-ին Մոսկուայի մէջ կայացած ԱՊՀ գագաթաժողովին, որուն ներկայ էին նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ու Հէյտար Ալիեւը, կ՛ընդունուի կրակը դադրեցնելու յայտարարութիւն:

Մայիս 4-5-ը Խրխզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեկի մէջ հաւաքուեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու առաջին դէմքերը, բացի Ռասուլ Կուլիեւէն: Նախագահ Ալիեւը մեկնած էր Պրիւքսէլ, իսկ Կուլիեւը մնացած էր Պաքու` տնօրինելու երկրի գործերը մինչեւ Ալիեւի վերադարձը: Այդ պատճառով Պիշքեկ մեկնած է Ատրպէճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Աֆիյատտին Ճալիլովը: Պիշքեկի մէջ` ռուսերու, առաջին հերթին ռուս միջնորդ Վլատիմիր Կազիմիրովի դիւանագիտական մեծ աշխատանքին շնորհիւ, կողմերը ստորագրեցին արձանագրութիւն, որուն էութիւնը ռազմական գործողութիւններու դադրեցման կոչն էր Մայիս 9-ի գիշերուընէ:  Յատուկ ընտրուած էր Մայիս 9-ի գիշերը, քանի որ Խորհրդային Միութեան բոլոր ժողովուրդներու յիշողութեան մէջ ատիկա Յաղթանակի օրն էր Երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին:

Արձանագրութեան տակ ստորագրեցին Հայաստանը, Արցախը, Ռուսիան, Խրխզիստանը (որպէս հիւրընկալ կողմ) եւ ԱՊՀ-ի ու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները: Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահը մերժեց` պատճառաբանելով, որ չի կրնար ստորագրել, որովհետեւ փաստաթուղթին տակ չկայ «Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնքի ղեկավար Նիզամի Պահմանովի անունը»: Կազիմիրովը կը զանգահարէ Պաքու` Կուլիեւին, փորձելով համոզել, որ ան իր տեղակալ Ճալիլովին լիազօրէ ստորագրելու: Քանի որ Կուլիչը կը մերժէ, Կազիմիրովը Պիշքեկէն կը շտապէ Պաքու:

Ալիեւը Պրիւքսէլէն արդէն վերադարձած էր Պաքու, եւ ան, Կազիմիրովի ներկայութեամբ, Կուլիեւը կը լիազօրէ ստորագրելու Պիշքեկեան արձանագրութիւնը: Մայիս 9-ին Կազիմիրովը Պաքուի` հիւրանոցի իր սենեակին մէջ, կը շարադրէր մէկ այլ` կրակի դադրեցման փաստաթուղթ, որուն մանրամասնութիւնները կը համաձայնեցնէ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի հետ: Նոյն օրը Ալիեւի առանձնասենեակին մէջ պաշտպանութեան նախարար Մամետովը իր ստորագրութիւնը կը դնէ այդ փաստաթուղթին տակ: Յաջորդ օրը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան, իսկ Մայիս 11-ին Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Սամուէլ Բաբայեան, արձագանգելով Պիշքեկեան արձանագրութեան կոչին եւ ի կատարումն 1994-ի Փետրուար 18-ի արձանագրութեան դրոյթներուն, նամակ կը յղեն Ռուսիոյ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ` Կազիմիրովին` յայտնելով 1994-ի Մայիս 10-ի լոյս 11-ի գիշերը հակամարտող կողմերու` կրակը դադրեցնելու պատրաստակամութիւնը:

Այսպիսով, Մայիս 12-էն զինադադար կը հաստատուի:

Մայիս 12-ին հրադադարը ուժի մէջ կը մտնէ: Մայիս 16-17-ին Մոսկուայի մէջ տեղի կ՛ունենայ Սարգսեանի, Մամետովի եւ Բաբայեանի հանդիպումը, որուն ընթացքին կը քննարկուի «1994-ի Փետրուար 18-ի արձանագրութեան իրականացման կարգի արձանագրութիւնը» փաստաթուղթը, որով կը նախատեսուէր ղարաբաղեան եւ ատրպէյճանական զօրքերու տարանջատում, կողմերու միջեւ պուֆերային գօտիի ստեղծում, խաղաղարար ուժերու տեղակայում: Փաստաթուղթը կը ստորագրեն Գրաչովը, Սարգսեանը եւ Բաբայեանը: Մամետովը փաստաթուղթը չի ստորագրեր. Անոր շտապ կը կանչեն Պաքու: Ատրպէյճանը կը հրաժարի ստորագրել մոսկովեան համաձայնագրի ամփոփիչ արձանագրութիւնը, սակայն հրադադարը կը դառնայ իրականութիւն:

Ահա այսպէս հաստատուած զինադադարը, որ, թէեւ խախտումներով ու մարդկային կորուստներով, կը պահպանուի արդէն 21 տարի, այս մասին կը հաղորդէ Civilnet.am-ը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.