Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս Կրեց Իր 8-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը


aracin_10917f

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Տիք Մըհտիի իր դաշտին վրայ Շանվիլ, որ հիւրընկալեց Հուփսը, արձանագրեց 80-73 արդիւնքով յաղթանակ մը (16-17, 37-40, 56-56 եւ 80-73):

Հուփսի համար ասիկա եղաւ յաջորդական 8-րդ պարտութիւնը, մինչ Շանվիլ արձանագրեց իր 3-րդ յաղթանակը:

Շանվիլէն Փաթրիք Ռեմպըրթ նշանակեց 32 կէտ, մինչ Հուփսէն Վլատան Վուքոսավլեւիչ` 23 կէտ:

Նշենք, որ այսօր որեւէ մրցում չկայ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.