«Կանխարգիլումէն արդարութիւն» խորագիրով կլոր սեղան ՄքԿիլ համալսարանին մէջ


Չորեքշաբթի, 18 Մարտին, Մոնթրէալի ՄքԿիլ համալսարանի Լիքոք շէնքի թիւ 132 սենեակը խճողուած էր ներկաներով, որոնք եկած էին լսելու երեք ականաւոր անձնաւորութիւններ եւ մարդկային իրաւանց ռահվիրաներ՝ դոկտ. Փայամ Ախաւան, դոկտ. Հանրի Թերիօ եւ դոկտ. Ֆրանք Չոք։ 500 ներկաներու շարքին էին տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ՝ ինչպէս հայեր, ռուանտացիներ, հնդիկներ, յոյներ, ուքրանացիներ եւ ուրիշներ։

 Զրուցավարն էր անատայի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի երիտասարդական յանձնախումբի ատենապետ էորգ ազանճեան։ Ան նշեց, որ ցեղասպանութեան կանխարգիլման բանալին ցեղասպանութիւններ գործողներու պատժումն է, իսկ արդարութիւնը կենսական է խաղաղութիւն հաստատելու եւ ապագայ ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու համար։ էորգ հրաւիրեց առաջին հիւրը՝ Թետ Պակլըրը, որ Ողջակիզումէն վերապրած հրեայ մըն է։ Ան շեշտը դրաւ յոյսի վրայ եւ նշեց, որ համակեդրոնացման ճամբարին մէջ կարդացած է Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Տաղի 40 օրերը» գիրքը եւ յուսացած է հայերուն նման վերապրիլ։ «Այդ գիրքին շնորհիւ է, որ վերապրեցայ», ըսաւ ան։

Երկրորդ հիւրն էր Ռուանտական ցեղասպանութենէն վերապրած Լէոնթին Ումուպիէյի։ Ան իր ընտանիքէն միակն է, որ վերապրած է։ Ումուպիէյի ներկայացուց ցեղասպանութեան ընթացքին իր դիմագրաւած այն դժուար երթը, որ զինք ի վերջոյ բերած է Գանատա։

 Ապա դոկտ.Թերիօ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան փոխհատուցման հարցին։ Ան բացատրեց, որ փոխհատուցումները կրնան դրամական կամ հողային բնոյթի ըլլալ, եւ կրնան վերաբերիլ անհատական կամ հաւաքական պահանջներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան պահանջներուն։ «Այն իրողութիւնը, որ կը նշենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը՝ չի նշանակեր, որ կը դադրեցնենք այն աշխատանքը, որ սկսած է։ Պիտի շարունակենք մեր երթը։ Փոխհատուցումը պարզապէս յանցագործին կամքէն կախեալ է, անիկա Թուրքիոյ առողջացումին համար կենսական է։ Հայերու համար ժամանակը չի սպառիր, ժամանակը Թուրքիոյ դէմ կþաշխատի։ 100 տարի շարունակ անոնք առիթը կորսնցուցած են մերժողականութենէն դուրս գալու։ Տակաւին ժամանակը չէ սպառած, որ Թուրքիա վնասներու փոխհատուցում տայ», ըսաւ ան։

 Դոկտ. Փայամ Ախաւամ ներկայացուց Տողու Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա դատավարութիւնը, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան գոյութիւնը հրապարակաւ վիճարկած դոկտ.Տողու Փերիչէքի խօսքի ազատութեան վերաբերեալ 2013-ի վճիռը։ Ան բացատրեց, որ Թուրքիոյ հակահայկական գիրքերը մարդկային իրաւանց դէմ են եւ անոնց վերաբերեալ կարելի է դատական հայց ներկայացնել։ «100 տարիէ ի վեր Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելով, Թուրքիա իր ժողովուրդը պատանդ կը պահէ՝ փոխան այս ահաւոր դէպքը ճանաչումի ճամբով իր ետին ձգելու։ Անոնց անցեալը անոնց ներկան կը հալածէ։ Թէեւ մարդկային իրաւանց հարց մըն է, այս ցեղասպանութիւնը նաեւ թրքական հասարակութեան վերաբերող հարց մըն է։ Թուրքիա այս հարցը պէտք է վերադարձնէ հոն ուր սկսաւ իր հասարակութեան, թրքական դատարանին», աւելցուց ան։

 Վերջին խօսք առնողը եղաւ դոկտ. Ֆրանք Չոք, որ կեդրոնացաւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հարցին վրայ։ «Եթէ Օսմանեան կայսրութիւնը 1919-1920-ին ցեղասպանութեան գործելու համար յանցաւոր նկատուէր, այսօր տարբեր դասախօսութեան մը մէջ կþըլլայինք, դասախօսութիւն մը, որ կը կեդրոնանար կանխարգիլման վրայ փոխան փոխհատուցման ու արդարութեան։ 100-ամեակը բոլորիս համար առիթ մըն է քով-քովի գալու եւ մարդկային իրաւանց հարցերով հետաքրքրուելու։ Յանցագործները կը մերժեն, որովհետեւ միջազգային դատարաններու առջեւ կանգնելէն կը վախնան», ըսաւ ան։

 Երեկոն վերջ գտաւ կլոր սեղանին մասնակիցներուն ուղղուած շատ հետաքրքրական հարցումներով։ «Այս կլոր սեղանը Մոնթրէալի պատմութեան մէջ ցեղասպանութեան վերաբերեալ լաւագոյն ակադեմական ձեռնարկն էր», «Լաւ տպաւորուած եմ ներկաներուն եւ երիտասարդներու թիւով», այսպիսի դրական արտայայտութիւններ ունեցան կարգ մը ներկաներ եւ դասախօսներ, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ ձեռնարկը յաջող էր։

 Իրենց աջակցութեան համար շնորհակալութիւն հետեւեալ բոլոր կազմակերպութիւններուն. Գանատայի ասորի ուսանողներու միութեան, Մոնթրէալի Ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեան հիմնարկին, ՄքԿիլի յանուն ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ուսանողներուն, Ռուանտայի մէջ ցեղասպանութեան զոհերուն ազգականներու եւ բարեկամներու ընկերակցութեան, Մոնթրէալի Ողջակիզման յիշատակի կեդրոնին, ՍԹԱՆՏ Գանատային, Միջազգային ներումին, Քոնքորտիա համալսարանի Հելլենական ուսանողներու միութեան, Ուքրանացի ուսանողներու միութեան, Ցեղասպանութեան վերաբերալ կրթութեան Սարա Քոռնինկ կեդրոնին։

Կլոր սեղանը կազմակերպուած էր Գանատայի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբին, ՄքԿիլի հայ ուսանողներու միութեան, Քոնքորտիայի հայ ուսանողներու միութեան, Մոնթրէալի համալսարանի հայ ուսանողներու միութեան, եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան կողմէ։

 Թամար Թումասեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.