Պոլսոյ Քաղաքապետութեան Ցուցահանդէսին Մէջ Հայերու Դէմ Թշնամական Դիրքաւորում
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Համացանցէն կը կարդանք, որ Պոլսոյ քաղաքապետութիւնը Թաքսիմի պետական ցուցահանդէսի սրահին մէջ բացած է «Հարիւր Տարի Առաջ» նիւթով ցուցահանդէս մը, որուն մէջ հայերու եւ յոյներու դէմ թշնամական արտայայտութիւններ կան եւ ուր հայերն ու յոյները յստակ կերպով ցոյց կը տրուին որպէս թիրախ։ Այստեղ ցուցադրուած են հարիւր տարի առաջուան մամուլէն կամ այլ հրատարակութիւններէ առնուած կտրօններ՝ մասնաւոր կերպով ընտրուած, քանի որ անոնք կը ծանրանան Կալիփոլիի (Չանաքալէ) պատերազմին ու Ա. Աշխարհամարտի դրուագներուն վրայ։ Այս օրերուն, երբ յանկարծ օրակարգի բերուեցաւ Չանաքալէի պատերազմի հարիւրամեակը 24 Ապրիլին նշելու հարց մը, այսպիսի ցուցահանդէսի մը բացումը նշանակալից է եւ կարելի չէ պարզ զուգադիպութիւն նկատել։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Մարտ 25։
Այցելուները առաջին վայրկեանէն կը կարդան լրագրական հաղորդումներ, որոնք ոչ միայն չեն խօսիր հայերու կամ յոյներու դէմ գործադրուած նոյնիսկ տեղահանութեան մասին, այլ՝ ընդհակառակը, հայերը կը յորջորջեն «հայրենադաւ», իսկ յոյները՝ «զինուորական փախստական»։
Օրինակ, հոն ցուցադրուած է 1908ին Էշրեֆ Էտիպ Ֆերկանի ու Մեհմետ Աքիֆ Էրսոյի կողմէ հրատարակուած «Սեպիլիւրրեշատ» պարբերականի 281րդ թիւէն հատուած մը, ուր կը պնդուի, որ հայերը իսլամներէն աւելի հարուստ են, այլ խօսքով՝ հայերը իբր թիրախ ցոյց կը տրուին։ Անկէ կ՛արժէ կարդալ հետեւեալ հատուածը.«Ինչպէս ամէնուրեք, հոս ալ մինչ իսլամները իրենց կեանքը կը սպառեն տգիտութեան, չքաւորութեան ու ծուլութեան մէջ, ամբողջ առեւտուրը կեդրոնացած է հայերու ձեռքերուն մէջ։ Որքա՛ն ալ հողը մնացած ըլլայ իսլամներուն ձեռքը, այդ հողերուն ամբողջ բերքը կը լեցուի հայերու շտեմարաններուն մէջ։ Իսլամները կ՛աշխատին, որպէս մէկմէկ բանուոր, դրամները կը մտնեն հայերու դրամարկղերուն մէջ»։
Ուրիշ տեղեր հայերը ցոյց կը տրուին որպէս ներքին թշնամիներ։ 18 Յունուար 1915ի «Իքտամ» թերթէն առնուած կտրօնի մը մէջ ըսուած է, որ այն օրէն ասդին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը մտաւ պատերազմի մէջ, հայերը օգնեցին ռուսական բանակին։ «Ո՛չ միայն օգնեցին, այլեւ ծախսերն ալ իրենք դիմագրաւելով՝ հաստատեցին անկախ զօրախումբեր», նշուած է հոն։
Նաեւ, 17 Օգոստոս 1915 թուակիր «Թանին» թերթէն արտագրելով՝ կը յիշուի Էրզրումի մէջ հրատարակուած «Ալպայրաք» թերթէն հատուած մը, որ կը կրէ «Մոսկոֆի Սատանային Սարսափելի Դէմքը» խորագիրը։ Հոս գրուած է, որ ռուս ու հայ զինուորներ Օլթուի Էրզինկոր գիւղին մէջ իսլամներու դէմ անիրաւութիւններ գործադրած են։
Ցուցահանդէսի վերջին բաժիններէն մէկը յատկացուած է Պոլսոյ Պէյազըտի հրապարակին վրայ 20 հնչակեաններու կախաղան հանուելու նշանաւոր դէպքին։ Ինչպէս հայկական կողմը ամէն տարի կը նշէ, կովկասահայ հնչակեան գործիչ ու Փարամազ անունով ծանօթ Մատթէոս Սարգիսեանը եւ իր ընկերները Պէյազըտի հրապարակին վրայ կախաղան հանուեցան այն ամբաստանութեամբ, թէ անոնք աշխատանք կը տանէին, որպէսզի թրքական հողերուն վրայ հայկական պետութիւն մը հիմնուէր, ու այդ նպատակով ալ մահափորձեր կը սարքէին եւ օտար պետութիւնները կը գրգռէին օսմանցիներու դէմ։