Հալէպի Մէջ 4 Հայ Զոհ, որոնց շարքին քոյր եւ եղբայր

 

Հալէպի Շտապ օգնութեան մարմինը տեղեկացուց, թէ այսօր առաւօտեան ծանրօրէն վիրաւորուած Միրէյ Հինտոյեան կեանքին հրաժեշտ տուած է։ Միրէյը Արման Հինտոյեանին քոյրն է։ Հինտոյեան ընտանիքին դուստրն ու մանչ զաւակը զոհ գացին բարբարոս ահաբեկիչներու անմարդկային արարքներուն։

Շտապ օգնութեան մարմինը յայտնեց նաեւ, թէ Յասմիկ Կիրակոսեան-Պէրէճիքլեանը ոչ թէ 4-րդ այլ՝ 3- րդ զոհն էր, որուն ինքնութիւնը յստակ չէր։ Ներկայ տուեալներով Հալէպի մէջ արձանագրուած է 4 զոհ, 7 վիրաւոր։ 7-րդ վիրաւորը Մարի Կարապետեանն է, որ թեթեւակիօրէն վիրաւորուած ու դուրս եկած է հիւանդանոցէն։

Հայ զոհերու անուններն են․

1- Արման Հինտոյեան
2- Ծիլա Ճապաղջուրեան

3-Յասմիկ Կիրակոսեան-Պէրէճիքլեան

4-Միրէյը Արման Հինտոյեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.