Վազգէն Շուշանեան եւ Եղեռնը գրելու անկարելիութիւնը


Հայ գրականութեան ամենասուր յարակարծիքներէն մէկը հայկական ցեղասպանութիւնը ապրած գրողներուն Եղեռնը պատմելու անկարողութիւնն է: Այս լռութեան մասին որոշ չափով կÿանդրադառնայ Վազգէն Շուշանեան իր Ալեկոծ Տարիներուն մէջ, ինքնակենսագրական-վերլուծական աշխտանք մը, որ մինչեւ վերջերս իր ամբողջութեան մէջ անտիպ կը մնար եւ հատորի չէր վերածուած, հակառակ անոր որ հեղինակին ամենահասուն գործերէն մէկն է:

      Շուշանեանի կամ ֆրանսահայ գրողներու սերունդը Սփիւռքի գրականութեան ամենէն աշխուժն էր արտերկրի գրականութեան առաջին երկու տասնամեակներուն, սակայն անոնք առաւելաբար կը կեդրոնանան գոյատեւման իրենց ճիգերուն վրայ, ինչպէս Շուշանեանի Մթին Պատանութիւնը եւ Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը, կամ Հրաչ Զարդարեանի Մեր Կեանքը: Անոնք յաճախ ըլլալո՛ւ եւ իրենց նոր անհատականութիւնը-ինքնութիւնը կազմելու ճիգը կÿարձանագրեն, ինչպէս Զարեհ Որբունիի Եւ եղեւ մարդը: Շահնուր պիտի տագնապի իր սերունդի արագ ձուլումով եւ պիտի գրէ Նահանջը առանց երգին: Իսկ այս սերունդէն այդ քիչ փորձերէն մէկը Աղէտին անդրադառնալու‘ Կարապետ Փօլատեանի Արծիւները Անապատին Մէջ խորագրով վէպն է, որ արկածախնդրական վէպերու տպաւորութիւնը կը թողու՝ չկարենալով դէպքին եւ զայն ապրած տիպարներուն խորքը թափանցել: Թերեւս այս պատճառով է, որ Միջին Արեւելքի սերունդէն Անդրանիկ Ծառուկեան իր Հին Երազներ, Նոր Ճամբաներ…ուն մէջ քանի մը տողով կÿարձանագրէ, որ ձեռք չէ զարկած այս նիւթին, վախնալով որ իր ուժերը չեն բաւեր զայն գրականութեան վերածելու: Այսպէս, Ծառուկեան կը խոստովանի. «Կրկին՝ ջարդերը, կրկին՝ անապատը եւ կրկին՝ մղձաւանջային յիշատակներ, մտածումներ, ապրումներ: Ու այն բոլորը՝ որոնք երբեք չեմ մոռնար, բայց որոնց մասին երբեք չեմ փորձած գրել, վախնալով որ կը նսեմանայ այն ինչ որ զարհուրելի էր, անպատմելի էր …» (Ծառուկեան, էջ 116):  Յամենայն դէպս՝ Ծառուկեան երկու տարեկան ըլլալով, Շուշանեանի նման անձնական յիշողութիւններ չունէր Եղեռնէն: Իրը գոյատեւման ճիգն էր, զոր պատմած է Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ հատորին մէջ: Ծառուկեան աւելի ուշ այս փորձառութեան մասին պիտի գրէ Ռուբէն Սեւակի կեանքին նուիրուած Սէրը Եղեռնի մէջ  (1987) վէպին մէջ:

     Աւելորդ չէ այստեղ յիշատակել Շուշանեանը կանխող սերունդէն Երուանդ Օտեանի Անիծեալ Տարիները, ուր 1914-էն 1919 երկարող իր անձնական յիշատակները կը պատմուին: Սոյն գործը հատորի ձեւով լոյս տեսաւ տասնամեակ մը առաջ, Երեւանի մէջ (2004): Օտեանի տարագրուելէ առաջին ամիսներու խուսափումները եւ որոշ զուգադիպութիւններ պատճառ դարձան, որ չմատնուի իր գրչակիցներու ճակատագրին: Ամէն պարագայի, այս գործը հրաշալի վկայութիւն մըն է Ցեղասպանութեան բովէն անցած հայ մարդուն ողբերգական ոդիսականը պատմող:

     Վազգէն Շուշանեան, արդէն իբրեւ հասուն մարդ եւ մտաւորական, կը փորձէ վերլուծել ու հասկնալ այս լռութեան պատճառները, որովհետեւ այս հարցը նաեւ ի՛ր տագնապն է: Ան շարք մը բացատրութիւններ կու տայ, որոնց կÿուզեմ այստեղ անդրադառնալ:

