Արցախի Տիգրանակերտի Մէջ Վաղքրիստոնէական Դամբարան Յայտնաբերուած Է
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Պատ-մական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, 25 Յունիսէն Տիգրանակերտի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Համլէտ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ վերսկսած են Արցախի Տիգրանակերտի պեղումները: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութենէն: Հնագիտական աշխատանքները տեղի կ՛ունենան երեք հիմնական տեղամասերու մէջ՝ Ամրացուած թաղամասի հիւսիսային պարսպապատ, Անտիկ առաջին թաղամաս եւ Վաղքրիստոնէական հրապարակի հիւսիսային բակ: Պեղման ներկայ մակերեսը շուրջ 500 քառակուսի մեթր է, միջին խորութիւնը՝ 2.5 մեթր:
Տիգրանակերտի մէջ արդէն արձանագրուած է առաջին ու կարեւորագոյն յայտնագործութիւնը, որ նորաբաց երկրորդ եկեղեցւոյ արեւելեան խորանին տակ պեղուող վաղ քրիստոնէական դամբարանն է: Անիկա ունի արեւմուտք-արեւելք ուղղուածութիւն, համարեա քառակուսի դամբարանասրահ, թաղակապ ծածկ, հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն մէջ ներկառուցուած են մասունքները տեղադրելու յատուկ երկայնքին խորշեր: Ամբողջ կառոյցը յայտնաբերուած է սրբատաշ մեծ սալերով՝ ամուր կրաշաղախի օգնութեամբ: Հաւանաբար այս յուշարձանը Աղցքի արքայական դամբարանի եւ Ամարասի Գրիգորիսի դամբարանէն ետք լաւ պահպանուած երրորդ կառոյցն է՝ հայկական վաղքրիստոնէական մշակոյթին մէջ: Պեղումներուն իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ վաւերացնել այս տեսակի կառոյցի մը նոր յօրինուածքը, ինչպէս նաեւ պիտի փաստագրուին եւ պատմական իրական հիմերու վրայ դրուին 5րդ դարու երկրորդ կէսի Հայաղուանքի արքայ Վաչագան Բարեպաշտի կրօնական բարեկարգութեան իսկական ընթացքն ու մանրամասնութիւնները:
Կարեւոր նկատելով դամբարանի յայտնաբերումը՝ զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութիւնը ներկայիս կը քննարկէ նորայայտ յուշարձանի ամրակայման եւ պահպանման աշխատանքներու կարեւորութիւնը: