Լիբանանեան Ֆութպոլ. Կիրակի, 8 Յունուարին` Ահլի Նապաթիէ – ՀՄԸՄ


Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 8 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի հարաւ, ուր Քֆարժոզի դաշտին վրայ հիւրը կ՛ըլլայ Ահլի Նապաթիէի:

ՀՄԸՄ, որ երթի իր մրցումները աւարտեց 8-րդ դիրքին վրայ` ապահովելով 14 կէտ, իր ամէն կարելին պիտի ընէ դարձի մրցումներուն ամէն գնով առաւելագոյն կէտերը խլելու իր մրցակիցներէն` դասաւորման մէջ վերելք արձանագրելու համար:

Կ՛ակնկալուի, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը առաւելագոյն 3 կէտով վերադառնան Պէյրութ:

Ստորեւ` Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ՈՒՐԲԱԹ, 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռիատա Ուալ Ատապ – Մապարրա 14:15 Թրիփոլի
ՇԱԲԱԹ, 7 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Շեպիպեթ Մազրաա – Իսլահ Պըրժ Շիմալի 14:15 Սաֆա
Շապապ Ղազիէ – Սաժես 14:15 Քֆարժոզ
ԿԻՐԱԿԻ, 8 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Ահլի Նապաթիէ – ՀՄԸՄ 14:15 Քֆարժոզ
Նասեր Պար Էլիաս – Ամալ Մաարաքէ 14:15 Խիարա
Ահլի Սայտա – Շապապ Արապի 14:15 Սայտա


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.