Ինչպէ՞ս կործանումէ փրկուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչը. Եաշար Քէմալի վկայութիւնը
Մարմարա – Եաշար Քէմալի մահուան առթիւ շատ բան գրուեցաւ անոր մասին ու դեռ ալ կը գրուի։ Եաշար Քէմալի շնորհիւ էր որ Աղթամարի Հայոց Ս. Խաչ եկեղեցին ատենօք փրկուած էր փլուզումէ։ Թէ Աղթամարի եկեղեցին ի՞նչպէս փրկուեցաւ, այս մասին Եաշար Քէմալ ինք պատմած է։ «Րատիքալ» կը վերհրատարակէ Եաշար Քէմալի այս մասին գրածը: Ստորեւ թարգմանութիւնր:
Տիարպաքըրի դաշտին վրայ գաղթական ընտանիքներ հաւաքուած էին, չէին գիտեր թէ ուր պիտի երթային։ Անոնց մասին ալ գրեցի։ Բազմաթիւ գիւղեր շրջելէ յետոյ Տիյարպաքըրի մէջ գործս վերջացաւ, հոնկէ անցայ Վան։ Շոգենաւ առի, դէպի Վան կ՚երթայի։ Միւս կողմէ չէի գիտեր թէ «Ճումհուրիյէթ» թերթին ղրկուած իմ յօդուածներս հրատարակուած էի՞ն թէ ոչ։ Շոգենաւին մէջ դիմացս սպայ մը նստած էր, օձիքին վրայ ալ օձի նշան կար, ուստի հասկցայ որ բժիշկ էր։ Բժիշկին քով տրցակ մը «Ճումհուրիյէթ» կար, թերեւս 20 հատ։ Մարդը թերթը բացած կը կարդար։ Իմ անունս տեսայ եւ շատ ուրախացայ։ Ուրեմն յօդուածս հրատարակուած էր։ Անմիջապէս բժիշկին քով վազեցի եւ մեծ յուզումով հարցուցի. «Հարիւրապետս, կրնա՞մ ձեր թերթին նայիլ անգամ մը»։ Հարիւրապետը զարմացաւ իմ յուզումը տեսնելով բացատրեցի, այն ատեն «դուք Եաշար Քէմա՞լն էք ուրեմն» ըսաւ։ «Այո» պատասխանեցի եւ յարձակեցայ թերթերուն վրայ։ Այո, բոլոր յօդուածներս հրատարակուած էին «Անատօլուէն նօթեր» խորագրին ներքեւ։ Բոլորն ալ կարդացի, հարիւրապետը զարգացած մշակոյթի տէր մարդ մըն էր եւ զարմանքով կը նայէր իմ յուզումիս։ Ի վերջոյ ստիպուեցայ բացատրելու թէ ինչո՞ւ այդքան յուզուած էի ։ Եթէ իմ յօդուածները չհրատարակուէին, Էրճիշի ազգականներուս մօտ պիտի երթայի եւ հոն գրագիր պիտի դառնայի։ Մինչդեռ հիմա առաջին քայլ մը առած էի լրագրողի ասպարէզէ ներս եւ կը հաւատայի որ պիտի յաջողէի։
Այս բոլորէն վերջ հարիւրապետը ըսաւ.
