Ալիեւ Անընդունելի Կը Համարէ Արցախի Տագնապի Լուծման Ձգձգումը


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ուրբաթ, Ապրիլ 12ին, Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի շրջանաւարտներու միջազգային համաժողովին առջեւ ելոյթ ունենալով՝ նոյն հիմնարկի շրջանաւարտ եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանի ապահովութեան գլխաւոր սպառնալիքն է:
Ալիեւ պնդեց, թէ ըստ միջազգային իրաւական սկզբունքներու՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնի: «Լեռնային Ղարաբաղը եւ անոր շրջակայ տարածքը պէտք է վերադարձուի անոր, որ միջազգային իրաւունքին համաձայն կը հանդիսանայ անոնց տէրը: Մենք կը փորձենք այս ազդակը մաս դարձնել բանակցային գործընթացին, սակայն հակառակ կողմը շարունակաբար կը ձգձգէ այդ գործընթացը»:
Նախագահին համաձայն՝ «այսօր անընդունելի է հակամարտութեան կարգաւորման ձգձգումը»: «Հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի Հելսինքիի եզրափակիչ համաձայնութեան դրոյթներուն եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի 4 բանաձեւներուն հիման վրայ: Մենք, իբրեւ միջազգայնագէտներ, գիտենք, որ շարք մը բանաձեւներ կը կազմուին միայն քանի մը ժամուան ընթացքին, իսկ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ ցուցաբերուած երկակի մօտեցումը չի բարձրացներ միջազգային կազմակերպութիւններուն, ներառեալ՝ ՄԱԿի հեղինակութիւնը», եզրակացուցած է Ալիեւ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.