Երկաթուղի՝ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն Միջեւ


Դրմբոն

Հայկ Խանումեան կը գրէ.

Դեռ երկու տարի առաջ, խօսելով Արցախի զարգացման մասին, կարեւոր կը համարէինք Արցախը Հայաստանի մարզերուն կապող երկրորդ ճանապարհի կառուցման խնդիրը: Այդ ժամանակ քննադատութիւնը ուղղուած էր Ստեփանակերտի օդակայանի հարցով Արցախի իշխանութիւններուն անարդիւնաւէտ քայլերուն: Հսկայական ծախսեր կատարելէ ետք հայկական կողմերը չկրցան իրականացնել օդանաւներու թռիչքներ դէպի Ստեփանակերտ: Այդ գումարները կարելի էր ներդնել Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհին վրայ, որուն համար, արդէն երկրորդ տարին է` կ՛ուղղուին «Հայաստանէ համահայկական հիմնադրամի հաւաքած գումարները:

Ընդունելով հանդերձ, որ ճանապարհի կառուցումը մեծապէս պայմանաւորուած է հանքարդիւնաբերութեան զարգացմամբ եւ Մարտակերտի շրջանի հանքերը շահագործող ընկերութիւններու շահագրգռուածութեամբ, պէտք է փաստենք, որ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը զարգացման լրացուցիչ խթան պիտի դառնայ Արցախի Նոր Շահումեանի եւ Մարտակերտի շրջաններու բնակավայրերուն համար` բնակիչներուն հնարաւորութիւն տալով կրճատել իրենց երթեւեկութեան ծախսերը Հայաստանի այլ բնակավայրերու հետ իրենց տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ, մեծցնելու է Արցախի զբօսաշրջային ներուժը եւ պիտի նպաստէ ճանապարհի երկայնքով սպասարկման ոլորտի նոր աշխատատեղերու ստեղծման:

«Հայաստանէ համահայկական հիմնադրամը աչքի յայտնի է մեծ ծրագիրներու ֆինանսաւորմամբ, Արցախի կենսական ենթակառուցուածքներու կառուցմամբ եւ արդիականացմամբ: Ժամանակն է, որ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհին զուգահեռ սկսի Արցախի մէջ երկաթուղային ցանցի կառուցումը: Հայկական երկաթուղին կ՛աւարտի Գեղարքունիքի մարզի եւ Արցախի Նոր Շահումեանի շրջանի ճիշդ սահմանին` Սոթքի մէջ: Երկաթուղիի կառուցումը կ՛ենթադրէ մեծ ծախսեր: Լուրջ եւ յաւակնոտ ծրագիր է, սակայն Արցախի տնտեսութեան զարգացումը այլընտրանք չունի, քան երկաթուղային կապով Հայաստանի ցանցին միանալը: Հայաստան համահայկական հիմնադրամի յետագայ տարիներու հաւաքուելիք գումարը արժէ ուղղել այս գաղափարի իրականացման: Թէկուզ փոքր քայլերով, տարեկան 10-15 քմ.-ով, 3-4 փոքրիկ կամուրջի կամ թունելի կառուցմամբ, աստիճանաբար պէտք է կեանքի կոչենք այս ծրագիրը: Սկզբնական փուլին երկաթուղին կրնայ երկարիլ մինչեւ Դրմբոն կամ Մաղաւուզ (ուր կան համապատասխանաբար ոսկիի եւ քարածխի հանքավայրեր): Երկաթուղիի կառուցմամբ մեծապէս հետաքրքրուած է արցախեան հանքարդիւնաբերութիւնը, որ կրնայ լրացուցիչ գումարներ գտնել այս ծրագիրին համար: Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը բաւական խոցելի է հանքարդիւնաբերութիւնը սպասարկող գերծանր բեռնատարներուն համար, եւ կարճ ժամանակի մը մէջ մայրուղին կրնայ վնասուիլ, ինչպէս տեղի ունեցաւ Արցախի Հիւսիս-հարաւ մայրուղու Կիչան-Դրմբոն հատուածին հետ:

Հայութեան ջանքերուն քիչ մը համախմբման պարագային յառաջիկայ 8-10 տարւոան մէջ հնարաւոր կ՛ըլլայ Սոթք-Դրմբոն երկաթուղիի 90-100 քմ.-ոց հատուածի կառուցումը, ինչ որ նոր որակ կը հաղորդէ Արցախի զարգացման հեռանկարներուն:

Civilnet.am


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.