Ցեղասպանութեան Վայրագութիւններն Ու Թուրքերուն Կողմէ Հայերը Փրկելու Իսկական Պատմութիւնները՝ Մէկ Գիրքի Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութենէն շուրջ 100 տարի ետք հայերուն նկատմամբ կատարուած վայրագութիւններուն, ողբերգութեան ու թուրքերուն կողմէ սպանդէն մազապուրծ եղածները փրկելու վերաբերող իրական պատմութիւնները յեղափոխութիւն յառաջացուցած են թրքական մամուլի եւ տեսալսողական բնագաւառին մէջ։ Հայերէն, թրքերէն ու անգլերէն լեզուներով լոյս ընծայուած «100 Տարի Իրական Պատմութիւններ» խորագիրով գիրքին մէջ ամփոփուած իրական պատմութիւնները առանց փոփոխութեան հրապարակուած են «Թարաֆ», «Զաման», «Ռատիքալ», «Տեմոքրաթ Հապեր», «Էւրենսէլ», «Պիանէթ», «Եուրթ», «Թէ. 24» լրատուամիջոցներուն կողմէ։
Գիրքի հայերէն ու անգլերէն տարբերակներու շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 23 Դեկտեմբերին: Գիրքին մէջ, ուր կը պատմուի նաեւ, թէ ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն թուրքեր հայեր փրկած են ջարդերէն, ներկայացուած են 47 յուզիչ պատմութիւններ. գիրքը լոյս տեսած է «Եւրոպական ինտէգրացիա» հասարակական կազմակերպութեան եւ «Արմեդիա» տեղեկատուական, վերլուծական գործակալութեան ջանքերով, Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին եւ համագործակցութեան երկիրներու նախարարութեան օժանդակութեամբ իրականացուող «Թուրքը, որ փրկեց ինձ» ծրագիրի ծիրին մէջ։

«Եւրոպական ինտէգրացիա» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Կարէն Բեքարեան՝ ներկայացնելով ծրագիրը, նշեց, որ արդէն 2011ին «Եւրոպական ինտէգրացիա» կազմակերպութեան կողմէ նախագծուած է ծրագիր մը, որ այն ժամանակ կրած է «Թուրքիայի երկրորդ դէմքը» խորագիրը: «Ծրագրի իմաստն էր փորձել մեր հանրութեան մէջ հաւաքագրել Ցեղասպանութիւն վերապրածների ժառանգների պատմութիւնները, որոնցում յստակ երեւում է օգնող, փրկող թուրքի կերպարը՝ որպէս հարեւան, ընկեր, հարազատ: Մենք փորձեցինք կեանքի կոչել այս ծրագիրը, որի հիմնական եւ ամենակարեւոր նպատակն այն էր, որ չպէտք է մոռացուի այն լաւութիւնը, որ այդ տարիներին արուել է հայերի համար՝ անկախ նրանից լաւութիւն անողը եղել է թուրք, թէ այլ ազգի ներկայացուցիչ: Եւ համատեղ ջանքերի արդիւնքում մենք կարողացել ենք հաւաքել նման 47 պատմութիւններ, որոնք էլ տեղ են գտել այս գրքում: Պատմութիւնները բանաւոր վերարտադրել են Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածների ժառանգները, հարազատները, մտերիմները՝ յենուելով դէպքերի ականատեսների վկայութիւնների վրայ», դիտել տուաւ Բեքարեան:
