Մարսիլիոյ հայ գաղութը այսօր
Մարսիլիա եթէ մէկ կողմէ Ֆրանսահայութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկն է, միւս կողմէ ալ, անկասկած, արեւմտեան Եւրոպայի ամենէն «կայացած» ու հնագոյն հայ գաղութներէն մին կը սեպուի։ Մասնաւորաբար վերջին 30-40 տարիներուն՝ մեծ ճիգեր ի գործ դրուեցան, որպէսզի Մարսիլիա դառնայ հայկական բաբախուն սիրտ մը, ու հոն ապրող բազմահազար Հայերը կարենան վառ ու կենդանի պահել իրենց ինքնութիւնն ու ազգային արժէքները։ Հաւատաւոր դէմքեր, որոնք օր մը իբրեւ գաղթական ոտք դրեր էին Մարսիլիոյ նաւահանգիստը, տասնամեակներ ետք դարձան գաղութին ազգային կարիքներուն հիմնական մատակարարները՝ նիւթապէս թէ բարոյապէս։
Այդպիսի դէմք մըն էր վանեցի Արծրուն Ջրբաշեանը, որուն իշխանական նուիրատուութեամբ 1977-ին կառուցուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց մայր եկեղեցւոյ կից Ս. Սահակ-Մեսրոպ Մշակութային Կեդրոնը, որ տրոփող սիրտը դարձաւ գաղութին։ Այս նոյն կեդրուին զուգահեռ, կեանքի կոչուեցաւ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբն ալ, որ Խաչիկ Եըլմազեանի ղեկավարութեամբ շատ պատուաբեր ներկայութիւն մըն է Մարսիլիոյ ծոցին մէջ, 1978-էն ի վեր։
Աւելի հինէն կուգար ՀԲԸՄ-ը, որ ունի իր կեդրոնատեղին։ Գործօն ուժեր են Կապոյտ Խաչն ու ԺԱՖ-ը (Ֆրանսահայ Երիտասարդութեան Միութիւն), ՀՅԴ Նոր Սերունդն ու ՀՄԸՄ-Արծիւը, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Միութիւնը (իր սեփական համալիրով), բայց մանաւանդ՝ Հայ Մշակոյթի տունը (հիմ.՝ 1976-ին), որուն երկյարկանի շէնքը տարուան գրեթէ բոլոր եղանակներուն կը նմանի մեղուի փեթակի…։ Շատ մը կազմակերպութիւններ կը բանեցնեն շաբաթօրեայ դպրոցներ։ Մամլոյ կալուածին մէջ Մարսիլիա մնացած է վատոյժ գաղութ մը։ Փորթուքալեանի «Արմէնիա»էն ետք՝ յիշատակութեան արժանի հայերէն ուշագրաւ թերթեր գրեթէ չկան։ Միայն ֆրանսերէն «Armenia» ամսագիրն է, որ բախտաբեր ներկայութիւն մը եղած է գաղութին մէջ, 1970-ական թուականներէն մինչեւ 1989, աւելի քան 15 տարի։ Այս սիրուն մակազինին հիմնադիրը հանդիսացած է Ֆրանսացի մը՝ Անտրէ Կիրոնէ, իր հայազգի կնոջ օժանդակութեամբ։ Աւելի ուշ՝ «Armenia»ի ղեկը ստաձնած է տեղածին հայ երիտասարդներու աշխոյժ խմբակ մը։
Իսկ դպրոցնե՞ր։
Երկար տասնամեակներ Մարսիլիա չունեցաւ իր ամէնօրեայ ազգային վարժարանը, այսինքն՝ այն «կանթեղ»ը, որուն ակնարկեր էր Շաւարշ Միսաքեան 1931-ին։
Ստեփան Պօղոսեան, «պատմութեան առջեւ մեղանչած չըլլալու համար»՝ իր գիրքին 388-րդ էջին վրայ կու տայ հետեւեալ վկայութիւնը.
– Վաթսունական թուականներուն ՀԲԸՄիութեան բարերար նախագահ պր. Ալեք Մանուկեան 500.000 ամերիկեան տոլարի պատկառելի գումարով մը կ՚առաջարկէր Մարսէյլի մէջ կառուցանել իր կողակիցին՝ Մարի Մանուկեանի անունը կրելիք վարժարան մը։ Բայց Մարսէյլի Բարեգործականի այն ատենուան ղեկավար շրջանակներուն համար շատ աւելի հեշտ էր թէյասեղաններով ու պարահանդէսներով, նաեւ փոքրիկ միօրեայ դպրոցով բաւարարուիլ եւ «ազգապահպանում» խաղալ, քան ամէնօրեայ դպրոցի մը շինութեան տաղտկալի գործին լծուիլ։ Եւս առաւել, ատոր մատակարարութեան հոգը ստանձնել։ Թեհրանցիները աւելի յանդուգն եւ նախաձեռնող գտնուեցան, եւ «Մարի Մանուկեան վարժարան»ը ի վերջոյ կառուցուեցաւ Պարսկաստանի մայրաքաղաքին մէջ…
Բարեբախտաբար, Ալեք Մանուկեանի դպրոցաշարէն առաջարկին մէկ այլ տարբերակը իրականացուց Համազգայինը, 1980-ին Մարսիլիոյ մէջ բանալով իր ճեմարանին առաջին դասարանը… լոկ 4 աշակերտներով։ Բայց տեսիլքն ու գործը յաջողեցա՛ն։ Մարսիլիոյ գաղութին համար անփոխարինելի այս վարժարանը հիմա արդէն տէրն է սեփական գեղակառոյց շէնքի մը եւ ունի մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական երկարող դասարաններ, 250-ի չափ աշակերտներով։ Այլ խօսքով, անիկա Ֆրանսայի հայկական ամէնօրեայ դպրոցներէն միակն է՝ որ կ՚ապահովէ նախահամալսարանական դպրոցական ծրագիրը ամբողջապէս։
Մարսիլիոյ իր սեփական յարկին տակ, երախտաշատ աշխատանք կը տանի նաեւ ԱՐԱՄ կեդրոնը (ողբացեալ Կարպիս Քէօսէեանի կողմէ կեանքի կոչուած), որ հետազօտութիւններու ու վաւերագրումի հաստատութիւն մըն է։ Զորօրինակ, այս կեդրոնին ջանքերով, վերջին տարիներուն թուայնացւած են հայերէն թանկարժէք բազմաթիւ գիրքեր եւ հանդէսներ, նաեւ՝ Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին հաւաքածոները։
Մարսիլիա, Միջերկրականի ափին, Միջին Արեւելեան երկիրներուն իր մօտիկ դիրքով՝ կրնայ աւելի՛ն տալ հայութեան։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