1915-2015-ին Պիթլիսի հայերուն ի՞նչ պատահեցաւ


ԿՈՄԻՏԱՍ ուսումնասիրութեան հիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ պատմաբան Արա Սարաֆեանի առաջնորդութեամբ, այս օրերուն խումբ մը հայեր կ՚այցելեն Պիթլիս, Տիգրանակերտ եւբ Արեւմտահայաստանի այլ բնակավայրեր, ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

Մեր ձեռնարկը սկսաւ Պիթլիսի վերաբերեալ լուսանկարներու աննախադէպ ցուցահանդէսով մը։ Ցուցադրուող լուսանկարները մեզի տրամադրուած էր Օզճան Էրպոյի կողմէ, որ շատ ազնիւ մարդ մըն է։ Ցուցադրուած էին 25 լուսանկարներ, ներառեալ Պիթլիսէն լուսանկար մը, որ 1908-ի սահմանադրական յեղափոխութենէն ետք նկարուած է եւ ցոյց կու տայ պաստառներ բարձրացուցած ամբոխ մը, ներառեալ թեւ-թեւի մտած քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւորականներ։ Ցուցահանդէսին ներկայ եղան շուրջ 200 անձեր, ներառեալ Պիթլիսի համաքաղաքապետերը, Մութքիի քաղաքապետը եւ Իսմայիլ Պասիքճին։

Ցուցահանդէսէն ետք ուղղուեցանք գլխաւոր սրահը, ուր պաշտօնական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ։ Մեզ ներկայացուց Պիթլիսի իրաւաբաններու ընկերակցութենէն Էնիս Կիւլը։ Առաջին խօսք առնողը ես էի։ Հայերէնով Հայոց ցեղասպանութեան մասին քանի մը խօսք ըսի, նշելով, թէ ինչ տարողութեամբ եղեռնագործութիւնը մասնաւորաբար ահաւոր էր Պիթլիսի մէջ, եւ յոյս յայտնեցի, որ աշխատանք պիտի տանինք առնչակից հարցերու գծով դէպի խաղաղ եւ անկեղծ լուծում։ Ապա բարեկամէ մը խնդրեցի կարդալ թրքերէն գրութիւնս, որ նաեւ տեղադրուած է Դիմատետրի էջիս վրայ։

Ինծմէ ետք խօսք առաւ Էնիս Կիւլ, որ խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ու անոր յաջորդող հանգրուանի իրողութեան մասին։ Ապա իբրեւ փաստաբան կեդրոնացաւ հայկական մշակութային յուշակոթողներու քանդումին վրայ եւ թէ ինչպէս անհատներ սեփականատէր դարձան այսքան եկեղեցիներու։ Ան ակնարկեց եկեղեցիի մը, որ այցելած էինք։ Ան առաջարկեց աշխատանք տանիլ իրաւական նոր նախաձեռնութեան մը ուղղութեամբ՝ այդպիսի կալուածները անհատներու սեփականութենէն ազատելու համար, ինչպէս նաեւ զանոնք պաշտպանելու նոր ջանք մը թափելու։

Յաջորդ խօսք առնողն էր Պարշան Շերեֆհանօղլու, որ խօսեցաւ Պիթլիսի մէջ հայերու բարի վարկը վերականգնելու մասին, ինչպէս նաեւ մեր (այսինքն Կոմիտաս հիմնարկը, տեղւոյն քաղաքապետութիւնը, Փաստաբաններու ընկերակցութիւնը, Մարդկային իրաւանց ընկերակցութիւնը) համատեղ շարք մը ծրագիրներուն մասին։ Ապա հրաւիրեցինք Իսմայիլ Պեշիքճին քանի մը խօսք ըսելու համար։ Ան պատմեց 1960-ական թուականներու սկիզբը Պիթլիսի եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ իր կատարած զինուորական ծառայութեան մասին։ Ան ամէնուրեք հայկական ու ասորական լքուած եկեղեցիներ տեսած էր, հայերու մասին ամէն տեսակի խօսք լսած էր եւ սկսած հարցումներ հարցնել։ Այդ մէկը Հայոց ցեղասպանութեան հետ իր առաջին առերեսուիլը եղած էր։ Ան նաեւ նշած էր, որ թուրք պետութեան եւ բնակչութեան  հարստութեան մեծ մասը հիմնուած է հայերէն եւ ասորիներէն բռնագրաւուած եւ իւրացուած ինչքերուն եւ հարստութեան վրայ։

Հարցումներու բաժինին մէջ երկու հետաքրքրական հարցադրումներ եղան։ Անոնցմէ մէկը շրջանի բնակիչի մը կողմէն էր։ Ան նշեց, որ այս միջոցառման պահուն, նստած ենք հայկական կալուածի մը վրայ. շէնքը, ուր ձեռնարկը տեղի կ՚ունենար հայկական երկսեռ վարժարանի մը հողին վրայ կառուցուած է։ Կողքին կը գտնուէր հայ աւետարանական եկեղեցւոյ աւերակը։ Ան նշեց քաղաքին 600 հրկիզուած հայերու կարաւանին մասին։ Ան այս ջարդերէն տեղեակ դարձած է իր ծնողքի սերունդէն: 
Շատեր զինք լսելու ընթացքին լացին, ոմանք սրահէն հեռացան։

Երկրորդ խօսք առնողը Մութքիէն հայ մըն էր, որ թրքերէն ու քրտերէն խօսեցաւ։ Ան Թուրքիայէն հեռացած է 1964-ին՝ Կիպրոսի դէպքերէն ետք, երբ թրքական պետութիւնը անգամ մը եւս քաջալերեց հայերուն դէմ հալածանքը։ Ան ըսաւ, որ իր ահաւոր անցեալը չէ մոռցած, եւ այն իրողութիւնը, թէ սպաննուած են իր գիւղի բոլոր հայերը, բացի երկու տղաներէ, որոնք փրկուած են քիւրտի մը կողմէ։ Ան նշեց, որ եթէ կայ մէկը, որ արժանի է դրախտի մէջ ըլլալու, այդ ալ այդ քիւրտն է, որ իր անձը մեծապէս վտանգելով փրկած է այդ երկու հայ տղաքը։ Ան իր խօսքը եսրափակեց ըսելով, թէ պէտք է այս հարցերը արծարծենք եւ գծենք ուղի մը, որ պիտի առաջնորդէ իմաստալից հաշտութեան, բան մը, որուն բոլորս համաձայն գտնուեցանք։

Մեր հանդիպումը Պիթլիսի մէջ քննական երկխօսութիւն յառաջացնելու մեր ընթացող ջանքերուն մէջ կարեւոր էր։ Անցնող քանի մը օրուան ընթացքին ըսուածէն կարելի է շատ աւելին ըսել՝ բոլորն ալ դրական, եթէ հայերու կողմէ մասնակից ըլլալու կամք գոյութիւն ունի։ Տեղւոյն իշխանութիւններն ու տարբեր կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ հասարակ մարդիկ, մեզ ընդունեցին ինչպէս որ ենք եւ բոլոր կարեւոր հարցերու մասին մեզի հետ խօսեցան։ Սրահին մէջ զրոյցը յաւելեալ օրինակ մըն էր։

Այժմ ժամը առաւօտեան 08։30-ն է եւ մենք շուտով պիտի մեկնինք Մութքի։
ԱՐԱ ՍԱՐԱՖԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.