Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Բանաձեւը Իրարանցում Յառաջացուցած Է Թուրքիոյ Մէջ


15 Ապրիլին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան պիտի դրուի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր բանաձեւ մը։ Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքին, Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր քաղաքական խմբակցութիւններու կողմէ ներկայացուած միացեալ բանաձեւին մէջ պիտի ըլլան կէտեր, որոնք կրնան մտահոգել Թուրքիան։ Ըստ նոյն աղբիւրին, մինչեւ օրս Անգարան բանաձեւի որդեգրումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ դիւանագիտական քայլեր կատարած է, սակայն ատոնք որեւէ արդիւնք չեն տուած։ 

«Հիւրրիյէթ» կը գրէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան թեման երկար ժամանակ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իրաւական հիմքերու վրայ չէր դրուէր, սակայն այժմ՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի կապակցութեամբ թեման արդէն այլ ձեւաչափի մէջ կը դիտարկուի, եւ շնորհիւ հայկական սփիւռքի հետեւողական ջանքերուն, նոր բանաձեւին մէջ հայկական կողմը բաւարարող կէտեր պիտի ներառուին։

Նոր բանաձեւը պիտի ըլլայ առաւելապէս «քաղաքական ձեւաչափ»-ի մէջ։ Անիկա պիտի աջակցի Հայաստանին եւ Թուրքիոյ կոչ պիտի ուղղէ՝ առերեսուելու անցեալի հետ ու ճանչնալու ցեղասպանութիւնը՝ կատարուածի պատասխանատուութիւնը ձգելով Թուրքիոյ վրայ։

«Իսկ յատկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցելու հոլովոյթի հետ կապելը պիտի ազդէ նաեւ Պրիւքսել-Անգարա փոխյարաբերութիւններու վրայ», կը գրէ «Հիւրրիյէթ»։

Կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիոյ ջանքերուն շնորհիւ որոշումին նախնական տարբերակներուն մէջ կրնան շեշտուիլ «դէպքերու՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունենալու» հանգամանքը եւ «խնդիրը պատմաբաններուն ձգելու» առաջարկը, սակայն փոքր է հաւանականութիւնը, որ այդ արտայայտութիւնները պիտի պահպանուին վերջնական բնագիրին մէջ։

Անցեալ շաբաթ թրքական պատուիրակութիւն մը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած էին թրքական իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխաններ Աֆիֆ Տեմիրքըրանը, Սէյիթ Սերթչելիքը, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Ֆարուք Լողողլուն եւ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխան Եուսուֆ Հալաչօղլուն, Պրիւքսելի մէջ որոշ պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի վերաբերեալ։ Պատուիրակութեան անդամները յատկապէս ընդգծած են Թուրքիոյ պաշտօնական մօտեցումը, այն է՝ «խորհրդարաններու որդեգրած որոշումները չեն կրնար դատարաններու որոշումներուն համարժէք ուժ ունենալ»։ Այդպիսի պատուիրակութիւն մըն ալ նոյն նպատակով Թուրքիայէն Պրիւքսել պիտի մեկնի յառաջիկայ օրերուն։ Սակայն, ինչպէս ինքնին «Հիւրրիյէթ»-ը կը վկայէ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կը տիրէ այն մօտեցումը, որ «վերջին պահուն ձեռնարկուած քայլերը որեւէ փոփոխութիւն չեն կրնար յառաջացնել»։

Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դրուի 15 Ապրիլին։

Կայքը կը յիշեցնէ, որ Եւրոպական խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցնող որոշում մը որդեգրած էր 1987-ին։ Իսկ քանի մը շաբաթ առաջ հրապարակուած յայտարարութեամբ Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներուն կոչ ուղղեց «ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ջանքեր գործադրել՝ ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ»։ Եւրոպական միութեան անդամ 28 երկիրներէն 11-ը արդէն պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.