10 հազար հայորդիներ պահանջատիրութեան ձայնը բարձրացուցին Օթթաուայի մէջ


(Լուսանկարները Մայք Թաշճեանի)

 

– Պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քէնի վերահաստատեց Գանատայի կառավարութեան դիրոքորոշումը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով


– 106-ամեայ վերապրող Քնար Եմէնիճեան մասնակցեցաւ Օթթաուայի հաւաքին


– Թրքական հակացոյցը ձախողեցաւ


– Հաւաքին միացան ասորիներ, քիւրտեր, սերպեր, ռուանտացիներ եւ պոնտացի յոյներ 

 

«Հորիզոն».- Ապրիլ 24, 2015-ին, Թորոնթոյէն, Գէմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Գաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին 10 հազար հայորդիներ եւ Գանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքին իրենց պետական դրօշները պարզած միացան ասորական, քրտական, սերպական, ռուանտական եւ յոյն-պոնտական պատուիրակութիւններու անդամները, որոնք Օթթաուա ժամանած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու հայու.թեան։ Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրող 106-ամեայ Քնար Եմէնիճեանը։ Ներկայ էին Եւրոպական Միութեան, Աւստրիոյ, Ռուսիոյ, Ուրուկուէյի, Արժանթինի եւ Թրինիտատի դեսպանները։

 

Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Միացեալ մարմնին կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային հաւաք-քայլարշաւը այս տարի կը կրէր տարբեր բնոյթ: Առաջին անգամ ըլլալով նման մեծաթիւ մասնակիցներով կը կատարուէր քայլարշաւը։ Օթթաուայի ոստիկանութիւնը, այս տարի եւս թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Գանատայի Խորհրդարանին դիմաց իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ միեւնոյն պահուն, երբ գանատահայերը կը կատարեն Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման ամենամեայ աւանդական արարողութիւնը: Հայ եւ թուրք համայնքները իրարմէ բաժնուած էին յատուկ անցարգել մետաղեայ պատնէշներով:

 Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոը հովիւ Գէորգ Ծ. վրդ. Զապարեան բացումը Տէրունական Աղօթքով: Օրուան հանդիսավար Լոռի Ապրաքեան իր բացման խօսքով յայտնեց, թէ Թուրքիա, ուրացման իր քաղաքականութեամբ կը շարունակէ եւ կը կրկնէ Ցեղասպանութեան գործընթացը:

Խօսք առաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Արմէն Եգանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի իշխանութիւններուն, որոնք հայութեան իրաւունքներուն եւ համաշխարհային առումով մարդկային իրաւանց պաշտռան կը հանդիսանան։

Հաւաքին յատուկ հրաւիրուած Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քէնի վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Գանատայի կառավարութեան դիրքորոշումը եւ  խօսքը ուղղելով ժողովուրդին յատնեց. Գանատան կը հաւատայ յիշողութեան։ Ահա թէ ինչու 2002-ին, Գանատայի Ծերակոյտը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։ Ահա թէ ինչու 2004-ին Ներկայացուցիչներու տունը, բանաձեւով մը, զոր հովանաւորելու պատիւը ունեցած եմ, ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։ Եւ ահա թէ ինչու 2006-ին Գանատայի կառավարութիւնը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։

«Ահա թէ ինչու նորակառոյց Գանատական մարդկային իրաւանց ազգային թանգարանին մէջ, որ կը գտնուի երկրին կեդրոնը՝ Ուինիփեկի մէջ, մնայուն ցուցադրութիւն մը կայ 20-րդ դարու մեծագոյն ցեղասպանութիւններու, ներառեալ եւ մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան՝ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան։

«Ահա թէ ինչու անցեալ ամառ պատիւը ունեցայ գանատացիները ներկայացնելով Հայաստանի մէջ Երեւանի մօտ գտնուող Ծիծեռնակաբերդ այցելելու եւ իմ եւ բոլոր գանատացիներուն յարգանքի տուրքը մատուցելու ցեղասպանութեան 1,4 միլիոն զոհերուն։ Եւ ահա թէ ինչու գործընկերս երեսփոխան Պրետ Պաթ ներկայացուցած է թիւ 587 բանաձեւը, որ Ապրիլը կը ճանչնայ իբրեւ ցեղասպանութեան ոգեկոչման ամիս՝ ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, Հոլոտոմորը (ուքրանական սովասպանութիւն), Ողջակիզումը եւ ռուանտական ցեղասպանութիւնը»։

