Այս Ընթացքով Թուրքիան Որոշ Ժամանակ Ետք Կը Ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը


Յովիկ Աֆեան «Երկիր»-ի կայքին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ.«Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած՝ այդ երկիրի կառավարութեան հերթական նիստէն ետք՝ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտարարած է.«Մենք դիտումնաւոր եւ ցանկալով ցեղասպանութիւն չենք գործած»։ Յիշեցնենք, որ ընդամէնը երէկ Արընչի անմիջական ղեկավար՝ վարչապետ Տաւութօղլուն, հանդէս եկաւ ընդարձակ ուղերձով, որուն մէջ Թուրքիոյ անունով ներողութիւն խնդրեց «Օսմանեան կայսրութեան հայերու թոռներէն»։

«Հասկնալի է, որ Արընչի ըսածը քայլ մը յառաջ է՝ դէպի Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, եւ յստակ կը նշանակէ, որ «եթէ նոյնիսկ մենք ցեղասպանութիւն գործած ենք, այսինքն՝ թերեւս ատիկա ցեղասպանութիւն էր, սակայն մենք չէինք ցանկար»։

«Զուտ իրաւական տեսանկիւնէ, սակայն, Արընչ կ՚ակնարկէ ՄԱԿ-ի՝ Ցեղասպանութեան հռչակագիրին, աւելի ճիշդ ատոր որդեգրման թուականը, որմէ, ինչպէս կը յիշենք, շատ առաջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, այսինքն՝ ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ աշխարհը չէր գիտեր, թէ ցեղասպանութիւնը ինչ է։ Հետեւաբար, Արընչ երիցս իրաւացի է, որովհետեւ եթէ նոյնիսկ թուրքերը կոտորած են հայերուն, եթէ նոյնիսկ անոնք ձգտած են բնաջնջել մեզ, անոնք չէին գիտեր, որ ատիկա ցեղասպանութիւն է, որովհետեւ անոնք այդ ժամանակ չէին գիտեր «ցեղասպանութիւն» բառը։

«Պիւլենթ Արընչին տեղեկացնենք, որ երբ Կայէնը կը սպանէր Աբելին՝ գործելով աշխարհի վրայ առաջին մարդասպանութիւնը, հետեւաբար՝ յառաջացնելով այդ բառը, ատիկա զինք չազատեց «մարդասպան» պիտակէն, սակայն ասիկա՝ ի միջի այլոց։

«Թուրքիոյ փոխվարչապետ յայտարարութեան յաջորդ հատուածը եւս յստակ պատգամ կը պարունակէ։ Մասնաւորաբար՝ Արընչ կրկնելով, որ իրենք մտածուած եւ ցանկանալով չեն իրագործած ցեղասպանութիւն, ինչպէս նաեւ շեշտելով, որ «ցեղասպանութեան ճանաչումն այս կամ այն երկիրի կողմէ, անշուշտ, կը ձգտէ հոգեբանական ազդեցութիւն», հասկնալի է՝ իրենց՝ Թուրքիոյ վրայ, յայտարարած է, թէ «ցեղասպան պետութիւնները յայտնի են»։

«Այսօր աշխարհի մէջ յայտնի ցեղասպան պետութիւններէն մէկը Գերմանիան է(ֆաշիստական), եւ «բոլորովին պատահաբար» գերմանական Պունտեսթակը մօտ օրերս կը պատրաստուի քննարկել Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը, եւ եթէ Գերմանիան շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համաեւրոպական միտումը, ապա Պունտեսթակը պիտի ճանչնայ ցեղասպանութիւնը։

«Հետեւաբար, Թուրքիոյ փոխվարչապետը՝ շեշտելով, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը հոգեբանական ազդեցութիւն կը ձգէ, հոգեբանօրէն կ՚ազդէ նաեւ Գերմանիոյ վրայ,թէ՝ այդ դուք չէ, որ իրաւունք ունիք խօսելու ուրիշներու գործած ցեղասպանութեան մասին, որ տեղի ունեցած է առանց ցանկալու եւ մտածելու, որովհետեւ դուք՝ ինքներդ, ամբողջ աշխարհին յայտնի ցեղասպան պետութիւն էք։

«Բայց երկու կոպիտ սխալ Արընչը իր խօսքին մէջ գործած է։ Նախ, ի գիտութիւն Թուրքիոյ փոխվարչապետի, ամէն տարուայ Ապրիլ 24-ին, ոչ միայն հայկական սփիւռքը կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան հերթական ամեակը, այլ նաեւ Հայաստանի հանրապետութիւնը, աւելին՝ աշխարհի վրայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրները՝ եւս։

«Եւ երկրորդ՝ թէեւ մեծ հաշիւով ասիկա վերապահումով սխալ է, Արընչի խօսքերէն կը հետեւի, որ հեռու չէ այն օրը, երբ Թուրքիան պիտի ըսէ՝ այո, ատիկա ցեղասպանութիւն էր։ Համենայն դէպս՝ թրքական պետութեան ամէն յաջորդ նոր աւելի եւ աւելի կը մօտեցնէ այդ պահը, հատուցման պահը»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.