Ռուս-Թրքական 1914-ի պատերազմի 100-ամեակ
Օսմանեան բանակի թուրք զինուորներ 1914-ին
100 տարի առաջ, Նոյեմբեր 3-ին, օսմանեան բանակը ընդհանուր յարձակողականի ձեռնարկեց ռուս ցարական զօրքերուն դէմ՝ Կովկասեան ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին։
Հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամէնէն սեւ օրը սկսաւ թրքական այդ յարձակումով, որովհետեւ Ռուս¬Թրքական պատերազմի բռնկումն ու հետագայ ծաւալումը հնարաւորութիւնը
ընձեռեցին թրքական պետութեան, որպէսզի գործադրէ իթթիհատական իր իշխանութեանց ծրագրած Հայոց Ցեղասպանութեան ծանրագոյն ոճիրը։
Առաջին Աշխարհամարտը արդէն սկսած էր տարածուիլ Եւրոպայի մէջ, երբ 29 Հոկտեմբեր 1914ին Օսմանեան Կայսրութեան իթթիհատական իշխանութիւնները, ներքին գործոց նախարար Թալէաթի, զինուորական նախարար Էնվերի եւ ռազմածովային նախարար Ճեմալի եռապետութեան որոշումով եւ միակողմանիօրէն պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարեց Ցարական Կայսրութեան դէմ։
Թրքական պետութեան նախայարձակ այդ քայլը ծնունդն էր Օսմանեան Կայսրութեան վերջնական փլուզումը ամէն գնով կանխելու իթթիհատական հիւանդագին հակազդեցութեան։
1911¬12ի Իտալական¬Թրքական եւ 1912¬13ի Պալքանեան պատերազմներէն ու երկու պարագաներուն ալ թրքական զօրքերու կրած ծանր պարտութիւններէն ետք, 1908ի յեղաշրջումով իշխանութեան տիրացած Իթթիհատականները պարտաւոր էին պատասխան տալ իրենց սեփական ժողովուրդին՝ իրենց վարած ռազմատենչ քաղաքականութեան եւ արձանագրած ծանր ձախողութիւններուն համար։ Մանաւանդ որ այդ զոյգ պարտութեանց հետեւանքով եւրոպական պետութիւնները նորովի օրակարգի վրայ բերին, Ցարական Կայսրութեան ճնշումին տակ, Հայկական Հարցին լուծում գտնելու կնճռոտ խնդիրը: Այդպէս, 1914ի Յունուար 26ի Ռուս¬Թրքական համաձայնագրով, ձեռնարկուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին արմատական բարեփոխումներու իրականացման՝ ինքնավար երկու շրջաններ ստեղծելով եւ համապատասխան եւրոպացի կուսակալներ նշանակելով։
Իթթիհատական ղեկավարութեան աչքին միայն նոր ու յաղթական պատերազմ մը կրնար փրկութիւն բերել։ Աւելի՛ն. ընդհանուր պատերազմի մը բռնկումը կրնար ստեղծել Հայկական Հարցէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատելու պատեհութիւնը՝ հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ծրագիրը պետականօրէն գործադրելով։
Թրքական պետութիւնը 1914ի Մարտէն սկսեալ արդէն տենդագին լծուած էր Հայասպանութեան գործնական ծրագրումին ու կազմակերպումին, երբ յանկարծակի պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը եւ արագացուց Իթթիհատական Եռապետութեան սպասած «ոսկի առիթ»ը։
Ցարական Ռուսաստանի դէմ Հոկտեմբեր 29ի պատերազմի պաշտօնական յայտարարութենէն քանի մը օր ետք, Նոյեմբեր 3ին, ռազմական նախարար Էնվեր իր զօրքին տուաւ ռուսական բանակին վրայ յարձակելու եւ պատերազմական գործողութեանց ձեռնարկելու հրահանգը։ Պատերազմի ծաւալումէն ամիսներ ետք, երբ Էնվերի զօրքերը ջախջախիչ պարտութիւն կրած էին, թուրք պետական մեծամտութեան այդ տիպական ներկայացուցիչը ամերիկեան մամուլին պիտի տար հարցազրոյյց մը՝ հետեւեալ հիմնաւորումը տալով Գերմանիոյ կողքին պատերազմի մէջ մտնելու Թուրքիոյ որոշումին.