Նախարար Քէնի անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու կացութեան, յայտնելով, որ պէտք է կանխել Իսլամական Պետութեան կողմէ Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուող ցեղասպանական արշաւը։

 

 

Նախարար Քէնի իր խօսքը եզրափակեց, յայտնելով, որ Գանատայի կառավարութիւնը զօրավիգ կը կանգնի թիւ 587 բանաձեւին, որ Ապրիլ ամիսը հայ ժողովուրդի եւ ազգաբնաջնջման ենթարկուած ժողովուրդներու յիշատակման օր կը հռչակէ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ  մի քանի ժամ ետք քուէրկութեան սեղանին վրայ դրուելիք բանաձեւը միաձայնութեամբ վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ։

Գանատայի «Կանաչ»ներու կուսակցութեան ղեկավար Էլիզապէթ Մէյ իր կուսակցութեան զօրակցութիւնը յայտնեց հայութեան։

Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Պուլրիս յայտնեց, թէ Գանատայի Նոր Դեմոկրատները կը դատապարտեն Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը։

Պահպանողական կուսակցութեան բանբեր եւ խորհրդարանի անդամ Պրատ Պաթ յայտնեց, թէ թիւ 587 բանաձեւի վաւերացումը որպէս ուղեցոյց անհրաժեշտ է Գանատայի եւ միջազգային ընտանիքին համար, որպէսզի ապագային կանխարգիլուին ցեղասպանութեան փորձեր։

Ազատական կուսակցութեան կողմէ խօսք առաւ Իրուին Քաթլըր, որ յատնեց, թէ Գանատայի Ազատական կուսակցութիւնը միշտ զօրավիգ կանգնած է հայութեան արդար դատին։

Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Միացեալ Մարմնին կողմէ խօսք առաւ Մհեր Գարագաշեան, որ դատապարտեց Անգարայի վերնախաւի ուրացման եւ ժխտման քաղաքականութիւնը եւ յայտնեց, թէ Օթթաուա հաւաքուած գանատահայութիւնը միասնական շարքերով յանուն ապագային եւ նոր սերունդին եւ յանուն արդարութեան եւ համաշխարհային արդարութեան։

Հաւաքը իր աւարտին հասաւ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով։

 

Խորհրդարանի դիմաց հաւաքի աւարտէն ետք 10 000 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 500 թուրք ցուցարարները, հակահայ պաստառներով կանգնած էին: Ոստիկաններո ստուար թիւ մը եւ անցարգել պատնէշներ կը բաժնէին ցուցարար երկու կողմերը: Դեսպանատան շուրջ հաւաքուած թուրք ցուցարարները ձայնագործիքով սփռեցին Ֆրետերիք Շոփէնի յուղարկաւորութեան մահերգը (Piano Sonata no. 2): Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց դեսպանատան դիմաց ոգեկոչման արարողութիւնը, որու ընթացքին արդէն տեղեկացուեցաւ, թէ Գանատայի խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է թիւ 587 բանաձեւը։

 Բողոքի ցոյցի ընթացքին ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) կազմակերպութեամբ կայացաւ յայտագիր, որու ընթացքին հայ երիտասարդները հաստատեցին պահանջատիրական երթը շարունակելու  նոր սերունդի վճռակամութիւնը: 

 

Նշենք, որ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցին ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան անդամները, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք Առաջնորդ սրբազան Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի եւ դեսպան Արմէն Եգանեանի հետ, դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով ոգեկոչեցին Մեծ Եղեռնի 100-ամեակը: 

Գանատայի մէջ գործող հեռատեսիլներ եւ օրաթերթեր  անդրադարձան Օթթաուայի մէջ կայացած գանատահայութեան քայլարշաւին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.