      Ան նախ կարեւոր կը նկատէ վերապրողներու հոգեկան բուժումը, կազդուրման շրջանը: Շուշանեանի բառերով. «Պատերազմի անափ գիշերէն տաժանքով դուրս եկողները, վիրաւորեալ ու սրտաբեկ, նախ ստիպուած էին վերագտնել կեանքի հրճուանքն ու անդորրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլար բաղդատութեան եզր մը հաստատել: Կը կրկնեմ, հարուածը ստացած ժամանակ մարդ կը շշմի ու աւելի յետոյ է միայն, որ մարմինին բոլո՛ր զգայուն մասերով, երբ առողջութեան առաջին նշանները յայտնուին, անորոշ կերպով կը զգայ կատարուածը» (Շուշանեան, էջ  49):  Այս մէկը կը վերաբերի հոգեխոցին  (trauma),  զոր կը զգայ վերապրողը: Կարին Փափազեան-Զոհրապեան կÿանդրադառնայ վերապրողներու սերունդը հարուածած հոգեխոցին (բառը իրն է, իբրեւ համազօր traumatisme psychique յղացքին), առաջին հերթին մատնանշելով սպանդին ստեղծած սարսափելի հարուածը: Սիրելիներու մահը արդէն ահաւոր ցնցում կÿառաջացնէ ենթականերուն մէջ, իսկ այս պարագային անոնց հաւաքական սպանութիւնը, անբնական պայմաններու մէջ կորուստը բնականաբար աներեւակայելի հարուած մը պիտի տար Աղէտէն վերապրողներուն: Լռութիւնը սերտօրէն կÿառընչուի յանցանքի կամ մեղքի զգացումին հետ, զոր գոյատեւած վերապրողը կը տանջէ – ինչո՞ւ ինք ապրեցաւ մինչ անոնք անհետացան (Փափազեան-Զոհրապեան): Սակայն այս տագնապը եւս Շուշանեանի մօտ արձագանգ չի գտներ եւ կը մնայ լռութեան մութ շրջագիծին մէջ, միւս հարցերու կողքին:

          Շուշանեան կը պատմէ Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Պոլիս վերադարձած վերապրողներու գինովութիւնը, որոնք կարծես կը փորձեն ապրիլ ա՛յն, որմէ զրկուած էին չորս ամբողջ տարիներ: Բնականաբար ինք եւ իր սերունդը կը յուսար, որ այս գինովութենէն ետք՝ որոշ տարիներ անցնին, խաղաղութեան շրջան մը բոլորուի, որպէսզի իրենց ապրած ողբերգութիւնը պատմեն: Իր բառերով. «Մարմնական մասնակի խաղաղութիւն մը պէտք է, յարաբերական խաղաղութիւն մը, որպէսզի հին վէրքեը կոտտալ սկսին» (Շուշանեան, էջ 50): Հոս հարցը այն է սակայն, որ տասնամեակ մը կÿանցնի այս բոլորէն եւ լռութիւնը կը շարունակուի: Արդար ըլլալու համար՝ Քեմալական յաջողութիւնը եւ Իզմիրի ջարդը անկարելի դարձուց շատերու համար Պոլսոյ կամ Ռոտոսթոյի մէջ կեցութիւնը, իսկ Ֆրանսայի եւ այլ արտասահմանեան վայրերու մէջ բնակեցումը բնականաբար նոր դժուարութիւններ եւ պատշաճեցման ու յարմարելու մարտահրաւէրներ պիտի ստեղծէր: Շուշանեանի համար առաւել օղակ մը կÿաւելնայ այս դժուարութիւններու կողքին՝ Պոլսէն Հայաստան մեկնումը, եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք՝ հոնկէ դուրս գալը, եւ իր շրջագայութիւնները մինչեւ Ֆրանսա հաստատուիլը:

      Ցեղասպանութեան հետեւանքներէն մէկն ալ գոյատեւողներու տարատեսակ հակազդեցութիւններն են, որոնցմէ մէկը հայութենէ խզումն է (Փափազեան-Զոհրապեան): Շուշանեան եւս կը վկայէ այս մասին ըսելով. «Անտարակոյս մեր սերունդէն բազմաթիւ ուրիշներ սկիզբէն իսկ մերժած են զայն. մերժած են հայ ըլլալու ողբերգութիւնը» (Շուշանեան, էչ 51):

