Հայոց Ցեղասպանութիւնը Յիշելը Պարտադիր է. Հռոմի Ֆրանսիս Պապ


Հայոց ցեղասպանութեան, այդ անծայրածիր խենթ ողբերգութեան 100-­ամեակը յիշելը պարտադիր է, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը: Ծածկել յանցանքը, կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արիւնահոսի:

«Արմէնփրես»­-ի փոխանցմամբ` այդ մասին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100­-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագին ըսած է Հռոմի Ֆրանսիս պապը:

«Սիրելի հայ եղբարներ եւ քոյեր, տարբեր առիթներով սահմանած եմ, որ կ՛ապրինք պատերազմի ժամանակաշրջան, որովհետեւ ներկայ ենք աւերածութիւններու խենթութեան, որոնք ցաւօք այսօր կը շարունակուին: Մեր քրիստոնեայ եղբայրներէն շատերը նաեւ իրենց ազգային պատկանելութեան համար դաժանաօրէն կը սպաննուին, կը գլխատուին, կը խաչուին, կենդանի կ՛այրուին, կամ բռնի կերպով կը տեղահանուին: Այսօր եւս, ցաւօք սրտի, դեռ կ՛ապրինք տեսակ մը ցեղասպանութիւն, որուն պատճառը համընդհանուր լռութիւնն է»,­ -ըսած է Հռոմի պապը:

Անոր խօսքով` մարդկութիւնը անցեալ դարուն երեք մեծագոյն ողբերգութիւններ ապրած է: «Առաջինը համընդհանուր ձեւով կը սահմանուի որպէս 20-­րդ դարու համընդհանուր առաջին ցեղասպանութիւն, որուն զոհ գնաց ձեր ազգը, ինչպէս նաեւ յոյներն ու ասորիները, զոհ գացին նաեւ կանայք, ծերեր, նոյնիսկ երեխաներ: Միւս երկուքի պատասխանատուն նացիզմն ու կոմունիզմն էին, ստալինիմզը:

«Կը թուի թէ մարդկութիւնը չի դադրիր անմեղ արիւն սփռելէն, կը թուի, թէ մարդկութիւնը կը մերժէ սորվիլ իր սխալներէն եւ այսօր եւս տակաւին կան ոմանք, որ ջանք կը թափեն վերացնելու իրենց նմանները, մեղսակցութեամբ անոնց, որոնք անտարբերութեամբ չեն գործեր: Դեռ չենք սորվիր, որ պատերազմը խենթութիւն է:

«Սիրելի հայ հաւատացեալներ, այսօր կը յիշենք խոցուած սրտով, այդ անծայրածիր խենթ ողբերգութեան 100­-ամեակը, յիշելը պարտադիր է, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը: Ծածկել յանցանքը, կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արնահոսի»,­ -ըսած է Հռոմի Ֆրանսիկոս պապը;

Պատարագի ընթացքին պապը ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ գտնուելու համար ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Պապը ողջունեց նաեւ իր եղբայր պատրիարք եպիսկոպոսները`Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ պատրիարք Ներսէս Պետրոս XIX­ -ը: «Կ՛ողջունեմ այն համոզմունքով, որ չարիքը չի գար բարի Աստուծմէ, այլ արդիւնքն է մարդկային դաժանութեան: Երբեք դաժանութիւնը պէտք չէ արդարացուի Աստուծոյ անունով: Մեր աչքերը յառենք բարձրայրեալին, որ յաղթած է չարիքին եւ մահուան»,-­ իր խօսքը եզրափակած է Հռոմի պապը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.