Ան ընդգծեց, որ ծրագիրին նպատակն է որոշ նպաստ բերել հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան զարգացման ու փոխադարձ վստահութեան կառուցման: «Հաւաքուած իրական պատմութիւնները հայերէն հրապարակուել են «Արմեդիա» տեղեկատուական, վերլուծական գործակալութեան ելեկտրոնային էջում: Պատմութիւնները թուրքերէն հրապարակուել են նաեւ թուրքական 8 յայտնի լրատուամիջոցներում՝ «Թարաֆ», «Զաման», «Ռատիքալ», «Տեմոքրաթ հապեր», «Էւրենսէլ», «Պիանէթ», «Եուրթ», «Թէ. 24», տեղեկացուց Բեքարեան՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ պատմութիւնները տարածելու իմաստով իրենց օգնած է Թուրքիոյ մէջ «tursu.tv production» ընկերութեան ղեկավար, «Թէ. 24» ամսագիրի սիւնակագիր, ազգութեամբ հայ Արիս Նաջը:
Կարէն Բեքարեան նաեւ նշեց, որ լրատուամիջոցներուն մէջ հաւաքուած պատմութիւնները հրապարակելէ ետք որոշում տրուած է զանոնք ներկայացնել նաեւ գիրքով: Ան տեղեկացուց, որ մէկ շաբաթ առաջ Պոլսոյ մէջ եւս տեղի ունեցած է գիրքի թրքերէն տարբերակի շնորհահանդէսը: «Այսօր էլ տեղի է ունենում գրքի հայերէն եւ անգլերէն տարբերակների շնորհանդէսը: Ցանկանում եմ յատուկ շեշտել, որ թէ՛ գրքի թուրքերէն եւ անգլերէն տարբերակներում, թէ՛ թուրքական լրատուամիջոցներով հրատարակուած պատմութիւնները խմբագրական որեւէ փոփոխութեան չեն ենթարկուել եւ ներկայացուել են այնպէս, ինչպէս հայերէն տարբերակում է», նշեց Կարէն Բեքարեան:
«Արմեդիա» տեղեկատուական, վերլուծական գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր Աննա Մկրտչեան, որ նաեւ գիրքի ամբողջական տարբերակի խմբագիրն է, նշեց, որ իրենց համար դիւրին չէ եղած համաձայնութիւն տալ մասնակցելու իրականացման նման ծրագիրի մը, որ կ՛ենթադրէ բարդ եւ պատասխանատու աշխատանք: «Սակայն ի վերջոյ մենք գնացինք այդ քայլին. համաձայնեցինք լծուել այս պատասխանատու եւ շատ կարեւոր գործին: Առաջին հերթին ծրագիրը կարեւորում ենք այնքանով, որ սրանք իրական պատմութիւններ են, որոնցում ներկայացուած են բոլոր այն վայրագութիւնները, որոնք իրականացուել են Ցեղասպանութեան տարիներին, եւ շատ կարեւոր էր, որպէսզի մենք կարողանայինք հաւաքագրել եւ ներկայացնել այդ պատմութիւնները՝ որպէս Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատող եւս մէկ փաստ», նշեց Մկրտչեան:
Գիրքի երեւանեան շնորհահանդէսին ներկայ էր նաեւ «tursu.tv production» ընկերութեան ղեկավար, «Թէ. 24» ամսագիրի սիւնակագիր Արիս Նաջին, որ օգնած է Թուրքիոյ մէջ այս աշխատանքի իրականացման։ Ան ընդգծեց, որ հաւաքուած իրական պատմութիւնները Թուրքիոյ մէջ տարածելու նպատակով մեծ աշխատանք տարուած է, քանի որ բոլոր լրատուամիջոցները չէ, որ կը համաձայնին առանց որեւէ խմբագրական փոփոխութիւններու այդ պատմութիւնները հրապարակել: Ան ընդգծեց, որ այն 8 թերթերու կարգին, որոնք հրապարակած են Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներու իրական պատմութիւնները, կան Թուրքիոյ իշխանութիւններու, ընդդմիութեան կողմնակից, ինչպէս նաեւ ծայրայեղ իսլամական մօտեցումներ ունեցող թերթեր: «Սակայն ի վերջոյ այդ թերթերը համաձայն գտնուեցան մեր հաւաքած պատմութիւնները առանց խմբագրական փոփոխութիւններու