ռմբակոծուած եւ աւերուած է Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց հայկական եկեղեցին


Սուրիոյ  Հանրապետութեան Հալէպ քաղաքին մէջ ռմբակոծուած ու աւերուած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց հայկական եկեղեցին: Աւերակ դարձած եկեղեցւոյ լուսանկարը հրապարակած է inews տեղեկատուական կայքը:

Հալէպի Սալիպէ թաղամասի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին ԺԴ. դարէն մինչեւ այսօր Բերիոյ Թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցին է եւ պատմականօրէն առաջին անգամ յիշուած է 1476-ին: Անցեալին եղած է նաեւ կաթողիկոսանիստ եկեղեցի, ուր կատարուած են եպիսկոպոսական ու կաթողիկոսական ձեռնադրութիւններ եւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւններ՝ 1849ին Սիսի Միքայէլ Բ. Աջապահեան եւ 1923ին՝ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսներու կողմէ: Մինչ նախնական մատուռը Կաթողիկոսներու, Առաջնորդներու եւ ականաւոր եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու դամբարանը եղած է, ուր թաղուած են Ազարիա Ջուղայեցի (1601), Պետրոս Կարկառեցի (1608), Մկրտիչ Քէֆսիզեան (1894), Բաբգէն Ա. Աթոռակից Վեհափառ Հայրապետներ (վերջնոյն աճիւնները 1966ին փոխադրուած են Անթիլիասի Զարեհեան Դամբարանը):

 Աւանդութեան մը համաձայն, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ եւ նախկին Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ վայրը քրիստոնէական գերեզմանատուն մը եղած է՝ իր փոքրիկ մատուռով:

 Մինչեւ 1500, եկեղեցին ներկայացած է որպէս փոքր աղօթատեղի-մատուռ մը:

 1499-1500 թուականներուն, հալէպահայ գաղութի երեւելիներէն «Ըռայիս Պարոն Եսայի»ի բարերարութեամբ, եկեղեցին ընդարձակուած է դէպի արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ: 1616ին հալէպահայ իշխան Պետիկ Չէլէպիի նուիրատուութեամբ եւ եղբօրը՝ Խոճա Սանոս Չէլէպիի վերակացութեամբ, եկեղեցւոյ հիւսիսակողմը կառուցուած է ընդարձակ եկեղեցի մը՝ երեք խորաններով, որոնք վերաշինուած են Ի. դարու երկրորդ կիսուն:

 Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս Պատերազմէն առաջ կը գործէին  նախկին Առաջնորդարանը, Հայոց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Կեդրոն բաժինը, Համազգայինի Ն. Աղբալեան մասնաճիւղը, Ա. Ահարոնեան հանդիսասրահը եւ Ազգ. Հայկազեան Վարժարանի աղջկեաց բաժինը:



Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.