Մէյնի Խորհրդարանն Ու Ծերակոյտը Կը Ճանչնան Արցախի Անկախութիւնը


«Արմինիըն Ուիքլի» կը հաղորդէ, թէ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10ին, Մէյնի Նահանգային խորհրդարանն ու Ծերակոյտը վաւերացուցած են միացեալ բանաձեւ մը, որ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու կողքին՝ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւններուն եւ Քոնկրեսին, որ «նեցուկ կանգնին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին ու անոր ժողովրդավարական անկախութեան»:
Բանաձեւը կը շեշտէ, թէ Ուաշինկթըն պէտք է «շինիչ մասնակցութիւն բերէ ռազմավարականօրէն կարեւոր այդ տարածաշրջանին մէջ արդար ու երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու աշխատանքին»:
Բանաձեւը ներկայացուած էր Սքաթ Հեմընի կողմէ, իսկ զայն համահովանաւորած էին Ա. Մ. Կեթինն ու Ս. Կիտիոնը:
«Հպարտ եմ, որ նահանգս՝ Մէյնը, նեցուկ կը կանգնի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորշման իրաւունքին, ապահովելու համար անոր ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ անկախութիւնը: Կը յուսամ, որ այլ նահանգներ եւս կը հետեւին մեր օրինակին», ըսած է հեղինակ ու իրաւաբան Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ՝ յիշեցնելով, որ Մեսեչուսեց (Օգոստոս 6, 2012ին) եւ Ռոտ Այլընտ (Մայիս 17, 1012ին) նահանգները արդէն իսկ նման բանաձեւներ վաւերացուցած են: Մէյնի Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչներէն Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ, որ նաեւ Պաքուի ջարդերէն վերապրող մըն է, այս բանաձեւի իրականացման համար գործակցած էր Հեմընի հետ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Միշել Յակոբեան դրուատեց Մէյնի նահանգային խորհրդարանի ու Ծերակոյտի այս քայլը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բանաձեւի վաւերացման համար աշխատանք տարած Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.