      Կարին Փափազեան կը մատնանշէ նաեւ, որ Աղէտը կը խզէ պատմութեան բնական ընթացքը, կը խզուին «ծննդակարգը, սերնդակապը» (էջ 26), ամէն ինչ կը դառնայ Եղեռնէն առաջ եւ ետք, առաւել՝ հայրենիքը կը դառնայ «իտէալականացուած ու երազային յղացք» (նոյն, էջ 26): Այս մէկը յստակօրէն կրնանք տեսնել Շուշանեանի գործին մէջ. ինչ որ Շուշանեանի մանկութեան եւ Ցեղասպանութիւնը նախորդող շրջանին կը վերաբերի, այսինքն՝ Ռոտոսթոյի տարիներուն, որուն ամենացայտուն կէտը մօրը հետ իր կապն է, լուսաւոր ոլորտի մը մէջ կը դրսեւորուի, մինչդեռ Եղեռնը յաջորդող տարիներուն իր ամբողջ աշխարհը ‘խորշակահարÿ դարձած է, ինչպէս ինք կը բնութագրէ: Այսպէս հարցականները իրարու կը յաջորդեն՝ «Անցեալը պիտի վերադառնա՞ր արդեօք, ապագան պիտի նմանէ՞ր միթէ անցելոյն: Ո՞վ պիտի փոխարինէր մեռելները, ո՞վ պիտի գտնէր կորսուածները: Ո՞վ ի՛նչով պիտի վերսկսէր իր նոր կեանքը» (Շուշանեան, էջ 48-49): Անշուշտ Շուշանեան քաջ գիտէ, որ անցեալը չի կրնար վերադառնալ, իր բոլոր կորուստները, որոնց մէկ մասին անհետացման ականատես եղած է, նոյնպէս չեն կրնար վերադառնալ, ոչ ալ ապագան կրնայ նմանիլ անցեալին, սակայն թերեւս այս բոլորին շրջան մը պէտք ունի վերապրողը՝ գոյատեւելու համար:

       Իրապէս դաժան գոյներով Շուշանեան կը ներկայացնէ իր հոգեվիճակը. «Ոչի՛նչ մնացած է կեանքիս մէջ, որ խորշակահար եղած չըլլայ՝ բայց քանի մը տարիներէ ի վեր է միայն որ սկսած եմ իմ անցելւոյն անդունդը խորաչափել ու գլխու պտոյտ ունենալ …. Տարիներէ ի վեր արդէն՝ անցելոյն ու ներկայի միջեւ կը ճօճիմ՝ վիրաւոր թռչունի մը պէս, որ իր խորտակուած թեւերը կը փորձէ բանալ» (Շուշանեան, էջ 50): Ամէն պարագայի Ցեղասպանութեան տարիներու փորձառութիւնը այնքան ծանր է հոգւոյն մէջ, որ Ալեկոծ Տարիներուն մէջ Շուշանեան բաւական մանրամասնօրէն կը խօսի իր մանկութեան տարիներուն մասին, նոյնիսկ Հալէպի եւ Պոլիս վերադառնալու ճամբուն առընչուած դրուագներ կը պատմէ, սակայն ամբողջական լռութիւն կը պահէ Աղէտին փորձառութեան շուրջ: Հոն տեղի ունեցած իրողութիւնները խաւարի մէջ կը մնան, կարծես թապու է այդ նիւթը, անկարելի է հոն պատահածներուն մասին խօսիլ, նոյնիսկ՝ զանոնք  նշել: Քիչ մը անդին՝ Շուշանեան պիտի խոստովանի. «Չորս մեռել ունիմ ուսերուս վրայ, կÿըսէի մինակս, մէկն եմ որ օրուան մէկ ժամուն կրնայ այդ տաժանելի բեռը զգալ: Երկար ատեն չէի համարձակեր այդ խօսքը գրի առնել, այնքան խոր էր անոր արձագանգը հոգւոյս մէջ» (Շուշանեան, էջ 51,  ընդգծումը՝ մեր կողմէ): Ուսերուն վրայ չորս մեռել ունենալու իրողութիւնը եւ տարիներով չկարենալ արձանագրելու իրողութիւնը ինքնին պերճախօս է այստեղ:  Չի՛ կրնար խօսիլ Աղէտը, չի՛ կրնար գրել զայն, իսկ Ցեղասպանութեան արհաւիրքին հետզհետէ աւելի կը գիտակցի եւ անցեալի անդունդը խորաչափելով՝ գլխապտոյտ կÿունենայ, այսինքն՝ այս ողբերգութիւնը օրէ օր աւելի կը ճնշէ իր վրայ: Ի՛ր իսկ յայտարարութեամբ՝ Եղեռնին խորշակը ամէն ինչ այրած է իր կեանքին մէջ եւ ինք խորտակուած թեւերով կը ճօճուի անցեալին եւ ներկային միջեւ: Ինչպէս կը տեսնենք՝ գիտակցումի հանգրուանը հարուածներէն ետք կու գայ, այդ տարիներու տեսածին, ապրածին ու կորուստներու ցաւերուն կը յաջորդէ: իտակցումը ներքին ու արտաքին դէպքերու վերլուծական աշխատանք մըն է, զորս կը կատարէ ենթական, եւ անոր ահաւոր, անպարփակելի տարողութիւնը բնականաբար գլխա-պտոյտ կը պատճառէ իրեն:

          Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ ժամանակի հեռաւորութիւնը կենսական է. ո՛չ միայն կարեւոր է այդ շփոթահար, հարուած ստացած վիճակէն դուրս գալու եւ հոգեկան հաւասարակըշռու-թիւնը գտնելու առումով, այլեւ Աղէտին հետ հեռաւորութիւն ստեղծելու ու աւելի առարկայական մօտեցումով զայն հասկնալու ու դատելու համար:

       Երկրորդ հիմնական առարկութիւնը կրնայ քիչ մը տարօրինակ թուիլ, որովհետեւ Շուշանեան իր սերունդի ուժերէն վեր կը նկատէ նման աշխատանքի մը իրագործումը: Իր բառերով. «Հարկ չէ մոռնալ նաեւ, որ հսկաներու սերունդ մը չէ մերինը ու ժամանակի դիմաց անցեալը սեւեռելու այդ դաժան բեռը խիստ ծանր է մեր ուսերուն վրայ»: Այս սերունդը Մենքի սերունդն էր, որ այդքան ինքնավստահ իջած էր հրապարակ՝ նոր խօսք ըսելու առաջադրանքով, եւ իսկապէս նոր հորիզոններու բացուած էր՝ յաճախ նախորդ սերունդին հակադրուելով, սակայն իր ամէնէն աշխոյժ մէկ անդամը նման աշխատանք մը իրենց ուժերէն վեր կը նկատէ: Այսուհանդերձ կը յուսայ, որ ժամանակի ընթացքին իրենք կարենան «մասնակի վկայութիւններ բերել» Ցեղասպանութեան փորձառութենէն:

      Սակայն չկարենալ գրելու հիմնական պատճառը նման անսահմանելի աղէտներուն դիմաց մարդկային մտքին լռութիւնն է, որուն դիմաց ոչ միայն ի՛ր սերունդին ներկայացուցիչները, այլեւ նախորդ սերունդէն աւելի գրական փորձ ու շնորհք ունեցող տաղանդներ չեն կրնար խօսիլ, զայն գրել, անոր գեղարուեստական մարմին տալ: Շուշանեան կը գրէ, «Անբուժելի ու խորունկ վէրքերը կը նախընտրեն լռութիւնը, որ մեծավայելուչ ու լուրջ է: Մեծ վշտերը լեզու չունին: Նոյնիսկ ոսկեբարբառ բանը երբեմն սրբապղծութիւն կը թուի» (Շուշանեան, էջ 50-51): Ան քիչ անդին կը խոստովանի, որ պատմելու փորձէ մը ետք նախադասութեան մը մոխիրը մնացած է շրթներուն վրայ, քիչ մը նման այս վախին, որ Ծառուկեան կÿարտայայտէր, ըսելով որ չի գրեր այս մասին, վախնալով որ զայն կը նսեմացնէ: Երկու պարագաներուն ալ՝ Եղեռնը պատմելու անկարելիութիւնը կը տեսնենք, որ այլեւս իրենց ներաշխարհին մաս կը կազմէ, անբուժելի ու խորունկ վէրք մըն է, որ ներքնապէս կը հարուածէ զիրենք: «Մեծ վշտերը լեզու չունին» եւ «կը նախընտրեն լռութիւն» դրսեւորումները ինքնին կը մատնեն անկարելութիւնը աղէտը գրելու: Այս մեծ լռութեան կը հանդիպինք միշտ եւ կը փորձենք հասկնալ զայն: Շուշանեան առ նուազն որոշ բացատրութիւն մը կու տայ այս երեւոյթին:

 Յարութիւն Պէրպէրեան

 Աղբիւրներ՝

Ծառուկեան, Ա. (1960). Հին երազներ, նոր ճամբաներ …, Պէյրութ, Մեխակ հրատ.:

Շուշանեան, Վ. (2014). Անիծեալ տարիներ. Մոնթրէալ, Համազգային հրատ.:

Փափազեան-Զոհրապեան, Կ. (2012). Մտորումներ հայոց ցեղասպանութեան պատճառած հոգեխոցին եւ անոր փոխանցման մասին, Հորիզոն բացառիկ, Ապրիլ, էջ 25-26:     


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.