«Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ պահանջատիրութեան հարցերու բարձրացումը ամբողջ հայութեան խնդիրն է», կ՚ըսէ Սաֆրաստեան
Թրքագէտ, Հայաստանի հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման ու պահանջատիրութեան հարցերու բարձրացումը կը համարէ համայն հայութեան խնդիրը։
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին թրքագէտը նշած է, որ այդ լուրջ աշխատանքը պէտք է կատարուի համաձայն հայութեան ջանքերով՝ համակարգուելով Հայաստանի հանրապետութեան կողմէն։ «Համայն հայութեան ջանքերը պիտի պահանջուին, որովհետեւ մենք գործ ունինք պետութեան մը հետ, որ չի ճանչնար, կը կեղծէ Ցեղասպանութիւնը եւ ոչ մէկ նշան ալ կայ, որ պիտի ճանչնայ զայն։ Թուրքիան ուժեղ պետութիւն է, Միջին Արեւելքին մէջ իր դիրքերը ունի, մեզի համար դժուար պիտի ըլլայ, սակայն պէտք է անցնինք այդ ճանապարհը։ Ատիկա մեր պարտքն է միլիոնաւոր զոհերու յիշատակին առջեւ», ըսաւ Ռուբէն Սաֆրաստեանը։ Թրքագէտի համոզումով՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին մէջ, որ աւելի կը թէժանայ 100-ամեակի նախօրեակին, պէտք է յոյսը միայն մեր վրայ դնենք։
«Մենք՝ Հայաստանը, Սփիւռքը, պէտք է համատեղ գործունէութեամբ տարբեր բնագաւառներու մէջ կարելի եղածին չափ շատ աշխատինք, որպէսզի աշխարհը աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնէ այս խնդիրին։ Աշխատանք, որ ոչ միայն աշխարհը տեղեակ ըլլայ, որովհետեւ շատերը նոյնիսկ չեն ալ գիտեր Հայոց ցեղասպանութեան մասին, այլ՝ կարողանանք ուժեղացնել մեր պահանջատիրութիւնը», նշեց ան։
Ռուբէն Սաֆրաստեան բնական կը համարէ պահանջատիրութեան տարբեր մօտեցումներու գոյութիւնը ։
«Մարդիկ կան, որոնք ատիկա կ՚ընեն զգացական տեսանկիւնէն, մարդիկ կան ոչ զգացական ձեւով կը դատեն։ Ընդհանուր առմամբ՝ հայութեան պահանջը, ես կը կարծեմ, մէկ պէտք է ըլլայ՝ դատապարտում եւ պահանջատիրութիւն։ Շատ տարբեր ձեւեր կրնան ըլլալ. մարդիկ պիտի ըլլան, ովքեր պահանջատիրութիւնը պիտի ընկալեն Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան փաստի ընդունում, դատապարտում եւ ներողութիւն խնդրել», կ՚ըսէ ան:
«Ես պահանջատիրութիւնը այլ կերպ կ՚ընկալեմ։ Առաջին քայլը պէտք է ըլլայ իմ կողմէս արդէն նշուած տարբերակը, որուն պէտք է յաջորդեն այլ քայլեր, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը, ըլլալով մարդկութեան դէմ ծանրագոյն յանցագործութիւն, միայն այն ժամանակ պիտի դատապարտուի, երբ ատոր հետեւանքները վերցուին», ըսաւ Սաֆրաստեանը՝ աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներէն մէկը մեր հայրենազրկումն է։
«Հայոց ցեղասպանութիւնը, ի տարբերութիւն Ողջակիզումին, հայրենազրկող ցեղասպանութիւն է», կը հաստատէ թրքագէտը։
Ռուբէն Սաֆրաստեանի խօսքով՝ հայրենիքի վերադարձման քանի մը բաղադրիչ կայ. ատիկա կ՚ենթադրէ հազարաւոր մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներու վերականգնումը, որ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին մէջ իւրացուած ու ոչնչացուած է Թուրքիոյ կողմէ։
«Ատիկա կը նշանակէ նիւթական, ֆինանսական փոխհատուցում այն կորուստներուն դիմաց, որ 1.5 միլիոն հայեր կորսնցուցած են՝ շարժական ու անշարժ գոյք։ Ատիկա կը նշանակէ մեր տարածքային կորուստներու վերադարձ», նշեց Ռուբէն Սաֆրաստեան։