Մոնտիալին Մասնակցող Խումբերուն Թիւը 32-էն Կրնայ Բարձրանալ 48-ի


world-cup_10917

Այսօր` երեքշաբթի, 10 յունուարին, Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի պիտի ունենայ ՖԻՖԱ-ի յատուկ խորհրդաժողովը:

Միջազգային մամուլին հաղորդած տեղեկութեան համաձայն, 2026-ի մոնտիալին մասնակցող խումբերուն թիւը 32-էն կրնայ բարձրանալ 48-ի:

Կը նշուի, որ այդ 48 խումբերը պիտի բաժնուին 16 խմբակի, այսինքն իւրաքանչիւրը` 3 խումբ: Փլէյ-օֆի տոմսերը պիտի ապահովեն իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւողները:

Նշենք, որ խումբերուն թիւը բարձրացնելու գաղափարը յղացաւ ՖԻՖԱ-ի նորընտիր նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.