հրատարակելու, իսկ մենք բան մը հասկցանք՝ անկարելի բան չկայ: Եթէ մենք մեր նիւթը ճիշդ պատրաստենք եւ կարենանք համոզել, որ ասոնք ճշգրիտ պատմութիւններ են, մենք պիտի ունենանք դրական արդիւնքներ, ինչ որ արդէն կրցանք արձանագրել: Սկիզբը անոնք չէի ուզեր տպել այն ձեւով, ինչպէս որ մենք ներկայացուցած էինք, եւ կ՛ուզէին խմբագրական փոփոխութիւններու ենթարկել, սակայն մենք առարկեցինք եւ պնդեցինք, որ պէտք չէ որեւէ բառ փոխուի, այսինքն՝ եթէ գրուած է Արեւմտեան Հայաստան, ապա այդպէս ալ պէտք է մնայ, եթէ գրուած է Ցեղասպանութիւն, ապա այդպէս պէտք է մնայ: Եւ իբրեւ վերջնական արդիւնք մենք յաջողութեան հասանք եւ կրցանք Թուրքիոյ մէջ բաւական հեղինակութիւն ունեցող թերթերուն մէջ ներկայացնել մեր պատմութիւնները, որոնք մեծ արձագանգ ունեցան», ընդգծեց Արիս Նաջին:
Ան նաեւ յայտնեց, որ իրենց ներկայացուցած պատմութիւնները տպագրած թերթերը Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ենթարկուած են ճնշումներու, գտնուած են թերթեր, որոնց նոյնիսկ երկու օր չէ արտօնուած աշխատիլ։ «Վերջերս ես նամակ ստացայ «Զաման» թերթի խմբագիրէն, որ նոյնպէս ներկայիս իշխանութիւններուն կողմէ ճնշումներու տակ է. նամակին մէջ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէր ինծի՝ փայլուն լրագրութեան համար: Ան կ՛ըսէր, որ ներկայացուած պատմութիւններուն համաձայն չեն իրենք, իրենք այդպէս չեն մտածեր, սակայն նիւթերը այնքան սահուն եւ պարզ եղած են, որ իրենք զանոնք հրապարակած են: «Զաման» թերթը երկու օր մեծ էջերով տպած է մեր պատմութիւնները, որոնք, կրնամ վստահեցնել, որ շուրջ 800 հազար հոգիի կողմէ ընթերցուած են միայն այդ թերթին ճամբով», նշեց ան:
Արիս Նաջին ընդգծեց, որ կարեւոր է նաեւ գտնել Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերու կեանքեր փրկած թուրքերու ժառանգորդները, զրուցել անոնց հետ, գիտնալ, թէ իրենք ի՛նչ կը մտածեն։ «Մէկ շաբաթ առաջ Ստամպուլի մէջ ինծի մօտեցաւ օրտուցի կին մը, ներկայացաւ որպէս Հասան աղայի թոռնիկ եւ ըսաւ, թէ իրենց տան մէջ այդ տարիներուն ապրած է Խաչիկ անունով տղայ մը, որ յետոյ Հայաստան տեղափոխուած է: Ան ինծի կ՛ըսէր, թէ կրնայ ըլլալ, որ մեր հաւաքած պատմութիւններուն հերոսներէն մէկը այդ Խաչիկին թոռն է: Կրնայ ըլլալ կամ ոչ՝ ներկայիս այդ չէ կարեւորը։ Կարեւորը այն է, որ մենք այս պատմութիւններուն շնորհիւ կրնանք ունենալ նոր պատմութիւններ, կրնանք լսել նաեւ հայեր փրկած թուրքերուն յաջորդներուն պատմութիւնները», ընդգծեց ան՝ աւելցնելով, որ այդ կինը զինք հրաւիրած է Օրտու՝ Հասան աղայի տղուն հանդիպելու եւ անոր հետ զրուցելու։
Եզրափակելով խօսքը՝ Արիս Նաջին նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ ասիկա շատ կարեւոր ծրագիր էր՝ յոյս յայտնելով, որ տակաւին կը հաւաքուին նոր պատմութիւններ թէ՛ հայերուն, եւ թէ թուրքերուն կողմէ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.