Արա Սարաֆեան. «Հայոց ցեղասպանութիւնը քննարկելու համար պետական յանձնաժողովներու կարիքը չունինք»
ԱՐԱ ՍԱՐԱՖԵԱՆ
ՊԱՏՄԱԲԱՆ
նախագահ Էրտողան թրքական TRT պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ քննական երկխօսութեան կարիքը շեշտեց։ Էրտողանի խօսքերը կտրուկ կերպով պիտի չմերժեմ։ Իր ըսածին մէջ առատ հռետորաբանութիւն կայ, սակայն կարելի է արդիւնաւէտ կերպով անոր հակադարձել։
2007-ին փորձեցի թուրք պաշտօնակիցներու հետ քննական երկխօսութեան առիթ մը ստեղծել։ Թուրք լրագրողներու ճամբով առաջարկեցի ուսումնասիրել 1915-ին, Խարբերդի եւ անոր դաշտի հայերու նկատմամբ թրքական կողմիվերաբերումի հարցը։
Նկատի ունենալով, որ Խարբերդի շրջանի հայերը տեղահանուեցան առանց պատերազմի գօտիներէ անցնելու, եւ նկատի ունենալով, որ տեղահանման օրէնքները կը ճշդէին, թէ տեղահանուածներուն անունները ինչպէս պէտք է իրենց տեղահանման եւ վերաբնակեցման ժամանակ արձանագրուէին, պահաջնեցի տեսնել Օսմանեան արխիւներուն մէջ Խարբեդի վերաբերող արձանագրութիւնները։ Նաեւ առաջարկեցի ներկայացնել անձնական աղբիւրներս, որոնք, ըստ ինծի, ցոյց կու տան, թէ խնդրոյ առարկայ անձերը սպաննուած են։
Մինչ առաջարկս ուղղուած էր որեւէ պատմաբանի, որուն հասանելի են օսմանեան արձանագրութիւնները՝ Թրքական պատմական ընկերութեան ղեկավար Եուսուֆ Հալաճօղլուն արձագանգեց։ Կը կարծեմ, որ Հալաճօղլուն համաձայն գտնուեցաւ այսպիսի բանավէճի մը մէջ մտնելու, որովհետեւ թուրք լրագրողները իրմէ այդ մէկը պահանջեցին։ Մեր միջեւ նախատեսուած հանդիպումը մամուլի ուշադրութեան արժանացաւ։ Բայցեւայնպէս, Հալաճօղլուն հրաժարեցաւ համաձայնեցուած ծրագիրէն։ Ան CNN Turk-ի մէկ յայտագրէն յայտարարեց, որ իմ խնդրած տեղահանութեան արձանագրութիւններս գոյութիւն չունին։
Ըստ «Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թալէաթ փաշայի զեկուցումը» գրքին, Թալէաթին մօտ գտնուող ձեռագիր զեկուցում մը կը նշէր, որ 1914-ին, Խարբերդի 70,000 հայերէն (Օսմանեան պաշտօնական թիւեր), երեք տարի ետք՝ միայն շուրջ 2000-ը տեղահանման շրջաններուն մէջ կը գտնուէին։ Այս վիճակագրութիւնները հիմնուած էին 1917-ին հայերու շուրջ կատարուած օսմանեան վիճակագրութեան մը վրայ։ Իսկ տարագրեալներու վախճանավայր Տէր Զօրի մէջ արդէն ոչ մէկ հայ մնացած էր։
Պէտք է նշեմ, որ, երբ Խարբերդի շուրջ ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցի, ինծի օգնեցին թրքական մամուլի շարք մը աշխատակիցներ, որոնք այդ առաջարկին վրայ հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեցին։ Զգացուած էի, երբ հանգուցեալ թուրք լրագրող Մեհմեթ Ալի Պիրանտը յուսախաբութիւն յայտնեց, որ Հալաճօղլու հրաժարեցաւ։ Իր օրաթերթին խորագիրն էր.«Էրմէնիլէրտէն կոլ եիտիք» (հայերէն կոլ ստացանք)։
Հեգնականօրէն, յուսախաբութիւնս հայկական կողմէն էր, որ առաջարկուած ուսումնասիրութեան նկատմամբ մասնաւոր հակազդեցութիւն մը չցուցաբերեց։ Կ՚ենթադրեմ, որ ատոր պատճառը այն էր, որ Հայաստանի կառավարութեան, քաղաքական կուսակցութեանց, քարոզչական կազմակերպութեանց առնչուած չէի։
Նախագահ Էրտողանի վերջին խօսքերը դարձեալ նոյն հարցը կ՚արծարծեն, եւ անգամ մը եւս կը կրկնեմ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը քննարկելու համար պետական յանձնաժողովներու կարիքը չունինք։ Միայն պէտք է, որ թրքական կառավարութիւնը, որուն վերահսկողութեան տակ կը գտնուի կենսական փաստը, հրապարակ բերէ տեղահանման եւ վերաբնակեցման արձանագրութիւնները, որոնք, ըստ տեղահանութեան հրամանագիրնեուն, պէտք էր խնդրոյ առարկայ ժամանակաշրջանի ընթացքին պահ դրուէին տեղական եւ կեդրոնական արխիւներու մէջ։
Մինչ այդ՝ պատմաբաններ պիտի շարունակեն Թուրքիայէն դուրս գտնուող կարեւոր արձանագրութիւնները օգտագործել 1915-ի դէպքերուն մեկնաբանման համար։