Արամ Ա. վեհափառ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի հետ

 

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը սուրիահայութեան զօրակցութեան լաւագոյն արտայայտութիւնը դրսեւորեց հովուապետական այցելութիւն շնորհելով իր հօտին: Արդարեւ, վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքէն յատուկ պատուիրակութեամբ նախ ուղղուեցաւ մայրաքաղաք՝ Դամասկոս, Չորեքշաբթի, 4 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, պաշտօնապէս հանդիպելու համար Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահին՝ Պաշշար ալ Ասատին:

Սուրիական սահամանին, Արամ Ա. Կաթողիկոս դիմաւորուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Ժիրայր Րէիսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ճորճ Շահինեանի, Թեմի Երեսփոխանական ժողովի անդամ՝Կարօ Իւզպաշեանի եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիգրան Պետրոսեանի կողմէ: Շքախումբը շարունակեց իր երթը Սուրիոյ Պաաս կուսակցութեան կեդրոնատեղին, ուր յանուն նախագահին դիմաւորուեցաւ կուսակցութեան օգնական քարտուղարին՝ Հիլալ Հիլալի կողմէ: Վեհափառ կաթողիկոսը իր պատուիրակութեամբ յատուկ մտերմիկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ:

Ապա, շքախումբը մեկնեցաւ նախագահական պալատ եւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպումը։ Աւելի քան ժամ մը տեւած ջերմ ու սրտբաց հանդիպման ընթացքին, վսեմաշուք նախագահը խօսեցաւ Սուրիոյ վերջին հինգ ու կէս տարուան ներքին կացութեան եւ տագնապին մասին՝ ապահովական ու քաղաքական երեսներով, ինչպէս նաեւ լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին վերջին շրջանին տեղի ունեցած ներքին թէ արտաքին զարգացումներուն մասին։ Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը ողջունեց Հալէպէն ներս խաղաղութեան վերահաստատումը եւ մաղթեց, որ ամենամօտիկ ապագային բովանդակ Սուրիոյ տարածքին ամբողջական խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատուի։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ընդհանրապէս շրջանէն ներս եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ տարածքին Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ժխտական եւ քանդիչ դերակատարութեան։ Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ շեշտեց ու յոյս յայտնեց, որ երկրէն ներս բարեկարգումի ու վերականգնումի գործընթացը շուտով սկսի, որուն գործուն մասնակցութիւն պարտին բերել բոլոր համայնքները, իսլամ, քրիստոնեայ ու մասնաւորաբար՝ հայ համայնքը։ Այս իմաստով վսեմաշուք նախագահը բարձր գնահատեց սուրիահայ քաղաքացիներուն դերակատարութիւնը տագնապի ողջ տեւողութեան, ընդգծեց անոնց կապուածութիւնը Սուրիական Հայրենիքին եւ զոհողութեանց գնով անոնց յանձնառութիւնը:

Հանդիպումի վերջաւորութեան, վեհափառ հայրապետը յատկապէս յիշեց բոլոր նահատակները. «Անոնց նուիրական արիւնով Սուրիան աւելի զօրաւոր եւ սուրիացի ժողովուրդը աւելի վճռակամ պիտի շարունակէ նորոգութեան ու վերականգնումի իր ընթացքը», ըսաւ վեհափառը, ան նաեւ շուտափոյթ ապագինում մաղթեց վիրաւորներուն։ Պատմական հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ լաւագոյն բարեմաղթութիւններով, գոհունակութեան արտայայտութիւններով եւ յիշատակի լուսանկարով: Երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը խորհրդակցական հանդիպումներ ունեցաւ դամասկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ վերականգնումի նիւթին առնչութեամբ պատկերացումներու քննարկումը շարունակուեցաւ հաւաքական ընթրիքի սեղանին շուրջ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.