«Այս ի՞նչ բախտ է, լաւ որ ձեզի հանդիպեցայ։ Հոս Աղթամար կղզիի մէջ հայերէ մնացած եկեղեցի մը կայ։ Ճարտարապետական գլուխ գործոց մը։ Այս օրերուն կը փլցնեն զայն։ Վաղը ձեզ հոն պիտի տանիմ։ Այս եկեղեցին այս հողերուն հարստութիւնն է նոյնիսկ եթէ հայերը շինած ըլլան զայն։ Մարդկութեան ապրանքն է ով կ՚ուզէ ստեղծած ըլլայ։ Կրնա՞ք օգնել ինծի եւ իմ հայրենիքիս։ «Դեռ նորահաս լրագրող եմ, իմ ձեռքէս ինչ կուգայ որ»։
Այսպէս ըսի։ Որովհետեւ նաեւ վարանում մը ունէի, կը վախնայի որ իմ անցեալս մէջտեղ կ՛ելլէր եթէ այսպիսի գործերու միջամուխ ըլլայի։ Ես տակաւին առաջին վայրկեանէն կը կորսնցնէի գործս։
Իրիկուան ժամերուն Վանի նաւահանգիստէն շոգենաւ նստանք, հարիւրապետ Տօքթ. վիրաբոյժ Ճավիթ պէյ զիս տարաւ Վանի միակ պանդոկը։ Իրարմէ բաժնուեցանք յաջորդ օր մէկտեղուելու որոշումով։ Հարիւրապետը առաւօտուն կանուխ եկաւ զիս առնելու։ Աղթամար եկեղեցի պիտի երթայինք։ Մեր այդ շրջանի Վանի թղթակիցն էր Իլիաս Գիթապճը, 60 տարեկան հասուն, գեղեցիկ մտածումներով մէկն էր։ Հարիւրապետին հետ նախ գացինք զինք տեսնելու, ան շատ բան պատմեց մեզի եկեղեցիին մասին։ Ձեռքէն եկածը ըրեր է, բայց չէ յաջողեր փլուզումին առաջքը առնել։ Կուսակալն ալ լաւ եւ բանաստեղծ մարդ է եղեր, սակայն հրահանգ ստացեր է եւ ձեռքէն բան չի գար։
Իլիաս Պէյ ինծի յանձնարարեց.
«Հեռաձայնեցէք Նատիր Նատիին։ (Նատիր Նատի այդ շրջանին «Ճումհուրիյէթ»ի արտօնատէրն ու խմբագրապետն էր ու ազդու մարդու համբաւ ունէր)։ Ան մեզ կը հասկնայ, եթէ մէկը արգելք պիտի ըլլայ, ան ալ Նատիր Նատին է»։ Որոշեցինք հեռաձայնել։ Բժիշկին հետ ճամբայ ելանք դէպի Աղթամար։ Վանայ լճի ջուրը կախարդական երեւոյթ ունէր, ամէն վայրկեան գոյն կը փոխէր։ Փոքրիկ նաւակով մը կղզի ելանք։ Տակաւին կարգը եկեղեցիին չէր եկած, բայց եկեղեցիին մօտը գտնուող փոքրիկ մատուռը գրեթէ փլցուած էր։
Հարիւրապետը հրահանգեց աշխատաւորներուն։
«Մինչեւ որ ես գամ այս եկեղեցիին ձեռք պիտի չդպցնէք»։
Աշխատաւորները «մեր գլխուն վրայ հրամանատարս» ըսին։ Մենք Վան վերադարձանք եւ հեռաձայնով փնտռեցինք «Ճումհուրիյէթ»ի խմբագրատունը։ Այդ օր մինչեւ իրիկուն հեռաձայնը չկապուեցաւ։ Յաջորդ առաւօտ դարձեալ կանուխէն հեռաձայնեցինք։ Քանի մը ժամ վերջ Նատիր Պէյ մեր դիմացն էր։ իրենց բացատրեցի խնդիրը, որքան որ իմացած էի հարիւրապետէն։ Նատիր պէյ պատասխանեց։
«Մի՛ յուզուիք Ավնի պէյ այս խնդիրը կը կարգադրէ։ Զինքը լաւ կը ճանչնամ, քաղաքակիրթ մարդ է»։
Ավնի Պաշմանը այդ շրջանին կրթական նախարար էր։
Երկու օր վերջ Իլիաս Գիթապճը եւ հարիւրապետ Ճավիթ պէյ պանդոկս եկան։ Շատ ուրախ էին։ Ավնի Պաշման հեռագիր քաշեր է որպէսզի կուսակալը դադրեցնէ փլուզումը։ Աղթամարի եկեղեցւոյ փրկութեան թուականն է 25 Յունիս 1951։