Արթուր Սարգիսով Հեռացաւ Մորտովայէն


sarkisov_1417

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով հեռացաւ Սարանսքի Մորտովայէն, հաղորդեց ակումբին պաշտօնական կայքը:

Կը նշուի, որ երկու կողմերը համաձայն գտնուած են խզել իրարու միջեւ ստորագրուած պայմանագրութիւնը:

Խումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգիսովին` անոր մաղթելով յաջողութիւն, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին շարունակման մէջ:

29 տարեկան Սարգիսով, որ նախորդ տարի միացած էր Մորտովային, Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.