¬ «Անկասկած աշխարհը դժուարութեամբ կþըմբռնէ, որ Թուրքիան այլեւս նոյնը չէ, ինչ որ նախապէս էր: Այսօր պատերազմ կը մղէ ոչ թէ թրքական կառավարութիւնը, այլ թուրք ժողովո՛ւրդը: Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ռուսաստանի թերթերը շատ կը գրեն այն մասին, որ Թուրքիան պատերազմի մէջ մտաւ Գերմանիոյ օգնելու համար: Ատիկա ճիշդ է այս պահու համար, բայց ոչ այն պահուան վերաբերեալ, երբ մենք սկսած էինք հաւաքագրել մեր ուժերը: Այսօր Աւստրօ¬Հունգարիան եւ Գերմանիան կþօգնեն մեզ, մենք ալ‘ իրենց: Մենք զինուորագրուեցանք, որովհետեւ ուրիշ ուղի չկար: …Ռուսաստանը, նուաճելով մեր տարածքները, կը սպառնար Սեւ Ծովու եւ Կովկասի մէջ, իսկ Անգլիան գործողութիւններ կը ծաւալէր Միջագետքի դէմ ու նաւատորմ էր տեղադրած Տարտանէլի առջեւ: Մենք սպասեցինք եւս մէկ շաբաթ ու յետոյ միայն պատերազմ յայտարարեցինք: Թուրքիան այժմ ունի լաւ պատրաստուած եւ զինուած 2 միլիոննոց բանակ: Մեզ այնքան են զրպարտած, որ հիմա մենք կþուզենք աշխարհին զէնքով համոզել, թէ մենք ազգաբանօրէն մեռած չենք, ինչպէս ոմանք կը պնդեն»: («Ասոշիէյթըտ Փրէս» ¬ 20 Ապրիլ 1915ի թիւը):
Կովկասեան ճակատի վրայ թրքական ռազմական յարձակումին իրականացումը յանձնարարուեցաւ օսմանեան 3րդ բանակին, որ ունէր մօտ 300 հազար զինուոր եւ սպայ: Անոնց դէմ կանգնած էր Ցարական Ռուսաստանի Կովկասյան բանակը, որու զինուորներուն քանակը մէկ երրորդով փոքր էր‘ մօտ 200 հազար:
Արխիւային փաստաթուղթերու համաձայն՝ թրքական 3րդ բանակը ունէր երկուքուկէս ամսուան համար նախատեսուած հաց եւ միս, 18 օրուան գարի, 20 օրուան բրինձ եւ 5 ամսուան շաքար: Դժուարը զինամթերքի հարցին լուծումն էր, որուն պատճառը թրքական զօրքի ունեցած հրազէնի եւ հրետանիի տարբեր տրամաչափի ըլլալն էր, ինչ որ պահեստի շուտափոյթ նորոգման կը խանգարէր: Զինամթերքի մատակարարումը կը դժուարանար նաեւ հաղորդակցութեան ուղիներու երկարութեան եւ անմխիթար վիճակին պատճառով: Մատակարարման հետ կապուած այս հիմնախնդիրները աւելիով սրեցան ռազմական գործողութեանց սաստակացումէն յետոյ: Փաստօրէն, Թուրքիան յարձակման ու պատերազմի ձեռնարկած էր‘ չունենալով համապատասխան մատակարարման բաւարար պաշար։
Այսպէս, Դեկտեմբեր 1914ի վերջերուն եւ 1915ի Յունուարի սկիզբը մղուած Սարիղամիշի պատմական ճակատամարտներու ընթացքին, թրքական 3րդ բանակը փաստօրէն ծանր պարտութիւն կրեց ռուսական Կովկասեան բանակէն:
Թրքական կողմի կորուստը պաշտօնական տուեալներու համաձայն կազմեց 33 հազար սպանեալ, 7 հազար ռազմագերի եւ 10 հազար վիրաւոր:
Պարտութեան պատճառներէն ենթակայական գլխաւոր գործօնը, անկասկած, նոյնինքն ռազմական նախարար Էնվեր փաշայի փառասիրութիւնն էր։
Բայց առարկայական պատճառներուն կարեւորագոյնը ռուսական զօրքին, անոր կազմին մէջ ներառնուած Հայկական Կամաւորական Գունդերուն եւ յատկապէս բարձրագոյն սպայական կազմի մարտական բարձր պատրաստութիւնն ու մարտունակութիւնն էին։
Փաստօրէն Ռուս¬Թրքական Կովկասեան ռազմաճակատը հանդիսացաւ Առաջին Աշխարահամարտի այն միակ ռազմաճակատը, ուր ռուսական բանակը որեւէ պարտութիւն չկրեց:
Սարիղամիշի ճակատամարտին թրքական բանակի կրած այդ ծանր պարտութիւնն էր, որ բառին ծանրագոյն իմաստով հայ ժողովուրդին համար սեւ օրի վերածեց 3 Նոյեմբեր 1914ին սկսած թրքական զօրքին յարձակումը ռուսական բանակին վրայ։
Էնվեր եւ Իթթիհատի ղեկավարութիւնը, իրենց սխալ ընտրանքը սրբագրելու փոխարէն, որոշեցին ամբողջ ահաւորութեամբ ի գործ դնել հայ ժողովուրդի ոչնչացման ցեղասպանական ծրագիրը։
Ն.